Մետվետեւ. «Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Ուժեղացումը Համազօր Է Առեւտրական Պատերազմ Յայտարարելու»

11 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հետագայ ուժեղացումը պիտի գնահատուի իբրեւ տնտեսական պատերազմի յայտարարութիւն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Քրոնոցքի» արգելոցի աշխատակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ:

«Չեմ փափաքիր մեկնաբանել հետագայ պատժամիջոցներու մասին խօսակցութիւնները, սակայն մէկ բան կրնամ ըսել. եթէ դրամատուներու գործունէութեան այս կամ այն դրամանիշի օգտագործման արգելքի սահմանման պէս բան մը տեղի ունենայ, ատիկա ուղղակի կարելի է կոչել տնտեսական պատերազմի յայտարարութիւն: Եւ այդ պատերազմին անհրաժեշտ պիտի ըլլայ արձագանգել տնտեսական, քաղաքական, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային` նաեւ այլ մեթոտներով: Մեր ամերիկացի ընկերները պէտք է ատիկա հասկնան», յայտարարած է Ռուսիոյ վարչապետը:

Խօսելով արդէն իսկ գործող եւ վերջերս յայտարարուած պատժամիջոցներուն մասին` Մետվետեւ ընդգծած է. «Որքան ալ արեւմտեան գործընկերները մտածեն, թէ ռուսերը վատ են, որ սխալ քաղաքականութիւն կը վարեն, Ռուսիոյ կառավարութիւնը պէտք է փոխէ շարք մը հարցերու վերաբերեալ իր դիրքորոշումը, ատիկա զգալի չափով մեր տնտեսական ուժի սահմանափակում է»:

Ան նշած է, որ պատժամիջոցները այսպէս թէ այնպէս կ՛ազդեն երկրի տնտեսութեան վրայ:

«Ատոր մէջ ոչ մէկ լաւ բան կայ, որովհետեւ ամէն տեսակի սահմանափակում ի վերջոյ կ՛անդրադառնայ տնտեսութեան, դրամանիշերու փոխարժէքի տատանման վրայ», աւելցուցած է ան:

Ամերիկեան վարչակազմը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին` բրիտանական Սալզպըրի քաղաքին մէջ քիմիական զէնք օգտագործելուն համար: Բացի ատկէ, անցեալ շաբաթ ամերիկեան Քոնկրեսին մէջ Ռուսիոյ դէմ ներկայացուեցաւ նոր պատժամիջոցներու վերաբերեալ օրինագիծ, որով կ՛ենթադրուի պատժամիջոցներ սահմանել Ռուսիոյ դրամատնային մարզին դէմ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարեց, որ պատժամիջոցներու օգնութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն Ռուսիան դրդել բարելաւելու իր պահուածքը:

«Նախագահն ու արտաքին գործոց նախարար Փոմփէոն կը խօսէին այն մասին, որ մենք պիտի ուզէինք աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ռուսական կառավարութեան հետ: Մենք կը հասկնանք, որ ունինք բազմաթիւ հարցեր, որոնք մեր մօտ փոխադարձ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն: Ան մեծ երկիր է, մենք` նոյնպէս», նշած է Նոուըրթ:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ պատժամիջոցներու սահմանումը այն ուղին է, որով կը փորձենք մղել Ռուսիոյ կառավարութիւնը` աւելի լաւ դիրքորոշում ցուցաբերել:

Միւս կողմէ` ռուսական «Կազեթա» կայքը հաղորդեց, որ ամերիկեան հաւանական նոր պատժամիջոցներու մասին տեղեկութիւններէն ետք ռուսական շուկային մէջ խուճապ ստեղծուած է:

Ռուսիոյ մէջ տոլարի փոխարժէքը հասած է 67,09 ռուբլիի: Այդ մասին կը վկայեն Մոսկուայի սակարանի տուեալները: 3 օգոստոս 2016-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նման ցուցանիշ արձանագրուած է:

«Թէ որքան ծանր պիտի ըլլայ ռուսական տնտեսութեան համար ամերիկեան պատժամիջոցներու նոր ալիքը` ոչ ոք գիտէ: Պաշտօնատար անձերու եւ գործարար հատուածի դիրքորոշումները կտրուկ տարբեր են: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական դիրքորոշումը սպասելի էր. սպասեցէք պատասխան քայլերու: Սակայն ռուսերը հանգիստ չեն: Միջին խաւը կը մտածէ` արդեօք այժմ հա՞րկ է դրամ գնել», կը գրէ կայքը:

Ըստ վերլուծաբան Իկոր Քովալեւի, եթէ յառաջիկայ ամիսներուն պատժամիջոցներու հռետորաբանութիւնը չմեղմանայ, տոլարը կրնայ հասնիլ 70 ռուբլի ցուցանիշի:

«Ռուբլին պատժամիջոցային թակարդի մէջ ինկած է», կ՛ըսէ ան:

aztagdaily.com/archives/404847

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail