15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Սպիտակ տան տնտեսական խորհրդատու Քեւին Հասեթ յայտարարեց, թէ թրքական լիրայի արժեզրկման պատճառը Թուրքիոյ ժողովրդավարութենէն հեռանալն է: Յայտարարութիւնը այն թիւր տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ Թուրքիան ժողովրդավար էր, սակայն անկէ հեռացաւ 2016-ին, երբ ամերիկացի մը` պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը ձերբակալեց:
Եթէ խօսքը կը վերաբերի Էրտողանի իշխանութեան շրջանին, ապա Թուրքիան արդէն տարիներէ ի վեր հեռացած է ժողովրդավարութենէն: Աւելի՛ն, այդ երկիրը իրողապէս երբեք ալ ժողովրդավար չէ եղած, այլ միայն` ձեւականօրէն:
Թրքական դրամանիշի անկումը սկսաւ, երբ Ուաշինկթըն Պրանսընի հարցով պատժամիջոցներ հաստատեց Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Ապտուլհամիտ Կիւլի եւ Սուլէյման Սոյլուի դէմ` զանոնք մեղադրելով «մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներու» յանցանքով: Ըստ երեւոյթին, 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջումի փորձէն ետք, Պրանսընի ներկայացուած նոյն ամբաստանութեան հիմամբ 50-60 հազար մարդոց ձերբակալումը եւ պաշտօնէ արձակումը ընդամէնը կատակ մըն էր, շատ-շատ մտահոգիչ երեւոյթ մը, սակայն ոչ աւելին, իսկ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիի մը ձերբակալութիւնը` «մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտում» մը:
Թուրքիան 1974-էն ի վեր գրաւած է հիւսիսային Կիպրոսը, 1993-էն ի վեր շրջափակած է Հայաստանը, 2016-էն ի վեր բռնագրաւած է Սուրիոյ հիւսիսը, զօրակցած է եւ կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու, միլիոնաւորներ սպաննած է, ցեղասպանութիւն գործած է. այս բոլորը ընդունելի են, սակայն Աստուած մի՛ արասցէ ամերիկացի մը ձերբակալէ… ո՛չ, ո՛չ եւ երիցս ո՛չ, այդ մէկը արդէն աններելի յանցանք է:
aztagdaily.com/archives/405364