Արգիլելով Ուաշինկթընի Հետ Բանակցիլը` «Միացեալ Նահանգներուն Հետ Ո՛չ Պատերազմ, Ո՛չ Ալ Բանակցութիւն» Ըսաւ Խամենէի

14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ իմամ Խումէյնին արգիլեց Ամերիկայի հետ բանակցութիւնները, եւ ես ալ զայն կ՛արգիլեմ` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներու հետ ո՛չ պատերազմ, ո՛չ ալ բանակցութիւն արտօնուած է:

Այաթոլլա Խամենէի երէկ ժողովրդային հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն երբեք պիտի չյարգէ բանակցութիւններու ընթացքին իր ստանձնած յանձնառութիւնները, եւ միայն սնամէջ խօսքեր կ՛արտասանէ:

Ան ըսաւ, թէ անցնող մէկուկէս տարուան ընթացքին ամերիկեան վարմունքը դարձած է աւելի անկիրթ եւ դիւանագիտական վարուելակերպերը չյարգող:

Խամենէի յայտնեց, որ ամերիկեան պատժամիջոցները մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան, եթէ պաշտօնատարներու գործելաոճը աւելի լաւ ըլլայ, աւելի ուժեղ ու հնարամիտ ըլլայ եւ քայլերը ճիշդ պահուն կատարուին:

Ան նշեց, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններու հարցով լուրջ չէ եւ պատերազմի հարցը կ՛արծարծէ, որպէսզի վախկոտները զարհուրին:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի ներքին կացութեան, Խամենէի նշեց, որ որոշուած է փտածներուն դէմ վճռականօրէն եւ առանց խտրութեան պայքարիլ` ընդգծելով փտածութեան ճամբան փակելու կարեւորութիւնը:

aztagdaily.com/archives/405167

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail