Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նոր Հայաստանը

07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԸ ԵՒ ՆՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ:

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ

Հանրայայտ պատմաքաղաքական իրողութիւն է, որ 1920-ին Սեւրի վեհաժողովը տեղի կ՛ունենար միջազգային թէ շրջանային առումով չափազանց հակասական, տարաբնոյթ եւ քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւններու լոյսին տակ:

Մէկ կողմէ Ա. Աշխարհամարտի դաժան պայմանները, միւս կողմէ` 1917-ի հոկտեմբերին այլեւս անկանխատեսելի քաղաքականութիւններու երկիր դարձած Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղաշրջումը, որ ամբողջ տարածաշրջանը կը մատնէր դժնդակ կացութեան:

Ա. Աշխարհամարտը կը հասնէր իր աւարտին, պարտուած Թուրքիան ենթակայ էր մեծերու դատավճիռին:

1918 հոկտեմբերին երիտթրքական կառավարութիւնը հրաժարեցաւ: Լուծուեցաւ երկիրը ղեկավարող Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը:

Նոյեմբերի սկիզբը դաշնակիցներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ Մուտրոսի զինադադարը:

Թրքական բանակները քաշուեցան անդրկովկասեան տարածաշրջանէն:

Փաստօրէն Ա. Աշխարհամարտը իր աւարտին կը հասնի դաշնակիցներու յաղթանակով եւ Թուրքիոյ պարտութեամբ:

Խաղաղութեան եւ հաշտութեան համաժողովը տեղի կ՛ունենայ ուրեմն Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ: Դաշնագիրի ստորագրութեան կը մասնակցին` Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան, բոլորը: Պաշտօնապէս կը հրաւիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի: Ներկայ կ՛ըլլան օսմանեան Թուրքիոյ իթթիհատական կառավարութեան ներկայացուցիչները:

Սեւրի դաշնագիրը միջազգային քաղաքական վաւերական այն թուղթն է, մեծ պետութիւններու եւ պարտուած Թուրքիոյ միջեւ կնքուած միակ փաստաթուղթը, որով պաշտօնական ճանաչում կը ստանան միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիայէն անոր ունեցած արդար ու լիիրաւ պահանջները:

Տուեալ դաշնագիրով Հայաստանի տարածքը կը դառնար 161 հազար քառակուսի քիլոմեթր, ինչ որ ի վիճակի կը դարձնէր աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը այդ տարածքին վրայ եւ այլ քաղաքակիրթ ազգերու կողքին կ՛ապահովէր հայութեան անվտանգութիւնն ու անկաշկանդ զարգացման եւ ստեղծագործութեան շարունակութիւնը:

Արդարեւ, Հայաստանի պատուիրակութեան խնդրանքին ընդառաջելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն յանձն կ՛առնէր հովանաւորել եւ իր աւարտին հասցնել այս գործը:

Սոյն դաշնագիրը ստորագրուեցաւ, եւ բոլոր դաշնակից պետութիւններու համաժողովը այսպիսով հռչակեց միացեալ, անկախ եւ ազատ Հայաստան:

Սեւրի դաշնագիրին Հայաստանի վերաբերող վեց յօդուածները հետեւեալներն են. յօդուածներ` 88, 89, 90, 91, 92 եւ 93:

Սակայն հիմնականին մէջ պէտք է լուսարձակի տակ բերել յօդուած 89-ը, ուր կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանադիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշումին խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահի որոշումով Հայաստանի ծով իջնելուն եւ վերոյիշեալ սահմանին յարակից բոլոր օսմանեան հողերը զինուորապէս չէզոքացնելու մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւններուն:

Հայկական հարցին` Սեւրի դաշնագիրին պատմական ամէնէն մեծ ծառայութիւնը այն էր, որ աշխարհը պաշտօնապէս ճանչցաւ իր հայրենիքին` Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի իրաւաքաղաքական իրաւունքները:

Այսօր, Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութենէն 98 տարիներ ետք, 161.000 տարածքէն մնացած է միայն Արդի Հայաստանի Հանրապետութեան 29.000 քառակուսի քիլոմեթր եւ Արցախի ազատագրուած տարածքը:

Այսօր Հայաստանը, 1991-էն ի վեր, վերստին անկախացած է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերստին միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամ է` փոխադարձ պարտականութիւններով եւ պարտաւորութիւններով, Հայաստանը ՄԱԿ-ի անդամ է, Հայաստանը անդամ է նաեւ ՀԱՊԿ-ի, ԵԱՏՄ-ի, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական յանձնախումբի, ինչպէս նաեւ` Եւրոպական անվտանգութեան եւ համագործակցութեան Հելսինքիի 1975-ի եզրափակիչ փաստաթուղթի 10 պարբերութեան, որուն համաձայն, միջազգային ընտանիքի անդամներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները լուծելու համար կը թելադրէ միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները անվարան կատարել:

Հետեւաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային իրաւաքաղաքական հիմունքներով ի վիճակի է ցանկացած մէկ պահուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի եւ միջազգային միւս բոլոր կազմակերպութիւններուն ուշադրութեան յանձնել, որ Թուրքիան կը խուսափի կատարել Ուիլսընի իրաւարար վճիռով ստանձնած պարտաւորութիւնները, այսինքն` հայ-թրքական հողային եւ սահմանային խնդիրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդման, հզօրացման, հեղինակութեան եւ անվտանգութեան համար անհրաժեշտ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները, սահմանային խնդիրները փոխադրել իրաւական հարթակ եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն տալ իրաւաքաղաքական լուծումներ:

Պէտք է ճշդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները` մեկնելով Հայաստանի եւ համայն հայութեան անվտանգութենէն, որուն խարիսխը կը հանդիսանայ Սեւրի դաշնագրի իրաւաքաղաքական տարողութիւնը եւ ռազմաքաղաքական նշանակութիւնը:

Այդ իսկ պատճառով մենք լիայոյս ենք, որ նոր Հայաստանի իշխանութիւններու վարած արտաքին քաղաքականութեան կալուածին մէջ կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը կը հանդիսանայ Սեւրի յղումը, Սեւրի դաշնագիրի արծարծումը եւ վերակենդանացումը:

Մենք լիայոյս ենք, որ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած ողջունելի քաղաքական իրադարձութիւնները եւ իշխանափոխութիւնը միանշանակ հասկնալիօրէն պիտի ծառայեն վերոնշեալ մտորումներուն. այլ խօսքով, մենք լիայոյս ենք, որ կը ծառայեն ու կը նպաստեն ազգային համախմբուածութեան եւ միասնականութեան, եւ ոչ թէ հատուածապաշտութեան եւ արտաքին միջամտութիւններու ճնշումին տակ փորձեն միջազգային որոշ կազմակերպութիւններու հիմնադրամներու ֆինանսաւորումով մեր հասարակութիւնը տարբեր շերտերու դասակարգել կամ ճեղքել, պառակտել:

Լիայոյս ըլլալով եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնելով, որ նոր Հայաստանի իշխանութիւնները յաջողին իրենց առաքելութեան մէջ, առնուազն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ան ուղղակի մասնակից է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական նոր իրականութեան մէջ իր երկու նախարարներով ու մարզպետներով, մենք անվերապահօրէն կողմնակից ենք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութիւնը զարգացնելու, երկիրը բարեկարգելու, պետական համակարգը արդիականացնելու, փտածութեան դէմ պայքարը շարունակելու, պետական չարաշահումները եւ իւրացումները բացայայտելու, սակայն զուգահեռաբար կ՛ակնկալենք, որ ներկայ իշխանութիւնները նոյն վճռակամութեամբ ամրապնդեն ու պաշտպանեն ազգային արժէքային համակարգը, աւանդութիւնները, պատմութիւնը, մշակոյթը, ազգային առաքելական եկեղեցին, ազգային հերոս կերպարները, որովհետեւ այդտեղ է յաջողութեան միակ գրաւականը եւ երաշխիքը:

Եւ ոչ թէ ժողովրդավարութեան եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան անունին տակ հայրենի հասարակութիւնը զիրար հակադրելով` ներմուծենք այնպիսի օտար բարքեր եւ արժէքներ, որոնք կրնան ջլատել, պառակտել եւ տկարացնել հասարակութիւնը, հայ ընտանիքը եւ պահանջատէր մեր ժողովուրդին արդար պատմաքաղաքական իրաւունքներու գործընթացը:

Հայաստանի Հանրապետութեան բախտորոշ քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները ապահովաբար պիտի ծառայեն հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի ամբողջական վերականգնման, եւ ոչ թէ միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու հիմնադրամներու ֆինանսաւորումներով ծրագիրներու իրականացման: Մանաւանդ այս փուլին, երբ ամբողջ տարածաշրջանի անկայունութեան եւ պատերազմի վերսկսման սպառնալիքը առկայ է` ի տես մեր հարեւան ռազմատենչ Ազրպէյճանի ախորժակներուն, նկրտումներուն, սպառազինութեան եւ կատարած օրական զինադադարի խախտումներուն, ինչին դիմակայելու լաւագոյն ձեւաչափը ներազգային կայունութեան, անդորրութեան եւ համայն հայութեան միասնականութեան առկայութիւնն է:

Նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ պրն. Փաշինեան Պելճիքա իր այցելութեան` ՕԹԱՆ-ի ժողովներու եւ հանդիպումներու միջոցին կատարած իր յայտարարութիւններէն մէկուն մէջ կ՛ըսէր. «Քանի որ պատերազմի վերսկսման վտանգը միշտ առկայ եղած է, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այդպիսի զարգացումներու»: Աւելի ուշ, տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական լարուած իրավիճակի մասին ակնարկելով, 15 յուլիսին դարձեալ Հայաստանի վարչապետ պրն. Փաշինեան կ՛ըսէր, որ` «պէտք է պատրաստ լինենք հակահարուած տալու»: Այս իմաստով բարացուցական են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի 23 յուլիսի կատարած շարք մը յայտարարութիւնները, յատկապէս երբ կ՛ըսէ. «Ապրիլեան յարձակումին բեմագրութեան կրկնութեան պարագային, հայկական կողմը կրնայ չխուսափիլ իր ամբողջ զինանոցի օգտագործման գայթակղութենէն»: Այդ իսկ պատճառով, այսօրուան գլխաւոր հրամայականը համայն հայութեան համախմբուածութիւնն է` ազգ, պետութիւն, իշխանութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւններ` ի խնդիր համազգային ընդհանուր ուժերու լարումին եւ համապատասխան պատրաստուածութեան:

Արդարեւ, վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ գօտիի Արէնի գիւղի Նախիջեւանի հատուածին մէջ ռազմատենչ Ազրպէյճանի զինուորական ոտնձգութիւնները իրապէս կը սպառնան ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան:

Այդ իսկ պատճառով մեր պաշտպանուածութիւնը մեր ազգային անփոխարինելի անվտանգութեան ռազմավարութեան մէջ է. հետեւաբար, ինչ կ՛ուզեն` թող ըլլան տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական սադրանքները, կարեւորը մենք որոշենք, թէ մենք ի՛նչ կ՛ուզենք:

Այսուամենայնիւ, մենք համոզուած ենք, որ նոր Հայաստանի իշխանութիւնները, ի խնդիր Հայաստանի եւ հայութեան անվտանգութեան, այսօր ոչ միայն կառչած կը մնան արեան գնով ձեռք բերուած պատմական յաղթանակներուն` արցախեան հերոսական պատերազմի ընթացքին, այլեւ կը սպասենք, որ ատոնք ամրագրուին գետնի վրայ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ազգային քաղաքական մարտավարութեամբ եւ գործօն դերակատարութեամբ, արցախեան ռազմաճակատներու վրայ արձանագրուած յաղթանակները քաղաքական միջազգային ճանաչումով եւ արդար կարգավիճակի մը լուծումով:

Վերջապէս, Սեւրի դաշնագրին վերադառնալով, իրապէս Սեւրի արծարծումը եւ հետապնդումը կը զօրացնէ Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն ռազմաքաղաքական դիրքերը, կը զօրացնէ տուեալ սահմաններուն եւ լեռներուն վրայ դիրքերը պահող մեր բանակայինները, ազատամարտիկներուն կորովը, տրամադրութիւնները, կը յուշէ անոնց, որ իրենք առանձին չեն այդ սրբազան խրամատներուն մէջ, այլ իրենց թիկունքը կանգնած է համայն հայութիւնը եւ նոր Հայաստանը:

Արդարեւ, անժամանցելի են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի հետեւեալ խօսքերը. «Մենակ ենք ու պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու, թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:

horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail