07 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ «ՔԱՁԼ ԴԷՊԻ ՏՈՒՆ» ԾՐԱԳԻՐ:
Օգոստոս 7-ին Սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս` նուիրուած «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրին: Բանախօսներն էին Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան:
Ներկայացնելով «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի կազմակերպչական բաղադրիչը` Սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան նշեց, որ այն աննախադէպ է մասնակիցներու միաժամանակեայ մասնակցութեան առումով: «Ծրագիրը «Արի տուն» եւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու միացման արդիւնքն է: Ծրագիրի իրականացման մրցոյթին մասնակցած է չորս կազմակերպութիւն, շահած է «Լոռ» հոլդինգէ ՍՊԸ-ն: Շահող կազմակերպութիւնն արդէն սկսած է կազմակերպչական աշխատանքները», – աւելցուց փոխնախարարը:
«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրի պատասխանատու Հայկ Ենգիբարեան մանրամասն պատմեց ծրագիրի բովանդակային բաղադրիչի մասին: Ան նշեց, որ «Քայլ դէպի տուն»-ը հայապահպանութեան եւ հայրենադարձութեան միտուած ծրագիր է: Հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու համար խումբերը կազմուած են ըստ լեզուի իմացութեան մակարդակի, տարիքի եւ տարածաշրջանի առանձնայատկութիւններու: Հայոց լեզուի դասաժամերը կրկնապատկուած են, աւելցած է հայոց պատմութուն առարկան: Հայկ Ենգիբարեան կարեւոր համարեց, որ ծրագիրի մասնակիցները պիտի այցելեն նաեւ հայաստանեան ուսումնական հաստատութիւններ,պիտի ծանօթանան ուսումնական ծրագիրներուն եւ գուցէ որոշում կայացնեն ուսումը շարունակել Հայաստանի մէջ:
Այնուհետեւ բանախօսները պատասխանեցին լրագրողներուն` ծրագիրի պիւտճէին, անուանման, նպատակներուն ու հեռանկարներուն վերաբերող հարցերուն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը օգոստոս 10-24 կ՛իրականացնէ «Քայլ դէպի տուն» ուսումնաճանաչողական ծրագիրը, որ նախատեսուած է 13-21 տարեկան սփիւռքահայ պատանիներու եւ երիտասարդներու համար: Ծրագիրն ունի երկու բաղադրիչ` կրթական եւ ճանաչողական: Կրթական բաղադրիչը կը ներառէ հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման դասընթացներ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն):
Ծրագիրի ճանաչողական մասը կը նախատեսէ մասնակիցներուն այցելութիւնները Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, ինչպէս նաեւ շարք մը յառաջատար ուսումնական, ստեղծարար եւ արհեստագիտական կեդրոններ: Հանդիպումներ պիտի ըլլան պետական պաշտօնեաներու եւ մշակութային գործիչներու հետ: Մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի նաեւ ճամբարային քառօրեայ ծրագիր:
hayernaysor.am/cl/archives/290192