09 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ա.
Անկասկած, ինչ որ կատարուեցաւ ու կը կատարուի Հայաստանի մէջ կը յուզէ մեզ բոլորս։ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, ինչպէս որակուեցաւ ան, հիմնական փոփոխութիւն մը յառաջացուց ժողովուրդի հոգեբանութեան մէջ, եւ ասիկա մեծագոյն իրագործումն է, որովհետեւ անկէ կախում պիտի ունենայ հետագայ ամեն ինչը։
Արդարեւ եւ իրաւամբ «Հայաստանում տեղի է ունեցել մթնոլորտի փոփոխութիւն» յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վայոց ձորի մարզպետարանին մէջ, շեշտելով, որ «պետական ծառայութիւնը պէտք է լինի իրօք ծառայութիւն, ոչ թե արտօնութիւններ ունենալու, չարաշահումներ անելու հնարաւորութիւն»։
Շարունակական, իրերայաջորդ հետաքննութիւնները, պաշտօնանկութիւններն ու կալանաւորումները,– սկսելով ամենէն աչքառու անձնաւորութիւններէն,– կ՚ենթադրեմ կը միտին առաջին հերթին հաստատելու վարչապետի այդ յայտարարութեան զոյգ նախադասութիւններու հիմնադրոյթը եւ ժողովուրդին հաւաստիացնելու անոնց նկատմամբ իր յանձնառութիւնը։ Խօսքը կը վերաբերի հայրենի ժողովուրդին, բայց նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան։
Մեղաւորներուն նկատմամբ առնուող ու առնուելիք իրաւական քայլերը եթէ կրնան այդ հաւաստիացումը կատարել ու վստահեցնել ՀՀ բնակչութեան, որ բան մը փոխուած է ու պիտի փոխուի հայրենի նեխած իրականութեան մէջ, այդ միջոցառումները անպայման նոյն եղանակով ալ չեն ազդեր սփիւռաքահայութեան վրայ ու անմիջապէս չեն յառաջացներ վստահութեան այն մթնոլորտը, որ կենսական է, որպէսզի Հայրենիք-Սփիւռք կարենան անվերապահ կերպով գործակցիլ, մէ՛կ զգալ, ինչպէս ուզեցինք զգալ ի սկզբանէ, մեկնելով զգացական հիմքերէ, աչք գոցելով ու անտեսելով ցաւալի իրականաթիւնը։
Չեմ ուզեր ըսել, որ սխալեցանք, չեմ ուզեր մեղադրել մեզ կամ նսեմացնել մեր հայրենապաշտութիւնը, սակայն իրականութեան մութ էջերու բացայայտումը առաջին հերթին Սփիւռքի մէջ այսօր կրնայ յառաջացնել անվստահութեան մթնոլորտ մը, նուազագոյնը վերապահութիւն մը, որ շատերուս մէջ պիտի ստեղծէ «սպասէ-տեսնենք»-ի տրամադրութիւն մը, որ իր կարգին ժխտական հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ։ Վարչապետին կամ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու վերոյիշեալ կամ անոնց նման յայտարարութիւնները բաւարար պիտի չըլլան ցրուելու համար այդ անվստահութիւնն ու վերապահութիւնը։
Այս տեսակէտէն ամենէն անխնայ հարուածներէն մէկը հանդիսացաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէնի կատարած չարաշահումներու բացայայտումը։ Ի վերջոյ սփիւռքահայերէն շատ շատեր իրենց խնայողութիւններու յետին լումաները յատկացուցեր էին հայրենիքին օգնութեան հասնելու համար, ըլլա՛յ երկրաշարժի ատեն, ըլլա՛յ սահմանները պաշտպանող մեր նահատակ հերոսներու ընտանիքներուն կարիքներուն հասնելու, ըլլայ սահմանամերձ գիւղերու զարգացման ծրագրերուն, ըլլայ այլ ու այլ բարեսիրական նպատակներու համար։ Սխալ չհասկցուիմ, բացայայտումը ճի՛շտ էր, բայց անոր սխալ մեկնաբանումէն պէտք է խուսափիլ՝ ա՛լ աւելի վերապահ դառնալով հայրենակերտումի գործին մեր մասնակցութեան տեսակէտէն։ Կ՚արժէ այստեղ մէջբերել այս առթիւ Հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գրասենեակի յայտարարութեան եզրակափակիչ պարբերութիւնը. «Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի առաքելութիւնը դադրած չէ եւ չի՛ կրնար դադրիլ: Հայաստանի ու Արցախի պէտքերը հսկայական են: Լոկ անհատի մը անխոհեմ արարքը չի կրնար նսեմացնել այս պատկառելի կազմակերպութեան վիթխարի նուաճումները, ոչ ալ կասկածի տակ պէտք է դնէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման մէջ անոր ունեցած անհաշուելի դերը»:
Համաձա՛յն։
Բայց բոլոր յայտարարութիւններէն անդին, նոյնիսկ բոլոր (յաճախ խորհրդանշական) պատժիչ միջոցառումներէն ալ անդին, չենք կրնար հարցեր չտալ մենք մեզի ու հայրենի իշխանութիւններուն։
Այդ հարցերէն առաջինը՝ մինչեւ ո՞ւր,– մինչեւ ո՞ր մակարդակը,– կարելի է հետապնդել ու պատժել իրենց դիրքերը չարաշահած ու ազգային սեփականութիւնը իւրացուցած ոճրագործները։ Ունի՞նք միջոցները, դատական եւ տնտեսական՝ այդ հետապնդումները կատարելու համար։ Իսկ ինչպէ՞ս պիտի ապահովենք, որ չկրկնուի այդ գործելակերպը։ Ի վերջոյ տնտեսական բաւարար միջոցներ են պէտք, մարդավայել աշխատավարձքեր են պէտք, որպէսզի մարդիկ՝ հասարակ ժողովուրդի անդամները, կարենան իրենց ընտանիքները պահել ու արժանապատիւ ապրիլ։ Կաշառատւութեան ու կաշառակերութեան հիմնական պատճառը ասիկա է, որ երկրի տնտեսական զարգացման սերտօրէն առնչուած մեծ խնդիր է։
Երկրորդ հարցը որ չենք կրնար չտալ, այն է՝ եթէ իրապէս մթնոլորտը փոխուած է ու պիտի փոխուի, մարդիկ մէջտեղ պիտի գա՞ն ու խոստովանի՞ն, որ սխալեր էին։ 70-ամեայ խորհրդային կարգերը փլան, քանի՞ հոգի, Հայաստան թէ այլուր, խոստովանեցաւ, թէ սխալեր էր։ Իսկ իրապէս փլա՞ն այդ կարգերը,– որոնց ընթացքին էր, որ նեխածութիւնն ու փտածութիւնը արմատ նետեցին մարդոց հոգիներուն մէջ,– թէ՞ կը շարունակեն գոյատեւել առերեւոյթ տարբեր վարչական տեսքով։
Այդ բոլշեւիկեան տիրապետութեան ամբողջ տեւողութեան Սփիւռքը մնաց Հայրենիքի,– գլխագի՛ր Հայրենիքին,– կողքին, վարչակարգ ու իշխանութիւն չշփոթելով հայոց պետականութեան ու հողին հետ, նոյնիսկ ամենէն դժխեմ օրերուն՝ մեզ պառակտելու միտող հսկայ ճիգերուն դէմ-յանդիման։
Երրորդ հարցումն ալ, ուրեմն այն պիտի ըլլայ, թէ այժմ արդէն մեր ազգի երկու երրորդը կամ նոյնիսկ երեք չորրորդը հանդիսացող սփիւռաքահայութիւնը պիտի կարենա՞յ իր խօսքը ունենալ Հայրենիքի կառավարման ու զարգացման մէջ, լսելի՛ դարձնել այդ խօսքը, անկախ անկէ, թէ ո՛վ է վարչապետը կամ ո՛վ է նախագահը այսօր կամ ովքե՛ր պիտի ըլլան վաղը։
Այս մասին ալ մտածենք։
Բ.
Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները անցան մի քանի փուլերէ Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր։ Այդ փուլերը յստակ բաժանումներ չունեցան, մէկուն առանձնայատկութիւններէն շատերը շարունակուեցան միւսին մէջ, կուտակուեցան իրարու վրայ։
Հասկնալի էր առաջին օրերու խանդավառութիւնը Սփիւռքի մէջ, որքան երկրին մէջ, եթէ նոյնիսկ անկախութեան բարիքները չզգացուեցան անմիջապէս, յատկապէս ժողովուրդի չքաւոր մեծամասնութեան մօտ. հայկական Եռագոյնին բարձրացումը ՀՀ կառավարութեան շէնքին վրայ, մանաւանդ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին առջեւ, չէր կրնար անտարբեր ձգել սփիւռքահայութիւնը, որուն համար անիրականալի թուող երազի մը իրացումը կը հանդիսանար ատիկա, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք, որ ատկէ երեք տարի առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժը հայրենիքի հանդէպ ստեղծած կամ ամրացուցած էր գթասրտութեան, օգնութեան հասնելու բացառիկ մթնոլորտ մը։
Անկախութեան առաջին տարիներուն, սակայն, հայրենիք այցելող կամ գործուղուող սփիւռքահայեր մատնած էին առկայութիւնը գերադասութեան բարդոյթի մը՝ հայրենի ժողովուրդէն աւելի գիտակ, աւելի հմուտ, աւելի փորձառու ըլլալու, յառաջացնելով ժխտական հակազդեցութիւն մը ու որոշ չափով ալ մերժողական կեցուածք մը։
Այդ կեցուածքը թերեւս պատրուակ գործածելով, գուցէ նաեւ արտաքին ճնշումներու արդիւնք չէ՞ր միթէ առաջին իշխանութիւններուն որդեգրած «Մեր գործին մի՛ խառնուիք, դուք ձեր՝ Սփիւռքի հարցերով զբաղեցէք, ձգեցէք, որ մենք ալ մե՛ր հարցերով զբաղինք» կեցուածքը՝ ոչ միայն, սակայն յատկապէս ՀՅԴ նկատմամբ, հասնելով մինչեւ զայն հալածելու եւ գործունէութիւնը խափանելու արարքներուն։ Ազգային աւանդական կառոյցներուն դէմ որդեգրուած այդ քաղաքականութիւնը,– ոչ շատ տարբեր խորհրդային օրերու քաղաքականութենէն,– ունեցաւ իր քանդիչ հետեւանքները անոնց շարքերուն վրայ, մանաւանդ ՌԱԿ-ի՝ Սփիւռքի մէջ, ուր ամենէն աւելի պէտք ունէինք մեր ամբողջական ներուժին՝ Հայաստանի աջակցելու համար։
Այդ թոհուբոհին մէջ, մանաւանդ մեր ուշադրութեան կեդրոնացումով Արցախի ճակատին վրայ՝ հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու եւ Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու համար, մենք՝ Սփիւռքը, թերացանք մեր ձայնը բարձրացնելու եւ արգելք հանդիսանալու համար,– ինչ որ մեր ուժերէն ու հասողութենէն վեր էր անկասկած,– ՀՀ տնտեսութեան քանդումի ու պետական գոյքի կողոպուտի եւ իւրացման («սեփականաշնորհման») այն շարժումին, որ իրացուեցաւ իշխանութեան հասած պատեհապաշտներու եւ նախկին վարչակարգի իսկ օրերէն նոյն անօրինական ձեւերով արդէն իսկ հարստացած «չինովնիկ»ներու (պետական պաշտօնեաներու) կողմէ։
Այդ երեւոյթին հանդէպ մեր հանդուրժողականութիւնը, կամ՝ առժամաբար լուռ մնալը, թէկուզ ի շահ երկրի ապահովութեան, սուղի նստաւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին։ Որքան ալ որ յաջորդ իշխանութիւններու օրօք նեխածութեան դէմ պայքարի ապարդիւն որոշումներ տրուեցան, անօգուտ մարմիններ կազմուեցան, չարիքը գործուած էր, եւ երկար ատեն մենք պիտի կրենք անոր հետեւանքները։ Դժբախտաբար անաշխատ եկամուտ ունենալու ձգտումը, ընչաքաղցութիւնը, սեփական շահը հաւաքական շահէն վեր դասելու մեղքը, կաշառատւութիւնը՝ այլազան օգուտներ, ինչպէս բարձրագոյն վկայական, համբաւ, պաշտօն, նոյնիսկ բժշկական խնամք ձեռք ձգելու համար, ու կաշառակերութիւնը՝ վերէն բաւարարելու համար վարէն եկած այդ պահանջքները, դարձան մշակոյթ, համատարած ապրելակերպ, եւ մէկ օրէն միւսը արմատախիլ չեն ըլլար, որքան ալ նոր իշխանութիւնները ուզեն ու ջանան, մանաւանդ որ, ինչպէս ըսուեցաւ, պէտք ունինք դատական-իրաւապահական ու տնտեսական բաւարար միջոցներու եւ ժամանակի՝ սրբագրելու համար այդ ողբալի կացութիւնը։
Այս խորքին վրայ դիտելու ենք առաջին իշխանութիւններուն յաջորդած կառավարութիւններու աւելի «սիրալիր» վերաբերմունքը Սփիւռքի հանդէպ, որու շնորհիւ ալ շատ սփիւռքահայեր, ամբողջական կամ մասնակի կերպով վերադարձան իրենց հայրենիքը՝ Հայաստանի նիւթապէս զօրավիգ կանգնելու ալ մտադրութեամբ։ Անոնք առեւտրական հաստատութիւններ բացին, գործեր ստեղծեցին, սակայն երբ սկսան նկատառելի յաջողութիւններու հասնիլ, դէմ յանդիման գտնուեցան նիւթական ապօրինի շահաբաժիններու պահանջքներու՝ «յանցախումբերու» կողմէ, նոյնիսկ սպառնալիքներու, իսկ իշխանութիւնները, դատարանները չհայթայթեցին անհրաժեշտ պաշտպանութիւնը, ուստի անոնցմէ շատեր, մեծ կորուստներու ի գին, վերջ տուին իրենց հայրենադարձութեան։
Չեմ գիտեր, թէ որքա՞ն այս հարցերը արծարծուեցան Ազգային ժողովին մէջ, մամուլով ու մանաւանդ Սփիւռքի կառոյցներուն կողմէ։ Արդեօք հատուկենտ աչքառու յաջողութիւնները խանգարեցի՞ն, որ այս ցաւալի պատկերը իր ամբողջ անհեթեթութեամբ տեսնուի։ Իսկ եթէ եղան անդրադարձներ, առ նուազն այդ կառոյցներու ժողովներուն մէջ, որքա՞ն ազդեցութիւն ունեցան անոնք որ բան մը փոխուի իրականութեան մէջ։
Այս ամբողջ շրջանին տեղի ունեցան զանազան համաժողովներ՝ Սփիւռք-Հայրենիք ընդհանուր հովանիին ներքեւ, ներառելով Հայաստան համահայկական հիմնադրամն ու տարբեր նախաձեռնութիւններ, Եղեռնի ու Հանրապետութեան հարիւրամեակները եւ այլն, սակայն Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւնները խանգարող գլխաւոր ազդակը մնաց։
Իսկ ա՞յժմ։
ՀՀ մէջ կատարուած վարչակազմի փոփոխութեամբ կրնա՞ն աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուիլ, որ համայն հայութիւնը ինքզինք հարազատ զգայ հայրենիքին մէջ, ու ապահով՝ սկսելու համար հայրենադարձութեան գործընթացը, հակադրուած՝ հայրենալքումի գործընթացին։
«… Մօտեցել է ժամանակը, եկել է ժամանակը, որ մենք՝ բոլորս, լինենք միասին, ապրենք իրար հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնում, և մեր ուսերին կրենք մեր հայրենիքի հետագայ յաղթանակների հզօրացման, բարեկեցութեան և երջանկութեան բեռը: Եւ ես ձեզ կոչ եմ անում, ձեր ընտանիքներում ամեն օր, ամեն ճաշին խօսել Հայաստանում վերադառնալու մասին, կապ չունի դուք մի ամսից դա կ՚անէք, թէ մէկ տարուց, հինգ, թէ 15 տարուց, բայց ձեր երեխաներն ամեն օր պէտք է լսեն, որ ձեր նպատակը Հայաստան վերադառնալն է, Հայաստանում ապրելը, Հայաստանը հզօրացնելն ու ծաղկեցնելը»: Իմ այս տողերը գրուած օ՛րը՝ 13 յուլիսին, արտասանուած խօսքեր են ասոնք, Հայաստանի վարչապետին կողմէ՝ Պելճիքայի հայ գաղութին տուած իր այցելութեան ընթացքին՝ Պրիւքսելի Սուրբ Մարիամ Մագթաղինէ եկեղեցւոյն մէջ։
Ինչպէ՞ս կրնայ Սփիւռքը իր ըսելիքը ունենալ այս բոլորին մէջ. ո՛չ թէ ցանկութիւններ արտայայտելու, այլ հայրենիքի կառավարման մէջ իր ազդեցութիւնը, իր ներդրումը ունենալու՝ իր ներուժին համեմատութեամբ, սրբագրելու համար ներկայ տխուր իրավիճակը եւ օգնելու, որ Հայաստանը հասնի համաշխարհային քաղաքակրթութեան լաւագոյն աստիճանին։
Գ.
Այո, ինչպէ՞ս Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ Սփիւռքը կրնայ իր ներուժին ամբողջ տարողութեամբ մասնակից ըլլալ Հայաստանի զարգացման ու յառաջընթացին, իսկ Հայրենիքը՝ Սփիւռքի երկարատեւ պահպանման՝ մինչեւ ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան երազի իրականացումը։
Այս ըսելով՝ պէտք չէ մտահան ընել երկու իրողութիւններ։
Առաջին, մէկ կողմէ, նոյն այդ երազի վերապրումը, համայնավար ամբողջատիրութեան եօթ տասնամեակներուն, մենք մեծ մասամբ կը պարտինք Սփիւռքին։ Փաստօրէն, այս վերջինը հանդիսացաւ հաւատարիմ պահապանը Եռագոյնին, «Մեր հայրենիք»-ին ու ՀՀ զինանշանին կամ տարբերանշանին, որոնք այդ անմար երազի խորհրդանշաններն են։ Հայաստան, իր 1990-ի անկախութեան հռչակագրով վերստանձնեց անոնց տիրութիւնը։
Երկրորդ, միւս կողմէ, որքան ալ անողոք ըլլային ճնշումն ու հալածանքը բռնակալութեան կողմէ, կարելի չէր, որ Հողը ինքը պահպանած չըլլար Երազը եւ սերունդէ-սերունդ հասցուցած չըլլար վերանկախացման Օրուան։ Շատ յատկանշական է, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, ինքզինք բացայայտելով հայրենի հողին վրայ, գործածեց «վերընձիւղում» բառը եւ ոչ՝ «վերադարձ» բառը. շա՛տ։ Փակագիծի մէջ յիշենք այստեղ, ստալինեան հալածանքներու ամենէն զարհուրելի օրերուն, դաւաճան Նայիրի Զարեանի զրպարտութիւնը դաշնակցական Ակսել Բակունցին, որ իր կուսակցութեան լուծարումը յայտարարած էր յատուկ, վերջին ժողովի մը. «Դաշնակցական լիկվիդատորների համագումարում նրա արտասանած ճառը ոչ թէ լիկվիդացիայի ճառ է, այլ քողարկուած աշխատանքի անցնելու ձեւերի հետագայ ծրագիր»։ ԻրապԷ՞ս, թէ ոչ պարզապէս նոյնիսկ առանց կազմակերպական կառոյցի, որ լուծարման կ՚ենթարկուէր, Դաշնակցութեան, իմա՝ հայ ժողովուրդի Երազին անկորնչելիութեան մարտահրաւէ՛րն էր այդ, որ դաշնակցական Բակունցները, եւ ոչ միայն անոնք, այլ նոյնիսկ համայնավար Խանջեաններն ու իրենց յաջորդները մինչեւ 1991 սեպտեմբեր 21 հասցնէին այդ Երազը վառ պահելու յանձնառութիւնը։
Ուրեմն այդ ժամանակաշրջանին Սփիւռքը լիուլի կատարեց իր դերը, իսկ Հայրենիքը ինքզինք կերտեց իրեն արտօնուած ամենէն դժուարին ու ամենէն դժխեմ պայմաններուն իսկ մէջ։
Այսօր, վերանկախացումէն ալ աւելի քան քառորդ դար ետք, յատկապէս Հայաստանի ներքին նոր իրավիճակին դէմ-յանդիման, մենք պարտաւոր ենք վերաքննելու մեր՝ Սփիւռքի, դերն ու դերակատարութիւնը եւ որոնելու զայն ամենէն արդիւնաւէտ կերպով իրագործելու միջոցները։
Դարձեալ չմոռնանք երկու իրողութիւն։
Առաջին՝ Հայաստանը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի Հանրապետութիւնը պետական կառոյցներ են, իրենց սահմանադրութիւններով ու վարչական կազմակերպութիւններով, ոտքի տակի հողով ու անոր վրայ շնչող, գործող ու երկրին տաքն ու պաղը ապրող բնակչութեամբ։
Երկրորդ՝ Սփիւռքը մէկ ու միաձոյլ ամբողջութիւն մը չէ, չունի օրինական որեւէ հիմք։ Իւրաքանչիւր գաղթօճախ մասնիկն է իր գտնուած երկրին, ենթակայ՝ անո՛ր օրէնքներուն։ Օժտուած է մեծ ու փոքր այլազան կազմակերպութիւններով, ոմանք զուտ տեղական կամ շրջանային առումով, ուրիշներ՝ քիչեր, եկեղեցական, կուսակցական կամ միութենական՝ «համասփիւռքեան» առումով,– իրարու հետ (երբեմն) գործակցող, իրար (յաճախ) չհանդուրժող յանձնառու անդամներով ու համակիրներով եւ անոնց հակադրուող շրջանակներով… Չակերտեցի համասփիւռքեան բառը, որովհետեւ Սփիւռքն ալ կրկնակի յոգնակի պէտք է հասկնալ՝ սփիւռքներ, որոնք ոչ ամենուրեք, ոչ ալ նոյն յարմարութիւններով օժտուած գաղթօճախներ կը պարունակեն։ Եւ անշուշտ բոլոր այդ կազմակերպութիւններէն դուրս մնացած, ազգային կեանքին հետ մեծ մասամբ անհաղորդ հսկայ զանգուածներ։
Իսկ ի՞նչ է Սփիւռքի գոյութեան իմաստը։
Առաջին հերթին արտագաղթի հետեւանք, Մեծ եղեռնէն ալ առաջ, նոյնիսկ դարեր առաջ, երկրորդ հերթին Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանք, եւ վերջապէս դարձեալ արտագաղթի հետեւանք, Սփիւռքը, որ այլ ժողովուրդներու սփիւռքներուն նման է՝ մաշումի ենթակայ, եւ տարբեր է՝ հասարակաց նպատակի մը առկայութեամբ, ընդգրկելով հայութեան երկու երրորդը կամ երեք քառորդը, ի՞նչ նպատակ կրնայ ունենալ՝ եթէ ոչ Հայ դատի հետապնդումը եւ Հայրենիքի հզօրացումը։ Արդարեւ, ինքնանպատակ չէ Սփիւռքի գոյութիւնը, բացի եթէ ընդունինք, որ Համացանցի, Դիմատետրի ու Ճռուողարանի այս դարուն ազգերն ալ կրնան առցանց գոյութիւն ունենալ միայն…
Սփիւռքը օժտել ընդհանուր մէկ կառոյցով՝ խորհրդարանով կամ նման համագումարով, ըստ իս անկարելի, նոյնիսկ անհեթեթ ծրագիր է։ Գիտեմ, որ կա՛ն ասոր հաւատացողներ, յարգելի ու համոզուած մարդիկ, որոնց առաջարկները կամ նոյնիսկ գործնական փորձերը տեղ չեն հասած ու չեն հասնիր։ Սակայն Սփիւռքի խայտաբղէտ հայութիւնը համախմբելը, Հայրենիքէն անկախ ու ինքնորոյն՝ իմաստ չունի կամ կրնայ չունենալ։
Նաեւ ոչ մէկ գործնական շահ կը տեսնեմ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ Սփիւռքի պատգամաւորներ ունենալուն մէջ, նախ որովհետեւ այդ պատգամաւորները ընտրելու միջոցները չկան ու չեն կրնար ըլլալ, ինչպէս վերեւը ըսուեցաւ, երկրորդ՝ որովհետեւ մէկ կամ մի քանի հոգիի հոն (խորհրդանշական) ներկայութեամբ չէ, որ Սփիւռքը իր ըսելիքը կրնայ ըսել եւ տալիքը տալ։
Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները բարոյական հիմք ունին, ո՛չ օրինական։ Հայ ենք, այդքանով ալ մենք մեզ մեր երկրին կապուած կը զգանք (կամ չենք զգար) ։ Նոյնիսկ երկքաղաքացիութիւնը բաւարար խթան չէ՝ այդ կապուածութիւնը հաստատելու համար, եթէ չըլլայ միւսը՝ զգացականը։
Ի՞նչ ընել ուրեմն, ինչպէ՞ս ընել, որ Սփիւռքը, թէ՛ մարդկային (մտային), թէ՛ տնտեսական իր ամբողջական ներուժով, նպաստէ Հայրենիքի հզօրացման, որ իր զաւակները գործնական մասնակցութիւն ունենան հայրենի կեանքին, այդպիսով թէ՛ ծառայելով այդ նպատակին, թէ՛ ալ ապահովելով Սփիւռքի գոյատեւումը որքան երկար ժամանակ որ պէտք է։
Դ.
Խօսելէ առաջ այն մասին, թէ Սփիւռքը ի՞նչ ձեւով կրնայ իր ներդրումը ունենալ Հայրենիքի հզօրացման գործին մէջ, նայինք թէ ատիկա ընել կարենալու համար ի՛նք ինչ բարելափոխութիւններու կը կարօտի՝ ծառայելու համար իր այդ առաքելութեան։
Այո, հսկայ ներուժ ունինք, ըլլա՛յ մարդկային, ըլլա՛յ նիւթական տեսակէտէ։ Նաեւ ունինք կազմակերպական փորձ։ Բայց այդ բոլորը որքա՞ն կը համապատասխանեն մեր ներկայ պայմաններուն, որքա՞ն կը նպաստեն անոնց բարելաւման, որքա՞ն կը համադրուին՝ հաւաքակա՛ն ուժի վերածուելու համար, որքա՞ն կը պատշաճին Հայաստանի կարիքներուն՝ անոնց գոհացում տալ կարենալու համար։
Միւս կողմէ, Հայաստան ի՞նչ կ՚ակնկալէ մեզմէ, որքա՞ն լուրջ աշխատանք կատարուած է՝ Սփիւռքի ներուժը լաւագոյնս օգտագործելու տեսակէտէն։ Ո՞ր մարզերուն մէջ Սփիւռքի կարելիութիւնները,– մարդկային, տնտեսական, կազմակերպական,– ամենէն աւելի կրնան ամբողջացնել Հայրենիքի կարելիութիւնները։ Ցարդ մեր ստացած տպաւորութիւնը այն է եղած, թէ՝ «դուք նիւթական միջոցները հայթայթեցէք, մենք մնացեալը կ՚ընենք»… Ասիկա սակայն բարերարութենէ անդին չ՚անցնիր, յաճախ ալ կրնայ շեղիլ ակնկալուած արդիւնքէն, չըսելու համար աւելին։
Ահա ամենէն առաջ այս հարցերը դրուելու են օրակարգի վրայ։ Արծարծենք մէկ առ մէկ։
ՄԱՐԴՈՒԺԸ
Շատ խօսուած է այս մասին. յանձնախումբեր կազմուած են, վիճակագրական աշխատանքներ նախաձեռնուած են, սակայն ցարդ չունինք պարզ, թէկուզ մասնակի՝ ո՛չ ամբողջական ցանկը մեր մարդկային ներուժին՝ մասնագէտներ, մտաւորականներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, տնտեսագէտներ, գիտնականներ, մարզիկներ եւ այլն, եւ այլն. անոնց գտնուած վայրին ու անոնց հետ կապ հաստատելու նուազագոյն տեղեկութիւններով։ Կատարեալին ձգտումը ունենալով, չենք յաջողած նոյնիսկ անկատարը ապահովել։
Այս գործի իրագործումը, սակայն, տեւական աշխատանք կը պահանջէ, կամաւոր ուժերով գործող յանձնախումբերու ընելիքը չէ. ո՞ւր է գրասենեակը, իր մնայուն անձնակազմով, որուն պիտի յանձնուի այս աշխատանքը։ Գրասենեակ՝ Հայ դատի մնայուն գրասենեակի նման, բոլոր «կողմ»-երու եւ անոնցմէ ալ դուրս մնացած բոլոր ազգայիններու ամբողջական ու համապարփակ մասնակցութեամբ։ Ո՞վ պիտի կազմակերպէ այս աշխատանքը։ Իւրաքանչիւր գաղթօճախի մէջ, գաղթօճախներէն ալ դուրս։ Ո՞վ պիտի հետեւի տուեալ երկրի մը առօրեայ կեանքին, «որսայ» անունները այն հայորդիներուն, որոնք այլազան հաստատութիւններու մէջ դիրքերու կը հասնին, որոնք միջազգային լուրերուն մէջ կը յիշատակուին, որոնք մրցոյթներու յաղթական կը հանդիսանան։
Ասիկա հարցին մէկ կողմն է՝ առկայ ուժերու ճանաչումը։ Միւսը՝ նորափթիթ ուժերու բացայայտումն է, դպրոցներէն սկսեալ։ Անոնց տէր կանգնելու, անոնց բարձրագոյն ուսումը, ապա նաեւ անոնց հետագայ աշխատանքը ապահովելու գործն է. տե՛ղ հասցնելու՝ ներուժէն՝ ուժի՛ վերածելու համար։ Եւ երբ ուժ դարձան, անկէ ետք անոնք նաե՛ւ Հայրենիքին կրնան ծառայել։ Երբ մենք մատուցելիքը ունինք, Հայրենիքն ալ ընկալելիքը կրնայ տեսնել անոր մէջ։
Նման աշխատանք եւս մասնագիտական գրասենեակի գործ է, սակայն այդ աշխատանքին կրնան նպաստել մեր բոլոր դպրոցներն ու ակումբները, մեր միութիւնները, մեր մամուլը։ Այսօր իսկ։ Առանց որեւէ նոր կառոյցի։
Սփիւռքը իր ուժերը պատրաստելու եւ զանոնք Հայրենիքի ծառայութեան առաքելու առաքելութիւնը ունի։ Հայրենիքը այդ ուժերը ներգրաւելու եւ իր հնարաւորութիւնները անոնցմով բազմապատկելու բարեբախտութիւնը կրնայ ունենալ։ Օրինակ՝ այլապէս ախոյեան դարձած արուեստագէտը կամ մարզիկը հրաւիրել մաս կազմելու ազգային խումբերուն, երբ միջազգային հարթակներու վրայ կը բարձրանան անոնք։ Կամ այս կամ այն մարզի հմուտ մասնագէտին դիմել՝ յատուկ խնդիրի մը լուծման համար։
Բայց ի՞նչ կ՚ընենք։ Բան մը կ՚ընե՞նք այս ուղղութեամբ։
ՆԻՒԹՈՒԺԸ
Եթէ մարդուժի տեսակէտէն անսպառ գանձարան մը ունինք, որ կը մնայ մեծ մասամբ չշահարկուած, եւ ասիկա՝ ոչ միայն Հայրենիքի համար, այլ նոյնիսկ Սփիւռքի, նոյնը չենք կրնար ըսել տնտեսական կարելիութիւններուն մասին, քանի որ անոնք ալ այնքան ալ անսահման չեն։ Այո, Հայրենիքին օգտակար ըլլալու համար մեր անձնական գոհարեղէններն ալ նուիրած ենք ու պիտի նուիրենք տակաւին, սակայն մեր երկրի զարգանալն ու 21-րդ դարու մակարդակի պետութեան մը վերածուիլը պէտք ունի շատ, շատ, շա՛տ աւելի միջոցներու։ Ժամանակի ընթացքին՝ անցնող մէկ դարու, մենք մեր նիւթական կարելիութիւնները չենք զարգացուցած այնպէս, որ առանց մասնաւոր դժուարութեան կարենանք պահել մեր հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, ուրեմն ինչպէ՞ս կը յաւակնինք Հայրենիքի՛ն կարիքներուն հասնիլ։ Այո, ունինք շատ մեծահարուստներ Սփիւռքի մէջ, բայց չունինք ազգային մեծ գանձարան։ Բացի մի քանի պարագաներէ, ինչպէս Եգիպտոսի, ուր Աղա Կարապետ Գալուստի նման վաղեմի ունեւորները, նոյնիսկ աւելի քան մէկուկէս դար առաջ, իմաստութիւնը ունեցած են օժտելու գաղութի հաստատութիւնները մինչեւ այսօր դիմանալու միջոցներով, մեր ներկայ գաղթօճախները տեւաբար կարիքը ունին բարերարներու ներդրումներուն։ Չունինք հաւաքական եկամուտի աղբիւրներ։ Չունինք սեփական դրամատուներ։ Չունինք տնտեսական մեծ նախաձեռնութիւններ, օրինակ ինքնաշարժի կամ նման չափերու արտադրութեան համար, նախաձեռնութիւններ, որոնց եկամուտէն ոչ միայն անհատներ, այլ հաւաքականութիւնն ալ կրնայ օգտուիլ։
Որքան ալ միլիոններ հաւաքենք Հայաստանի կամ Արցախի ի նպաստ հեռարշաւներով, անոնց հարիւրապատիկին, հազարապատիկին պէտք ունի մեր երկիրը։ Եւ պէտք ունին մեր գաղթօճախները։
Սփիւռքը պարտաւոր է այդ ներուժն ալ ուժի վերածել՝ այսօրուան տնտեսական ու առեւտրական ըմբռնումներով, ստեղծել նիւթական կայսրութիւն մը, ինչպէս ըրեր էին մեր նախահայրերը ԺԶ. – ԺԸ. դարերուն՝ Հնդկաստանէն մինչեւ Հոլանտա, հայկական նաւատորմիղով հանդերձ։
Իսկ նման կարելիութիւններու ճամբով ստեղծուելիք գումարներ ինչպէ՞ս պիտի յանձանձուին, որպէսզի իր նպատակներէն չշեղի անոնց օգտագործումը։
Այս բոլորի՛ն մասին ո՞վ է մտածողը։ Մտածող կա՞յ։
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԺԸ
Այո՛, ունինք կազմակերպական փորձառութիւն, սակայն մենք մեզի հարց տալու ենք, թէ մեր բոլոր հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները, մեր ազգային ներկայ մարտահրաւէրները վերցնելու համար ունի՞ն պահանջուած արդի պատրաստութիւնն ու միջոցները՝ ըլլայ գործելակերպային, ըլլայ նոյնպէս մարդուժի եւ նիւթուժի տեսակէտէն։
Մենք իրաւամբ կը հպարտանանք մեր աւանդական կազմակերպութիւններու երկարակեցութեամբ, տեսնելով հանդերձ անոնց (ոմանց առաւել, ոմանց պակաս) մեծ դժուարութիւնները՝ քայլ պահելու համար օրուան հետ, մանաւանդ երիտասարդացնելու համար իրենց շարքերը։
Այս հարցը ինքնին առանձին յօդուածաշարքի նիւթ կրնայ դառնալ, սակայն յօդուածաշարքէ աւելի՝ քննութեա՛ն առարկայ պէտք է դառնայ բոլորին կողմէ, եւ երբ կ՚ըսեմ բոլորին՝ ըսել կ՚ուզեմ բոլորի՛ն, ոտքի վրայ գտնուող բոլոր կուսակցութիւններուն, եկեղեցիներուն, միութիւններուն եւ մասամբ նորին, առանց մոռնալու այդ բոլորէն դուրս մնացած ու ինքզինք ատով հանդերձ հայութեան մասնիկը յաւակնող բոլոր հայորդիները։
Այս հարցին անմիջապէս կ՚առնչուի մեր գաղթօճախներու ներքին կեանքի արդիւնաւէտ կազմակերպման խնդիրը, մանաւանդ նորակազմ գաղթօճախներու պարագային, ուր կազմակերպական կեանքը չունի տակաւին երկար փորձ, նոյնիսկ կրնայ ամբողջովին բացակայ ըլլալ։
Առանց ինքզինք զօրացնելու, արդիացնելու, Սփիւռքը ինչպէ՞ս կրնայ համարձակիլ Հայրենիքին հասնելու։
Սակայն Հայրենիքն ալ, եթէ պիտի ըլլայ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, առանց Սփիւռքի արժէքն ու կարեւորութիւնը իսկապէս հասկնալու եւ գնահատելու՝ ինչպէ՞ս կրնայ դերակատար ըլլալ ամբողջական հայութեան պահպանման ու զարգացման սուրբ գործին։
Այս քանի մը տողերը բաւարար են, շեշտելու համար որ շատ բան ունինք սրբագրելիք, բարեփոխելիք, երկուստեք։ Հայրենիք-Սփիւռք միասնաբար մտածելու, մեր գոյութեան ազգային ռազմավարութիւնը եւ մեր ամբողջական ներուժը զինակոչի ենթարկելու հրամայականին առջեւ ենք։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՄԵ՛Ն ԲԱՆԷ ՎԵՐ։
Օ՜ն անդր յառաջ…
yerakouyn.com/2018/08/09/