Ուաշինկթըն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Իր Ուժերը Հեռացնելու Աբխազիայէն Եւ Հարաւային Օսեթիայէն

09 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ Մոսկուային կոչ ուղղեց` «իր ուժերը Վրաստանի մէջ Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն հեռացնելու մինչեւ 2008-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութեամբ ճշդուած դիրքերը»:

«Նշեալ երկու շրջանները մաս կը կազմեն Վրաստանին եւ ոչ թէ Ռուսիոյ», նշեց ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ Վրաստանի գերիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ հողային ամբողջականութեան»:

Յիշեցնենք, որ օգոստոս 2008-ին տեղի ունեցաւ ռուս-վրացական հնգօրեայ պատերազմը, որ աւարտեցաւ Ռուսիոյ յաղթանակով: Պատերազմէն ետք Ռուսիան ճանչցաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը:

aztagdaily.com/archives/404512

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail