14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ դեսպաններու խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Ամերիկեան վերջին քայլերը Թուրքիոյ կռնակէն դաշոյնի հարուած են»:
«Ոչ ոք պիտի կարենայ խաբել Թուրքիան, իսկ մեր նպատակը անվտանգութեան հաստատումն է», շեշտեց ան:
Անդրադառնալով թրքական լիրայի` տոլարի դիմաց արժեզրկումին, Էրտողան ըսաւ. «Այսօր մեր տեսածը 1994-ի, 2001-ի կամ 2007-ի տագնապներուն չի նմանիր, այլ իրականութեան մէջ շատ տարբեր կացութիւն մը կը դիմագրաւենք»:
«Թրքական տնտեսութեան ներուժը հաստատ է եւ ուժեղ», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց. «Վերջերս Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները հասած են անցանկալի կէտի մը: Ամերիկան ոչ մէկ քայլ ըրած է ՖԵԹՕ-ի (Կիւլենի կազմակերպութեան, «Ա.») հարցով, թէեւ մենք անոնց յանձնած ենք բոլոր փաստաթուղթերը: Մենք կը սպասենք, որ յարաբերութիւնները պիտի առողջանան: Սպառնալիքներով եւ պատժամիջոցներով Թուրքիայէն ոչ ոք բանի կը տիրանայ: Մենք հանդէս կու գանք հաշտութեան օգտին, պէտք չէ ճնշում ըլլայ, անհրաժեշտ է նստիլ բանակցութիւններու սեղան եւ յարգանքով վերաբերիլ իրարու», յայտարարեց Չաւուշօղլու:
Ան Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութիւնը մեղադրեց իրենց գործողութիւններով Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութիւնն ու դաշնակցութիւնը վտանգելու յանցանքով: «Անոնք կը փորձեն իրենց ներքաղաքական խնդիրները լուծել Թուրքիոյ հաշուոյն», աւելցուց ան:
Չաւուշօղլու նաեւ յայտարարեց. «Մենք կը շարունակենք Ռուսիոյ հետ մեր կապերու հետագայ ամրապնդման քաղաքականութիւնը: Մեր քաղաքականութիւնը բաց է եւ թափանցիկ: Անիկա կը նպաստէ հասարակաց շահերու պաշտպանութեան եւ երկու երկիրներուն համար դրական արդիւնքներու ձեռքբերման: Այդ վստահելի քաղաքականութեան ծիրին մէջ մենք Ռուսիոյ հետ հանգիստ կը քննարկենք մեր տարակարծութիւնները»:
aztagdaily.com/archives/405166