10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Իշխան Յովսէփ Արղութեան
Իշխան Յովսէփ Արղութեան. ազգային ազատագրական շարժման, ռազմական եւ պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Յեղափոխական ծածկանունով` Տաշօ եւ Երուանդ, սակայն յայտնի է նաեւ Իշխան կամ Խանասորի Իշխան մականուններով:
Ծնած է 1863-ին, Լոռիի Սանահին գիւղը: Արղութեան իշխանական տոհմէն: 1879-ին անցած է Թիֆլիս, ուր կրթութիւնը ստացած է Ներսիսեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1884-ին: Ուսուցչական աշխատանք տարած է Ջալալօղլիի եւ Թիֆլիսի հայկական դպրոցներուն մէջ: 1889-ին անցած է Արեւմտեան Հայաստան, ուր յեղափոխական աշխատանքներ կատարած է` համագործակցելով յեղափոխական անուանի գործիչներու հետ:
1890-ին անցած է Տրապիզոն, սակայն մատնութեամբ ձերբակալուած, յանձնուած է ցարական իշխանութիւններուն եւ աքսորուած` Քիշնեւ:
1895-ի գարնան աքսորէն վերադառնալով` անցած է Թաւրիզ, ուր հսկած ու կարգաւորած է ՀՅԴ զինագործարանի աշխատանքները, կազմակերպած եւ ղեկավարած է Արեւմտեան Հայաստան զինամթերքի տեղափոխման գործը, զինատար խումբով անձամբ հասած է Վան:
1897-ին մասնակցած է Խանասորի արշաւանքին` իբրեւ փոխհրամանատար: Այնուհետեւ պարսկական իշխանութիւնները ձերբակալած են զինք ու որպէս ռուսահպատակի` յանձնած են ռուսական կառավարութեան: Բանտարկուած է Թիֆլիսի Մետեխի բանտին մէջ, ապա աքսորուած` Վոլոկտա, ուր մնացած է մինչեւ 1903:
1905-1906 թուականներուն կազմակերպած է հայերու ինքնապաշտպանութիւնը թաթար ջարդարարներուն դէմ:
1909-ին, երբ ցարական իշխանութիւնները խիստ հալածանք սկսած են Դաշնակցութեան դէմ եւ զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկած դաշնակցական թէ համակիր գործիչներն ու մտաւորականները, Իշխան Արղութեան եւս առաջին ձերբակալուողներէն եւ բանտարկուողներէն եղած է: Նախ Մետեխի, ապա Ռոստովի ու Նովոչերկասկի բանտային դաժան պայմաններուն ենթարկուած է: Դրամական երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուած է, այնուհետեւ Իշխան վերստին ձերբակալուած է ու բանտարկուած` մինչեւ 1912, Դաշնակցութեան դատին աւարտը, որմէ ետք ազատ ձգուած է:
1916-1917 թուականներուն մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին. ան կովկասեան ռազմաճակատին վրայ եղած է հայկական կամաւորական նախ 4-րդ ու 5-րդ գունդերուն, ապա 7-րդ գունդին հրամանատարը:
1917 եւ 1918 տարիներուն քաղաքական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է. արեւելահայոց ազգային համագումարին նախագահ ընտրուած է, ապա Վիրահայոց ազգային խորհուրդին մաս կազմած է, մայիսեան հերոսական ճակատամարտերուն մասնակցած է:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք, 1919-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ու փոխնախագահ ընտրուած է:
1919-ին Երեւանի մէջ մասնակցած է ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին, եւ իրեն վիճակուած է ժողովին նախագահութիւնը վարելու պատասխանատուութիւնը:
1920-1921 թուականներուն Իշխան Յովսէփ Արղութեան նշանակուած է Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան: Մեծ հմտութեամբ վարած է դիւանագիտական այդ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի համար ծայր աստիճան զգայուն այդ ժամանակաշրջանին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1922-ին հաստատուած է Փարիզ, ուր 3 տարի արդէն առողջական վատ եւ քայքայուած վիճակ ունեցած է:
Իշխան Յովսէփ Արղութեան մահացած է 15 հոկտեմբեր 1925-ին, Փարիզ:
Մուշեղ Աւետիսեան
Մուշեղ Աւետիսեան. հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1887-ին, Սասնոյ Խեանք գաւառի Արսըրք գիւղը, ուրկէ քանի մը տարի ետք ընտանեօք կը փոխադրուին Տիգրանակերտ: Ան փոքր տարիքին ականատես եղած է Սասունի գոյամարտին, ծիլ առած ու սնանած է արիւնալի հերոսութեան ժամանակաշրջանին եւ մահը արհամարհող անվեհեր մարտիկներու կողքին: Սասնոյ երկրորդ եւ երրորդ ապստամբութիւններու շրջանին, 1904-ին եւ 1907-ին, Մուշեղ արդէն անդամագրուած է Դաշնակցութեան եւ աշխուժ մասնակից եղած է ֆետայական կռիւներուն: Ուսումը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ. 1905-1907 դաժան տարիներուն ան իր վանքի տարազով լաւագոյն եւ ամէնէն վստահելի սուրհանդակը կը հանդիսանար: Աւելի ուշ կը գործակցի Ռուբէնի, Սիմոն Զաւարեանի հետ` Սասունի զանազան գաւառներուն մէջ: Դաշնակցութեան գաղափարները կը տարածէ իբրեւ գործիչ եւ կազմակերպող: 1913-ի աշնան Ռուբէն կը վերադառնայ Մուշ` Սասունցի Մուշեղը ունենալով իբրեւ աջ բազուկ. անոնք միասնաբար կը լծուին ինքնապաշտպանութեան գործին: Մասնակից կը դառնայ Սասնոյ ապստամբութեան` վարելով Տալւորիկի եւ Խեանքի ուժերը: Սասունի կրած պարտութենէն ետք Վ. Փափազեանի եւ Ռուբէնի հետ կ՛անցնի Կովկաս, ապա աշխատանք կը տանի Էրզրումի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ:
1917-ին ռուսական զօրքերու նահանջէն եւ Արեւմտահայաստանի պարպումէն ու մազապուրծ հայութեան Արեւելահայաստան գաղթէն ետք, սասունցի մարտիկներու իր ձիաւոր գունդին գլուխը կանգնած` խմբապետ Մուշեղ վճռորոշ մասնակցութիւն բերաւ Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտներուն:
1918 ապրիլին, երբ Տարօնի զինուած ժողովուրդը Մասիսի բարձունքներէն վար կ՛իջնէր դէպի Արարատեան դաշտ, արդէն ցեղապետական բանակ մըն էր, որ բարձրացաւ դէպի Արագածի լանջերը, որոնք միայն այլազգի թշնամիներով բնակուած էին:
Խմբապետ Մուշեղ պատմական նշանակութեամբ մեծ գործ կապեց իր անունին, 2-3 օրուան կռիւներուն շնորհիւ` Արագածը մաքրուեցաւ եւ քառասուն գիւղեր հայ տեղաշարժուող ժողովուրդով բնակուեցան: Խմբապետ Մուշեղի շնորհիւ` Թալինի ամբողջ շրջանը թաթարներէն կը մաքրագործուի եւ կը հայացուի` Սասունէն ու Մուշէն գաղթած հայութեամբ բնակեցնելով:
1918-ին մայիսեան Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մասնակցելէ ետք կ՛անցնի Զանգեզուր` լծուելով անոր հայացման աշխատանքին:
Խմբապետ Մուշեղ Հայաստանի պետական կեանքին մէջ միշտ մնաց զինուորական: Նշանակուեցաւ սահմանապահ ոստիկանութեան հրամանատար: 1921-ին մասնակից դարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, ան եղաւ առաջինը, որ Չեկան գրաւեց եւ հինգ հարիւր բանտարկեալ ազատ արձակեց: Հայաստանի մէջ խորհրդային լուծի ամբողջական հաստատումէն ետք, Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ու ապստամբ ժողովուրդին հետ, խմբապետ Մուշեղ իր կարգին ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը: Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա` Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 19 մարտ 1956-ին. անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Արտաշէս Բաբալեան
Արտաշէս Բաբալեան. բժիշկ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, հրատարակիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 17 նոյեմբեր 1886-ին, Արցախի Շուշի քաղաքը: Ուսանած է Շուշիի ռուսական ռէալական դպրոցին մէջ: Պատանեկան տարիքէն մասնակցած է ՀՅԴ աշակերտական խումբերուն: Երիտասարդ տարիքին անդամակցած է ՀՅԴ կուսակցութեան Շուշիի կոմիտէին, ապա` Ղարաբաղի Կեդրոնական կոմիտէին: Հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ճակատին վրայ: 1906-1907 թուականներուն Պաքուի մէջ գործակատար աշխատած է վառելանիւթային արդիւնաբերական ընկերութեան մը մէջ: 1907-1912 թուականներուն ուսանած է Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի բժշկական հիմնարկին մէջ եւ` բժշկութեան դոկտորի աստիճան ստացած: Ժընեւի մէջ եւս շարունակած է կուսակցական եռանդուն գործունէութիւն, եղած է «Ուսանող» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եւ աշխատակցած` ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»-ին: 1912-ին վերադարձած է Շուշի, ապա մեկնած` Ս. Փեթերսպուրկ եւ Օպուխովի հիւանդանոցին մէջ բժիշկ աշխատած է: Միաժամանակ պատրաստուած է պետական քննութեան` Ռուսիոյ մէջ բժշկութեամբ զբաղելու թոյլտուութիւն ստանալու համար: 1913 օգոստոսին, որպէս ՀՅԴ Ռուսաստանի ուսանողական միութիւններու խորհուրդէն ընտրուած պատուիրակ, մասնակցած է Կարնոյ մէջ գումարուած ՀՅԴ Է. Ընդհանուր ժողովին:
1915-ին, երբ կ՛ընթանար Ա. Համաշխարհային պատերազմը, լքելով Խարկովը` մտած է Վարդան Մեհրապեանի (Խանասորի Վարդան) հրամանատարութեան տակ գործող հայ կամաւորական գունդի մէջ, եղած է անոր բժշկապետը եւ գունդին հետ միասին հասած է Վան: 7 մայիս 1915-ին, Վանը ազատագրելէ ետք այդտեղ հիւանդանոցներ կազմակերպած է: Համագործակցած է Վանի ժամանակաւոր կառավարութեան հետ եւ նշանակուած` ժամանակաւոր կառավարութեան առողջապահութեան բաժնի պետ ու քաղաքապետութեան անդամ: Վանի նահանջի օրերուն, անոր ջանքերու շնորհիւ, հիւանդանոցներու մէջ բուժուող վիրաւոր եւ հիւանդ հայ զինուորները Իգտիր տեղափոխուած են: Այս տարհանումը յաջողութեամբ կազմակերպելու եւ իրագործելու համար պարգեւատրուած է ռուսական կառավարութեան «Գէորգիեւեան խաչ» շքանշանով եւ մետալով: Կարճ ժամանակ Էջմիածնի մէջ զբաղած է գաղթականներու խնամատարութեան գործով:
1916-ին ուղարկուած է Վան, ուր վերադարձած գաղթականներու խնամատարութիւնը կազմակերպելու գործով զբաղած է: Այնուհետեւ մեկնած է Թիֆլիս, երբ սկսած է ռուսական բանակին նահանջը կովկասեան ռազմաճակատէն: 1917-1920 թուականներուն Թիֆլիսի մէջ հրատարակած է «Աշխատաւոր» օրաթերթը: 1917-ին Թիֆլիսի մէջ ընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ, «Համառուսական քաղաքներու միութիւն» կազմակերպութեան մէջ կարեւոր պարտականութիւններ կատարած է: Անդրկովկասի սէյմի կազմաւորումէն ետք մասնակցած է ընտրապայքարին` որպէս Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամ:
1918-ին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ ընտրուած է երկու անգամ: 1918-ին գացած է Կոստանդնուպոլիս` միանալու Աւետիս Ահարոնեանի պատուիրակութեան` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան խորհրդական:
1919 սեպտեմբերին մասնակցած է Երեւանի մէջ ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: 31 հոկտեմբեր 1919-էն մինչեւ 5 մայիս 1920 եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի, ապա հանրային խնամատարութեան եւ վերաշինութեան նախարար, 5 մայիսէն 30 հոկտեմբեր եղած է այդ գերատեսչութեան նախարարի պաշտօնակատար: 1920 մայիսին Ղարաքիլիսայի մէջ մասնակցած է պոլշեւիկեան ապստամբութեան ճնշումին: 1920 սեպտեմբերին սկսած թուրք-հայկական պատերազմին, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով, Սիմոն Վրացեանի հետ ուղարկուած է Կարս-Սարիղամիշի ռազմաճակատ` կառավարութեան լիազօր ներկայացուցիչի իրաւունքներով: 30 հոկտեմբեր 1920-ին Կարսի անկումի ժամանակ թուրքերու ձեռքը գերի ինկած է: 1920-1921 թուականներուն արգելափակուած է Կարսի, ապա Կարնոյ բանտերուն մէջ: 1921 հոկտեմբերին, գերութենէ ազատելէ ետք անցած է Թաւրիզ, քանի որ Հայաստանը արդէն խորհրդայնացուած էր:
1931 եւ 1939 թուականներուն բժիշկը ծանր ողբերգութիւններ ապրած է` կորսնցնելով զաւակները` Ռենոն եւ Վիգէնը: Իր ծանր վիշտը փարատելու համար ամբողջութեամբ նուիրուած է հանրային եւ կուսակցական գործերուն: 1943 սեպտեմբերին խորհրդային զօրքերու Իրան մուտքէն ետք ձերբակալուած է խորհրդայիններու կողմէ: 1943-1945 թուականներուն անցուցած է բանտին մէջ: 4 յունիս 1945-ին ազատած է բանտէն: 1945-ին եւ հետագայ տարիներուն ընտրուած է Թեհրանի գործակալական ժողովի անդամ, ապա` Եկեղեցական վարչութեան ատենապետ, ապա Թեհրանի թեմի Պատգամաւորական ժողովի անդամ եւ Թեմական խորհուրդի փոխնախագահ, ապա` նախագահ: Այնուհետեւ Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ ընտրուած է: Մասնակցած է ՀՅԴ ԺԵ. եւ ԺԶ. Ընդհանուր ժողովներուն: 1959-ին Գահիրէի մէջ հրատարակած է «Յուշերի գիրք»-ը:
Արտաշէս Բաբալեանը մահացած է 1 օգոստոս 1959-ին, Թեհրանի մէջ, սրտի հիւանդութենէ:
(Շար. 5)
aztagdaily.com/archives/404612