15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Մեր հայրենիքին անցած ուղիին կապուած կը պարզուի որոշ երեւոյթներու պատկեր մը, որ կ՛ամփոփուի երեք կէտերու մէջ.
1.- Մէկ միլիոն մարդ արտագաղթած է Հայաստանէն:
2.- Բնակչութեան 50 առ հարիւրը աղքատացած է:
3.- Պետական պիւտճէի պարտքը անցած է 7 միլիառ տոլարը:
Աւելի՛ն. կը հաստատենք հետեւեալը. բազմաթիւ սպանութիւններ, անոնց մէջ` Ազգային ժողովի նախագահ, վարչապետ, փոխնախարար, գլխաւոր դատախազ, քաղաքական դէմքեր, ապստամբութեան փորձեր եւ ապստամբներու ձերբակալութիւններ, դատավարութիւններ եւ անոնց պատճառով` բանտարկեալներ:
Այսօր անցած են այդ փուլերը, եւ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք նոր քաղաքական ուժերու ձեւաւորում տեղի պիտի ունենայ կամ ձեւաւորուելու ընթացքի մէջ է: Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութեան համար նախապէս ընդդիմադիր ճակատը եւ անոր խմբաւորումները կ՛օգտագործէին արդար ընտրութեան, փտածութեան դէմ պայքարի, ընկերային ծառայութիւններու անբաւարարութեան եւ տարբեր տեսակի բռնութիւններու դէմ հռետորական արշաւներ:
Այսօր ժամանակը փոխուած է: Նիկոլ Փաշինեանի խմբակը նաեւ գիտէ, որ անցեալի լոզունգները չեն, որ անպայման քուէ կ՛ապահովեն եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը կը ձեւաւորեն: Այսօր գալիք 15-20 տարիներու համար ապագայ Հայաստանի ծրագիր պէտք է ներկայացնէ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ:
Արդար, ազատ եւ անկախ Հայաստանի կերտումէն ետք անպայման որ ապագայ Հայաստանի ծրագիրներն են, որ պիտի խանդավառեն հանրութիւնը:
Սակայն Հայաստանի ժողովուրդը այս փուլին որքանո՞վ պատրաստ է կամ, աւելի ճիշդը, հասուն է, որ թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ իր ունեցած բարձր գիտակցական կեցուածքին նման` այս փուլին ալ նոյն բարձր գիտակցութեամբ քուէատուփ երթայ: Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք քաղաքական նոր ուժերու ձեւաւորման մէջ էական դերակատարութիւն պիտի ունենայ առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդը: Անկախութենէն ետք առաջին անգամ է, որ նման առիթի մը առջեւ կը գտնուինք ազգովին եւ, ինչպէս ժողովուրդը չընդունեց նախորդ իշխանաւորները, նոյն ժողովուրդը պիտի յառաջացնէ Ազգային ժողովի պատգմաւորներու իշխանամէտներու կամ ընդդիմադիրներու պատկերը:
Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ըստ այնմ պէտք է պատրաստէ ապագայ Հայաստանի իր ծրագիրը:
Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ընտրութենէն ետք միայն կրնանք ըսել, որ ընդդիմութիւն կայ: Մինչ այդ բոլոր քաղաքական քայլերը յեղափոխական կամ հակայեղափոխական կը թարգմանուին:
aztagdaily.com/archives/405298