13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ բանակցութիւններու վերսկսման համար անհրաժեշտ է նախապատրաստական փուլ: «Արմենփրէս»-ի հաղորդումով` այս մասին Տաւուշ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ արդեօք կա՞յ որեւէ նորութիւն` Ազրպէյճանի նախագահին հետ հանդիպումին առնչութեամբ:
«Ես ըսած եմ, որ մենք պատրաստ ենք իրադարձութիւններու զարգացման որեւէ տարբերակի, այդ կարգին` բանակցութիւններու: Կը կարծեմ, որ բանակցային հոլովոյթին համար, մանաւանդ այս քաղաքական իրավիճակին մէջ, բոլորս կը հասկնանք, որ անհրաժեշտ է որոշակի նախապատրաստական փուլ, որոշակի նախապայման: Մենք մեր քաղաքական պատրաստակամութիւնը յայտնած ենք բանակցութիւնները կառուցողական հունով շարունակելու առնչութեամբ, ստանձնած քաղաքական պարտաւորութիւններու շրջագիծին մէջ եւ Հայաստանի ազգային շահերու ծիրին մէջ», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
aztagdaily.com/archives/405033