09 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
7 օգոստոսին Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Ուաշինկթըն, ըստ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ին, լուծելու համար Թուրքիոյ մէջ ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի կալանաւորման հարցով ստեղծուած լարուածութիւնը: Սակայն պատուիրակութեան մէջ Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներու կողքին ելեւմուտքի նախարարութենէն ներկայացուցիչներու ներկայութիւնը կու գայ վկայելու, որ նշեալ պատուիրակութիւնը պիտի փորձէ նաեւ այլ խնդիրներ լուծել:
Հարցը այն է, որ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները խիստ նեղ կացութեան մատնած են Թուրքիան, որ իր քարիւղի սպառումին շուրջ կէսը կ՛ապահովէ Իրանէն, եւ վերջինիս հետ անոր առեւտուրի ծաւալը 2017-ի տուեալներով 10,7 միլիառ տոլար է: Թուրքիոյ քարիւղի եւ բնական կազի երկրորդ աղբիւրը Ռուսիան է, որուն դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները արդէն դժուարութեան մատնած էր թրքական տնտեսութիւնը:
Ամերիկեան պատժամիջոցները ճնշումի տակ կ՛առնեն թրքական տնտեսութիւնը: Անոնք նախ եւ առաջ կը սպառնան վառելանիւթի գիներու բարձրացում յառաջացնել: Թրքական լիրան արդէն սկսած է տոլարին դիմաց մրցանշային արժեզրկումի ենթարկուիլ: Միեւնոյն ժամանակ, շրջանառութեան մէջ դրուած են թրքական տնտեսութեան վերաբերեալ բացասական տեղեկութիւններ, ինչպէս Ոսկիի միջազգային խորհուրդի այն յայտարարութիւնը, թէ թրքական կեդրոնական դրամատան մօտ Թուրքիոյ ոսկիի պահեստը Անգարայի յայտարարածէն 39,3 առ հարիւրով փոքր է, ինչպէս նաեւ Սքանտինաւիոյ մեծագոյն դրամատուներէն «Նորտէա»-ի վարչական խորհուրդի նախագահ Թետ Ռոլսթի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամը վերահսկողութենէ դուրս կու գայ:
Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներուն դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները թէեւ խորհրդանշական էին, սակայն ներդրողներու եւ ընդհանրապէս տնտեսական շուկայի դիւրազգացութեան պատճառով շուտով ժխտական արձագանգ ստացան թրքական տնտեսութեան ոլորտին մէջ:
Այս բոլորը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան վրայ: Էրտողանի շնորհիւ մեծ շահեր ապահոված վերնախաւին ու շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ լայն հասարակութեան մօտ դժգոհութիւն պիտի յառաջանայ, եւ բնականաբար պիտի ազդէ Էրտողանի ժողովրդականութեան վրայ, ինչ որ իշխանափոխութեան առաջին քայլն է: Իրողութիւն մը, որ կը յառաջացնէ հետեւեալ հարցումը. արդեօք թրքական տնտեսութեան քայքայումը նպատա՞կ է, թէ՞ հետեւանք: Թերեւս հաւասարապէս երկուքը:
Անգարան առաջին օրէն իսկ յայտարարեց, թէ Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն պիտի չհետեւի, սակայն Թրամփ այժմ կը յայտարարէ. «Իրանի հետ առեւտուր կատարող ոեւէ մէկը մեզի հետ առեւտուր պիտի չկատարէ»: Ստեղծուած կացութիւնը կը յուշէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ամբարտաւանութիւնը պիտի ունենայ ողբերգական աւարտ մը, եթէ անշուշտ Թրամփ, ըստ իր սովորութեան, շրջադարձ մը չկատարէ:
aztagdaily.com/archives/404513