10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:
Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումները առիթ էին եւ առիթ են վեր առնելու հանրապետութեան կարճատեւ ժամանակաշրջանին իրագործուած պատմաքաղաքական կարեւորագոյն իրադարձութիւնները եւ այժմէական կարգով զանոնք լուսարձակի տակ բերելու: Տարին դեռ յոբելենական է եւ կայ մօտեցում, որ ընթացիկ երկուքուկէս տարուան ընթացքին այս նշումները նոյն հայեցակարգային դիտանկիւնէն պիտի շարունակեն արծարծել ճակատագրորոշ խնդիրները:
Այս շրջագիծին մէջ առաջին հորիզոնականին վրայ կը դիրքաւորուի Սեւրի համաձայնագիրը, որ հայկական կողմին համար ամէն բանէ առաջ կ՛ենթադրէ անկէ բխած Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի հիման վրայ Արեւմտահայաստանի սահմանագծումը. աւելի մասնակի բացատրութեամբ` մեր տարածքային պահանջատիրութեան համար միջազգայնօրէն ամրագրուած տարածքները:
Սեւրն ու իրաւարար վճիռը հետզհետէ հասարակական հնչեղութենէ փուլ առ փուլ անցում կը կատարէին դէպի պետական-պաշտօնական յայտարարողական դաշտ` ի վերջոյ ամրագրուելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրին այն բաժինին մէջ, ուր կ՛արժեւորուէր 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբերի
22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան
հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ:
Հռչակագիրը Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքի համար աշխատանքային ուղենշային կարեւորութիւն ունեցող փաստաթուղթ է, որ այս պարագային կը կազմէ հատուցման թղթածրարի կարեւորագոյն բաժնինին հիմքը:
Տարբեր գիտաժողովներու ընթացքին իրաւարար վճիռին ներկայացուցած իրաւական այժմէականութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է զուտ իրաւագիտական մօտեցումներով: Եթէ մէկ կողմէ Սեւրէն բխած եւ իրաւարար բնոյթ ունեցած ըլլալը կը մեկնաբանուի անբեկանելիութեամբ, հետեւաբար նաեւ անժամկէտ իր ուժը պահած ըլլալու վարկածով, միւս կողմէ կը պնդուի, որ Սեւրէն բխած ըլլալը կ՛ենթադրէ նաեւ Սեւրի վաւերացում, ինչ որ չէ կայացած, ուստիվճիռը կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր վաւերականութիւնը: Իրաւական վէճերուն մաս կը կազմէ նաեւ այսօրուան Ուաշինկթընի ունեցած յանձնառութիւնը օրուան գործող նախագահին ստանձնած իրաւարարութեան արդիւնքի գործադրելիութիւնը ապահովելու, երբ իբրեւ հակափաստարկ կը նշուի, որ քոնկրեսը քուէարկութեամբ չէ հաստատած երկրի նախագահին առած քայլը եւ հետեւաբար նախագահը անձնական կարգավիճակով կատարած է իրաւարարութիւնը եւ ոչ թէ իր նախագահական լիազօրութիւններու իրաւակարգէն մեկնած:
Նման վէճեր տարբեր գիտաժողովներու ընթացքին տեղի կ՛ունենան եւ տակաւին տեղի պիտի ունենան: Անոնք իրենց կարեւորութիւնը ունենալով հանդերձ իրենց բացարձակութենէն դուրս կու գան, եթէ համոզուած ըլլանք, որ չկայ զուտ իրաւականութիւն նման առաջադրանքներու կամ պայմանագիրներու առարկայացման ընթացքին: Իրաւաքաղաքական բառակապակցութիւնը քաղաքականօրէն շատ գործնական բացատրութիւն կու տայ նման իրավիճակներու: Քաղաքականօրէն բարենպաստ կամ աննպաստ պայմաններու մէջ է, որ իրաւապայմանագրային ոլորտը կ՛աշխատի կամ կը սառի:
Քաղաքական պայմաններու կտրուկ փոփոխութիւնները տեղի կու տան նոր պայմանագիրներու ստորագրութեան, որոնք կրնան անմիջապէս կեանքի կոչուիլ: Կամ կեանքի կոչուիլ նոյնիսկ պայմանագիրներու բացակայութեան:
Հռչակագիրին մէջ Սեւրն ու իրաւարար վճիռը այժմէականացնելը բնականաբար իր քաղաքական տրամաբանութիւնը ունին: Սեւրն ու Ուիլսընը կրնան յիշուիլ հայկական գործօնէն անկախ, եթէ օրինակ Ուաշինկթընի եւ Անգարայի յարաբերութիւններու լարուած իրավիճակը մագլցողականութիւն արձանագրէ:
Թրքական մամուլը, Քլինթընի Անգարա կատարած այցելութեան օրերուն իբրեւ լրատուական արտահոսք կը ներկայացնէր այն, որ բանակցութիւններու լարուած մէկ պահուն ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարը իր թուրք գործընկերներուն յիշեցուցած էր, որ Միացեալ Նահանգները դէպի ծով ելքով պարտական է հայերուն: Օրին հրապարակուած այս տեղեկութիւնը պաշտօնական բնոյթ չունէր, սակայն այդպէս ալ չհերքուեցաւ արտահոսած լրատուութիւնը:
Նոյն օրերուն ամերիկեան պետական գերատեսչութիւններու համապատասխան վերլուծական բաժանմունքները ընթացիկ քսանամեակին վերաբերող կանխատեսումնային վերլուծաբանական գրականութեան մէջ ակնարկ կ՛ընէին Թուրքիոյ մասնատման` նկատի ունենալով Քիւրտիստանի ստեղծումը: Չմոռնանք, որ Սեւրով սահմանագծուած էր նաեւ Քիւրտիստանը:
Այնուհետեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու սկզբունքներ առաջադրելով ամերիկեան քոնկրեսը բանաձեւեր կ՛որդեգրէր կրօնական փոքրամասնութիւններու կալուածներու հատուցման եւ կրօնական արարողութիւններ կատարելու ազատութեան ապահովման պահանջներով:
Ամերիկեան այս դրսեւորումները կապուած էին եւ կապուած են Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններու ելեւէջներուն հետ:
Այժմ, պատժամիջոցներու փոխադարձ կիրարկման փուլի մէջ կը գտնուին երկու երկիրները: Չէ բացառուած, որ իրադարձութիւններու զարգացման պարագային գոնէ յայտարարողական մակարդակի վրայ վերստին յիշուին` ամերիկացիներուն խոստումը հայերուն դէպի ծով ելք տրամադրելու, Թուրքիոյ մասնատման կանխատեսումները կամ կրօնական կալուածներու հատուցման անհրաժեշտութիւնը:
Իրաւական հատուցման մեր մօտեցումներուն մէջ հայութիւնը հասած է Սեւրի եւ իրաւարար վճիռի բարձրակէտին: Համընթաց չեն եղած քաղաքական պայմանները: Այդ բարձրակէտի իրաւական այժմէականութիւնը պէտք է շարունակել շեշտել, մինչեւ որ քաղաքական պայմանները նպաստաւոր ենթահող ձեւաւորեն իրաւապայմանագրային բաժինը կեանքի կոչելու համար:
aztagdaily.com/archives/404701