Նամակ երկրէն – ՀՈՍ ՈՒՐԱԽԱՆԱԼՆ ԱԼ, ՏԽՐԻԼՆ ԱԼ ՈՒՐԻՇ Է – Ռաֆֆի Տուտագլեան

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

14 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ:

Նամակ երկրէն

ՀՈՍ ՈՒՐԱԽԱՆԱԼՆ ԱԼ, ՏԽՐԻԼՆ ԱԼ ՈՒՐԻՇ Է

Անցնող քանի մը օրերուն դարձեալ Արցախ էի, հերթական այցելութեամբ հետեւելու Թուֆէնքեան հիմնադրամի ծրագիրներու գործադրութեան ընթացքին:

Մինչե ամսուն վերջը պէտք է նորոգուած բնակարաններ յանՁնենք երկու վիրաւորուած զինուորներու՝ Կարմիր Շուկայի եւ Մեծ Թաղերու մէջ, երկու տուն պէտք է յանձնենք սուրիահայ փախստական, բայց այժմ արդէն հայրենադարձ երկու ընտանիքներու՝ ազատագրուած Քաշաթաղի Բերձոր քաղաքին եւ Գետամէջ գիւղին մէջ:

Եղեգնաձորէն տարիներ առաջ տեղափոխուած եւ մեր հետ իբրեւ հողամշակ աշխատող այլ երիտասարդ ընտանիքի մը համար տուն կը կառուցենք Քաշաթաղի Վան գիւղին մէջ: Ու դեռ՝ վիրաւորուած այլ զինուորի մը համար պէտք է տուն հայթայթենք Ներքին Հորաթաղ գիւղէն, երկու տուն պէտք է կառուցենք եւ յանձնենք Քաղաթաղի հիւսիսի Հերիկի մէջ, պէտք է սկսինք նոյն շրջանի Տանձուտ գիւղի դպրոցի նորոգութիւնը, Մոշաթաղ գիւղի համայնքի կեդրոնը պէտք է սարքենք:

Ու դեռ՝ պէտք է կազմակերպենք նուռի եւ արքայանարինջի այգիներուն խնամքը, ցորենի եւ գարիի բերքի հետ կապուած խնդիրներուն լուծում պէտք է տանք: Ու դեռ՝ մինչե աշնան վերջը պէտք է մեր հիմնած գիւղի՝ Առաջամուղի նուռի այգիին առաջին բերքահաւաքը կազմակերպել: Ու դեռ՝ պէտք է շուտով աւարտենք փեթակներու բաշխումը՝ մեղր արտադրող գիւղացիներուն: Ու դեռ… Արդէն ինչ կարեւոր է մնացածը գիտնաք: Կարեւորը գործը շատ է, իսկ կարիքը՝ շատ աւելի:

Այս եւ այլ աշխատանքներու վերաբերեալ բազմաթիւ այցեր ու ժողովներ ունենալէ ետք, երեկոյան զով եղանակին տեղաւորուեցայ Ստեփանակերտի սրճարաններէն մէկուն մէջ, բաժակ մը հայկական համով գարեջուր ըմպելու եւ հանգստանալու յոյսով: Այդ րոպէին ինծի հեռաձայնեց Ռազմիկ Արզումանեանը, Armenian Wounded Heroes ֆոնտի համահիմնադիրը եւ տնօրէնը:

«Վաղը պիտի հանդիպիմ բանակի հրամանատարներուն, մեր գործերուն հետ կապուած քննարկումներ ընելու: Կուզեն որ դուն ալ ներկայ ըլլաս, որպէսզի բանակին հետ կապուած մեր երկու հիմնադրամներու համատեղ ծրագիրներու մասին եւս խօսինք«, ըսաւ Ռազմիկ:
Պաշտպանութեան բանակի հետ գործակցաբար, Ռազմիկի ղեկավարած ֆոնտը անցնող երկու տարիներուն Հայաստանի եւ Արցախի առաջնագիծի գրեթէ բոլոր զինուորներուն տրամադրած է առաջին բուժօգնութեան նորագոյն փաթեթները, իսկ Թուֆէնքեան հիմնադրամի հետ համատեղ աշխատանքով կ’իրականացնէ պաշտպանութեան համար արեւային բանելներու (solar panels) եւ այլ սարքերու պատրաստման եւ տեղադրման ծրագիրը:

Յաջորդ օր առտու կանուխ մեկնեցանք Արցախի հիւսիս արեւելեան շրջանի զօրանոցներէն մէկը: Այնտեղ եկած էին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարները: Պատիւը ունեցանք իրենց հետ մասնակցելու բանակի ուսումնական երկրորդ կիսամեակի մեկնարկման հանդիսաւոր միջոցառումին, լսեցինք նախարարներու եւ բարձրաստիճան սպաներու պարզ եւ անպաճոյճ, բայց եւ շատ գործնական եւ յստակ նպատակներ առաջադրող խօսքերը: Անոնք ամպագոռգոռ ճառեր չարտասանեցին, այլ խօսեցան աշխատանքներու առաջընթացին, խնդիրներու եւ անոնց լուծման, մնայուն կերպով հմտութիւններն ու գիտելիքները զարգացնելու մասին:

Հոգեպարար այս միջոցառումի աւարտէն ետք մեկնեցանք առաջնագիծ եւ ականատես եղանք, թէ ինչպէս նախարարներն ու բարձրաստիճան սպաները մանրամասնօրէն հետաքրքրուեցան դիրքերու վրայ ծառայող զինուորներու իրավիճակով՝ անոնց բարեկեցութեամբ, առողջութեամբ, մարտական պատրաստուածութեամբ, սնունդով, հոգեբանական վիճակով, եւայլն: Յետոյ զրուցեցին զինուորներու հետ այլազան հարցերու մասին ու վերջաւորութեան մետալներ յանձնեցին իրենց ծառայութեամբ յատկանշուող 4 զինուորներու:

Սպաներէն մէկը յիշեցուց, որ Կիրակի օրուան խաղողօրհնեքէն ետք զինուորները խաղող ստացած են եւ կ’ուզեն հրամցնել հիւրերուն: Շուքին տեղաւորուեցանք ու օրհնուած խաղողը զինուորներուն հետ ուտելէ ետք, անցանք մեր նիւթերու քննարկման:

Հանդիպումներու աւարտէն ետք Ռազմիկն եւ ես բարձր տրամադրութեամբ ինքնաշարժ նստանք, վերադառնալու քաղաք: Խոնարհ ու համեստ կը զգայինք մեր զինուորներու եւ սպաներու խրոխտութեան եւ ամրութեան առջեւ: Բայց միաժամանակ հպարտ էինք եւ գոհ: Ռազմիկը հպարտ էր, որ իր ծրագիրը մինչեւ տարեվերջ յաջողութեամբ պիտի հասնէր աւարտին եւ առաջնագիծի բոլոր զինուորները պիտի օժտուէին առաջին բուժօգնութեան լաւագոյն փաթեթներով: Արդէն հիմա ինք կրնար նոր ծրագիրներ մշակել: Ես ալ իր հետ գոհ էի, որ մեր հիմանդրամներու համատեղ ծրագիրը եւս բաւական առաջընթաց արձանագրած էր եւ արդէն պիտի տար իր արդիւնքները:

Վերադարձին, հազար ու մէկ նիւթերու շուրջ զրուցելով՝ անցանք լեռնային քարքարոտ ճանապարհներէ ու փոշոտ դաշտերու մէջէն: Հրաշալիօրէն գեղեցիկ ու երկնային է Արցախի բնութիւնը: Ռազմիկ ըսաւ.

«Գիտե՞ս, աշխարհի մէջ շատ տեղեր եղած եմ, Ամերիկաներ ու եւրոպաներ, բայց այստեղ ուրիշ է, այս գեղեցկութիւնը ուրիշ է: Հոս նոնյիսկ ուրախ զգալը ուրիշ է: Տխրիլը ուրիշ է, յուզուիլը ուրիշ է: Մեր զինուորներն ալ ուրիշ, սպաներն ալ ուրիշ են: Այս զգացումը ուրիշ տեղ չկայ»:

Ժպիտով համաձայնութիւնս յայտնեցի ու հայրենի չքնաղ բնութեան մէջէն շարունակեցինք մեր ճամբան:

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com

www.facebook.com/raffi.doudaklian/posts/10216942290972112

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail