13 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ –:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան շաբաթավերջին Ֆրանսայի մէջ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ:
ՀՅԴ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին Աննա Յակոբեանին ուղղուած ողջոյնի խօսք յղած է Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:
«Դաշնակցութեան նպատակը միշտ եղած է պաշտպանել Հայաստանը, Արցախը, հայ ժողովուրդին շահերը: Կ՛ուզեմ մեր ընկեր-ընկերուհիներուն ներկայութեամբ կրկնել, որ յեղափոխութիւնը պէտք է յաջողի, որովհետեւ յեղափոխութեան յաջողութիւնը հայ ժողովուրդի ապագան է: Եւ Դաշնակցութիւնը` թէ՛ Հայաստանի, Արցախի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, իր ուժերը կը ներդնէ յեղափոխութեան յաջողութեան տրամադրութեան տակ», նշած է Փափազեան:
Նոյն հանդիպումին Աննա Յակոբեանին ուղղուած ողջոյնի խօսքին մէջ ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեան խոստացած է տրամադրել բոլոր կարելիութիւնները` թէ՛ մարդուժի, թէ՛ ֆինանսական` յաջողցնելու համար յեղափոխութեան նպատակը, որուն վրայ ժողովուրդը յոյս դրած է:
«Դաշնակցութեան համար Հայաստանն ու Հայաստանի պետականութիւնը վեր են ամէն ինչէ: Այդպէս եղած է նոյնիսկ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժամանակ…», իր խօսքին մէջ նշած է Վարժապետեան` չուզելով յիշեցնել «այդ էջերն ու անոր հետեւանքները»:
ՀՅԴ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կինը` Աննա Յակոբեան կարեւոր նկատած է ՀՅԴ-ի դերը Հայաստանի եւ Արցախի համար:
Խօսքը ուղղելով ներկաներուն` Աննա Յակոբեան ըսած է, թէ այդ գործը, որ դուք մինչեւ այսօր կատարած էք Հայաստանի եւ Արցախի համար, անգնահատելի է:
aztagdaily.com/archives/405031