14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ – ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ :
Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած եզակի կառոյցները՝ «Անապատի թռուցիկները», ունին հազարամեակներու պատմութիւն եւ կրնան փոխել համաշխարհային քաղաքակրթութեան արդէն յայտնի պատմութիւնը։
Ըստ «Sputnik-Արմէնիա»-ի՝ հայ հնագէտները սկսած են ուսումնասիրել Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած եզակի կառոյցները՝ «Անապատի թռուցիկները»։ Այս կառոյցները եգիպտական բուրգերէն հին են, անոնցմէ քանի մը հատը կը թուագրուին քարէ դարով (ՔԱ XII-VI հազարամեակ)։ Արտաքնապէս անոնք նման են երկրաչափական պատկերներու, նաեւ կենդանիներու պատկերներու։ Այս մասին ըսած է հնագէտ Մարիամ Շախմուրատեան։
Մարիամը, չորս մասնագէտներէ կազմուած խումբի մը հետ, Հոկտեմբերին Արագածոտնի մարզի Արագածաւան գիւղին մէջ պիտի սկսի աշխատանքներ կատարելու։ Հնագէտները մտադիր են պարզելու այդ տարածքին վրայ յայտնաբերուած «թռուցիկներ»-ուն ծագման թիւը։
«Օդապարուկները (թռուցիկներ) ու ակլոմերացիոն տուները պատրաստուած են անտաշ քարով։ Անոնք մեծ մասամբ կը գտնուին ծովու մակարդակէն 900-1400 մ բարձրութեան վրայ՝ լեռներու լանջերուն»,- ըսած է Շահմուրատեան։
Հնագէտը չի բացառեր, որ 1-30 հեկտար մակերես ունեցող այդպիսի կառոյցներ կրնան եղած ըլլալ նաեւ հարթավայրերու մէջ, սակայն մարդածին գործօնի պատճառով՝ կրնան քանդուած ըլլալ։ Ենթադրութիւն կայ, որ այդպիսի կառոյցներ կրնան ըլլալ ոչ միայն Արմաւիրի ու Արագածոտնի մարզերուն մէջ, այլեւ՝ Սիւնիքի։
«Մենք Սիւնիքի մէջ եւս հետախուզական աշխատանքներ պիտի իրականացնենք՝ այդ կառոյցները գտնելու նպատակով»,- ըսած է հնագէտը։
Առաջին «Անապատի թռուցիկները» XX դարու 20-ական թուականներուն յայտնաբերած են Թագաւորական Ռօու-ի օդաչուները։ Վերէն կառոյցները ունին թռուցիկի տեսք, այդ պատճառով անոնք անուանած են թռուցիկներ, իսկ յետագային «Անապատի թռուցիկներ»:
Այսօր, «Անապատի թռուցիկներ» կան Յորդանանի, Սուրիոյ, Ուզպեքիստանի, Ղազախստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Իրաքի ու Հայաստանի տարածքին վրայ։
Տարածուած վարկածին համաձայն՝ անոնք կառուցուած են որսի համար, սակայն Շախմուրատեան կը կարծէ, որ անոնք կրնային պաշտամունքային նշանակութիւն ունենալ։
«Մենք կրնանք վերջնական կողմնորոշել, երբ ուսումնասիրենք կառոյցները եւ հասկնանք՝ անոնք իրականութեան մէջ ինչպէս կոչուած են ու ինչ նպատակով կառուցուած»,- ըսած է Շախմուրատեան։
Ան ընդգծած է, որ կառոյցներուն հետ կապուած կայ հետաքրքրական այլ փաստ մը եւս․ ակլոմերացիոն տուները միշտ կառուցուած են «Անապատի թռուցիկներ»-ուն մօտակայքը։ Թէ ինչ նպատակով եղած է այդպէս, նոյնպէս կը գտնուի բացայայտման փուլի մէջ։
Հայաստանի տարածքին յայտնաբերուած են նաեւ V-ձեւ փոքր կառոյցներ։ Անոնք բաղկացած են տարբեր բարձրութիւն ու հաստութիւն ունեցող երկու ցած քարէ պատերէ, որոնք իրարմէ հեռու կը սկսին ու հետզհետէ կը մօտենան։ Հնագէտները դեռ չեն գիտեր՝ ինչու համար կառուցուած են անոնք։ Կ՝ենթադրուի՝ որսի։
«Հարիւր տարուան ընթացքին ոչ ոք կրցած է բացայայտել գաղտնիքը` եգիպտական բուրգերու գաղտնիքին պէս։ Շարք մը վարկածներ կան, որոնք դեռ պէտք է ապացուցել»,- ըսած է Շախմուրատեան։
Ան ընդգծած է, որ այդ կառոյցները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար։
«Անապատի թռուցիկներ»-ուն համակարգուած հետազօտութիւնները Հայաստանի մէջ սկսած են 2011 թուականէն։ Հայ հնագէտները կ՝իրականացնեն ատիկա ֆրանսացի հնագէտներու հետ միասին։ Սեպտեմբերին հայ-հրէական խումբը պիտի զբաղի V-ձեւ թռուցիկներու ուսումնասիրութեամբ։ Հնագէտները կը փորձեն պարզել յուշարձաններու նշանակութիւնն ու տարիքը։
yerakouyn.com/2018/08/14