15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, 14 Օգոստոսին յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն ուշադրութեամբ կը հետեւի Մարտ 1-ի գործով հայաստանեան դատական համակարգին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ Politik.am-ը։
«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը շատոնց կը փափաքէր տեսնել Մարտ 1-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն ամբողջական եւ անկողմնակալ քննութիւնը: Այդ ողբերգութեան զոհ գացածներուն համար արդարադատութիւն իրականացնելու եւ թափանցիկութիւնը ապահովելու համար, այդ դէպքերու քննութիւնը կը պահանջուէր երկար տարիներէ ի վեր»,- ըսաւ դեսպանը:
Ըստ Միլզի՝ գործընթացներուն՝ օրէնքին համապատասխան տեղի ունենալը կարեւոր է: «Յանցանք գործած կամ կասկասծելի անձերու նկատմամբ որեւէ գործողութիւն իրականացնելու ընթացքին, կողմերուն՝ իրաւունքի գերակայութեամբ եւ Հայաստանի օրէնքներուն եւ կանոնակարգերուն համահունչ կերպով առաջնորդուիլը շատ կարեւոր է»,- նշեց դեսպանը:
yerakouyn.com/2018/08/15/