«Մոսկուան Բարձր Կը Գնահատէ Թուրքիոյ` Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներուն Միանալ Մերժելը» Կ՛ըսէ Լաւրով

15 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Անգարայի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիան բարձր կը գնահատէ Թուրքիոյ անկախ արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հակառուսական պատժամիջոցներուն չմիանալը:

«Արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ Ռուսիան եւ Թուրքիան անկախ ուղիով կ՛ընթանան», նշած է ան` աւելցնելով. «Մենք բարձր կը գնահատենք մեր գործընկերներուն հակառուսական պատժամիջոցներուն միանալ մերժելը»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ուշադրութիւն դարձուցած է այն իրողութեան վրայ, որ «աշխարհի կացութիւնը կը մնայ տագնապալի»:

«Մենք առանց չափազանցութեան կը գտնուինք համաշխարհային պատմութեան բեկումնային փուլի մէջ` երկբեւեռ, միաբեւեռ բնորդներէն ու նախագիծերէն բազմակեդրոն աշխարհակարգի կառուցման անցնելու փուլի մէջ, որ կը ձեւաւորուի իբրեւ առարկայական իրականութիւն», աւելցուցած է Լաւրով:

Լաւրով իր թուրք պաշտօնակիցին` Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու կողմէ երկիրներու դէմ միակողմանի քայլերը մերժելի են եւ կը հակասեն միջազգային բոլոր օրէնքներուն»` նշելով, որ ջանք կը թափուի Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ առեւտրական գործառնութեանց մէջ ազգային դրամանիշերը օգտագործելու ուղղութեամբ:

«Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ համաձայնութիւն գոյացնելու պատրաստակամութիւնը արմատական փոփոխութեան ենթարկեց Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը: Ինչպէս նաեւ Ռուսիան եւ Սուրիան ամբողջական իրաւունքը ունին ինքնապաշտպանութեան, եւ սուրիական բանակին պիտի աջակցինք ընդդէմ Ժապհաթ Նուսրային եւ այլ կազմակերպութիւններու», ըսաւ ան:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ընդգծեց. «Ներկայիս գլխաւոր առաքելութիւնը Սուրիոյ մէջ Ժապհաթ Նուսրային վերջ տալն է»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին նշեց. «Խուլիկանութեան ժամանակաշրջանը պէտք է վերջ գտնէ»:

«Խնդիրները լուծելու համար անհրաժեշտ է վերադառնալ երկխօսութեան: Միացեալ Նահանգներու կողմէ սպառնալիքներն ու ճնշումը պիտի յանգեցնեն միայն քաոսի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ամերիկացի պատուելի Պրանսընի գործով որեւէ փոփոխութիւն չկայ»:

Ան կոչ ուղղեց Իտլիպի մէջ ահաբեկիչները ճշդելու, ապա անոնց դէմ պայքարելու` նշելով, որ Իտլիպի դէմ լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծելը ճիշդ չէ:

«Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան միակողմանի քայլերուն չենք զօրակցիր եւ պիտի չզօրակցինք: Իրանի դէմ որդեգրուած քայլերը միջազգային օրէնքի վրայ չեն հիմնուած եւ զանոնք կարելի չէ ընդունիլ ու անոնց հարցով գործակցիլ», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Այս քայլերը հակառակ արդիւնքը պիտի տան, եւ Թուրքիան իր տնտեսութեան զարգացման համար պիտի փնտռէ այլընտրանքներ եւ նոր դաշնակիցներ»:

aztagdaily.com/archives/405386

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail