Մոսկուա Հիասթափութիւն Կը Յայտնէ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Վերականգնումէն

08 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու վերականգնումը ուղղուած է հիւլէական գործարքի վիժեցման եւ խոր հիասթափութիւն կը յառաջացնէ Մոսկուայի մէջ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան երէկ հրապարակած մեկնաբանութեան մէջ:

«Խորապէս հիասթափուած ենք Իրանի դէմ իրենց ազգային պատժամիջոցները վերականգնելու Միացեալ Նահանգներու քայլերէն», նշած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Ամերիկեան սահմանափակիչ քայլերու առաջին թղթածրարին կիրարկումը ուղղուած է Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի գործադրութեան վիժեցման: Այդ ծրագիրէն Ուաշինկթըն միակողմանի կարգով դուրս եկած է 8 մայիսին»:

«Ատիկա Ուաշինկթընի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2231 բանաձեւի խախտումի գործելաոճի շարունակման, միջազգային իրաւունքի արժեչափերու ոտնահարման ցայտուն օրինակն է», ընդգծած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Ամերիկեան պատժամիջոցներու առաջին մասը վերականգնուած է 7 օգոստոսի կէս գիշերին: Անոնք կը վերաբերին Իրանի ինքնաշարժներու մարզին, ինչպէս նաեւ ոսկիի եւ այլ մետաղներու առեւտուրին: Հակաիրանեան պատժամիջոցներու երկրորդ մասը կը նախատեսուի, որ ուժի մէջ մտնէ 5 նոյեմբերին:

aztagdaily.com/archives/404323

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail