«Իրանի Հետ Ուժանիւթի Ընթացող Առեւտուրը Պիտի Շարունակուի» Կ՛ըսէ Տէօնմեզ

09 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ յայտարարեց. «Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ուժանիւթի ընթացող առեւտուրը պիտի շարունակուի, երկու կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւններուն համաձայն»:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը Իրանէն տարեկան 9,5 միլիառ խորանարդ բնական կազ կը գնէ, եւ Անգարայի ու Թեհրանի միջեւ գոյութիւն ունեցող առեւտրական յարաբերութիւնները օրինական են` աւելցնելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական սերտ յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 2026:

«Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները միայն Միացեալ Նահանգներու կողմէ է, եւ Եւրոպական Միութիւնը շատ նեղացած է Թեհրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներէն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու որոշումը միակողմանի է, մենք օրէնքներուն չհակասող առեւտուր կ՛ընենք Իրանի հետ»:

Նշենք, որ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն առաջին մասը վերականգնուեցաւ 7 օգոստոսի կէս գիշերէն սկսեալ:

Միւս կողմէ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները, շեշտեց. «Փեքին միակողմանի պատժամիջոցներուն դէմ է»:

«Իրանի հետ առեւտրական գործակցութիւնը չ՛ոտնահարեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումները», նշեց նախարարութիւնը:

aztagdaily.com/archives/404490

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail