Հայաստանի հանրապետութեան Վարչապետի Տիկնոջ փարիզ այցելութիւնը չափազանց մեծ ոգեւորութեամբ եւ ուրախութեամբ ընկալուած է․
Ինչու՞
Իմ կարծիքով որովհետեւ Տիկինը իր անմիջականութեամբ մօտեցած է բոլոր խնդիրներուն, բնականաբար ինք ոչ մէկ նախարարութիւն չի ղեկավարէր սակայն ծանօթ է բոլոր խնդիրներուն եւ նաեւ ծանօթ է սփիւռքեան կառոյցին եւ գիտէ սխալ լարերու վրայ չնուագել․․․
Մեզ հարկաւոր է այս որակի Տիկիններ եւ ոչ թէ նախկին նախարարութեան մը ներկայացուցչի նման ով ամէն սփիւռք այցելութեան պայուսակ մը շքանշան կը տանէր եւ աջ ու ձախ կը զարդարէր արժանի եւ նաեւ անարժան անհատներու կուրծքերը․․․
Վարչապետի տիկինը առանց պայուսակի գնաց բայց իր սրտի շքանշանները բաշխեց հասկցողներուն, իսկ չհասկցողները թող բաւարարուին իրենց ստացած նիւթական շքանշանով․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
ԶԱՐԷՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ