Նիկոլ Փաշինեան` Ռոպերթ Քոչարեանի Գործի եւ Լաւրովի Յայտարարութեան Մասին

10 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՀՀ Տաւուշի մարզ կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներու խնդրանքով անդրադարձաւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գործով վերջին զարգացումներուն եւ Սերգէյ Լաւրովի յայտարարութեան մասին:

Լրագրողները դիտել տուին, թէ Ռոպերթ Քոչարեանը կը պնդէ, որ իր նկատմամբ քաղաքական հետապնդում կ՛իրականացուի:

«Ես կը կարծեմ, որ ճիշդ չէ այս թեմայով որեւէ մեկնաբանութիւն ընեմ, որովհետեւ որեւէ մեկնաբանութիւն կրնայ դիտուիլ որպէս միջամտութիւն, ազդեցութիւն գործի վրայ: Ես կը կարծեմ, որ դուք բոլորդ, ՀՀ իւրաքանչիւր քաղաքացի ունի այդ հարցումին պատասխանը»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

ՀՀ վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ լրագրողներու այն դիտարկումներուն, թէ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով նշած է, որ ՀՀ նոր իշխանութիւնները շեղած են իրենց խոստումներէն:

«Գիտէք, կը կարծեմ, որ սա այլ իրավիճակ է, պէտք բոլորս է այս իրավիճակին յարմարինք, ինչպէս նաեւ` մեր ռուս գործընկերները, այնպէս որ ամէն ինչ բնական է»,-ըսած է Փաշինեան: Հարցումին, թէ արդեօք սպասուող հանրահաւաքը կապ ունի ՌԴ ԱԳ նախարարին յայտարարութեան հետ, Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց, որ անիկա կապուած է իր աշխատանքային 100-օրուան հետ:

http://yerakouyn.com/2018/08/10/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail