09 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ:
Վերջերս Թուրքիոյ մէջ ընդունուած հասկացողութիւն մը ըլլալով կը ներկայանայ պատմական եկեղեցիները վերանորոգել եւ իրենց հիմնադրութեան նպատակէն բոլորովին տարբեր իմաստով մը շահագործել։
Այս մերձեցումը անշուշտ, որ աւելի տանելի է քան այն բարբարոսութեան, որ տարիներ շարունակ անխնայ կերպով փլեց, կործանեց մշակութային ժառանգը։
Այս առումով ահաւասիկ կը ներկայանայ նոր օրինակ մը եւս Քոնեայի Աքշեհիր աւանէն։ Հոճա Նասրէտտինի յիշատակին կառուցուած «Երգիծանքի գիւղ» ծրագրի շրջանակով կը վերանորոգուի նաեւ տեղւոյն հայկական եկեղեցին։
Աքշեհիրի քաղաքապետ Սալիհ Աքքայա կը յայտնէ թէ 2017-ի Սեպտեմբերին մեկնարկող վերանորոգման աշխատութիւնները հասած են աւարտին եւ եկեղեցին պիտի ծառայէ իբրեւ «երգիծանքի համաշխարհային վարպետներու տուն»։
www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/21082/gi-vyeranvorvokui-akshyehiri-hahvots-yegyeghyetsin