Նոր Զարթօնք մը՝ Հարցազրոյց Նոր Զարթօնքի անդամ Սայաթ Թեքիրի հետ

26 սեպտեմբեր0215

Թուրքիոյ մէջ իրաւունքներու բռնաբարման դէմ հայկական պայքար մը
Ա. Մաս
Յունիսի վերջաւորութեան, մինչ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական նախկին ամառնային «Արմէն» գաղթակայանը փրկելու ցոյցերուն 53-րդ օրն էր, պոլսահայ գործիչ եւ հայկական Նոր Զարթօնք շարժումին անդամ Սայաթ Թեքիրի հետ «Արմինիըն Ուիքլի»ն ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութեանց դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, Նոր Զարթօնքի կազմութեան եւ առաքելութեան եւ վերջերս արձանագրուած ողբերգութեանց, ներառեալ Հրանդ Տինքի եւ Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւններուն եւ Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներուն դէմ յարձակումներուն
։
Խօսելով Թուրքիոյ մէջ հայ հայմանքի կեանքին մէջ տիրող վախի մթնոլորտին մասին՝ Թեքիր կարգ մը անձնական դրուագներ պատմեց եւ բացատրեց. «Նոյնիսկ անունս վախի արդիւնք է։ (Ծնողներս) զիս կոչեցին Սայաթ, երբ իրականութեան մէջ կ’ուզէին զիս Արարատ անուանել»։

Թեքրի խօսեցաւ իսլամացուած-թաքուն հայերու եւ անոնց համայնքի գիրկ վերադարձին մասին։ Խօսքը ուղղելով անոնց, որոնք այդ քայլը կը մերժեն ան ըսաւ. «Չենք կրնար համայնքի դարպասներուն պահապան կանգնած թիկնապահներ ունենալ։ Ոեւէ մէկը կրնայ համայնքին մաս կազմել։ Եւ անոնք պէտք է մաս կազմեն, որովհետեւ մեզ պիտի վերաշխուժացնեն։ Այս կ’ըսեմ իբրեւ հայ»։

Գործիչը մօտէն ծանօթացուց «Արմէն» Ճամբարի շարժումը, որ սկսաւ Մայիսի սկիզբը՝ ճամբարը քանդելու համար քարշակներու ժամանումէն անմիջապէս ետք։ Շուրջ 1500 մանուկներ, որոնցմէ շատեր որբեր էին եւ ճամբարը նկատեցին իրենց տունը։ Անոնց շարքին էր ողբացեալ Հրանդ Տինքը։ 1987ին, պետութիւնը ճամբարը գրաւեց Կետիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկէն։ Թեքիր ընդգծեց ճամբարը փրկելու պայքարին նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ այն աջակցութիւնը, զոր ստացաւ ընդհանուր հասարակութենէն։ Սփիւռքին աջակցութեան կոչ ուղղելէ ետք, ան աւելցուց.«Հայկական հարցը այստեղ 100 տարի առաջ լուծուեցաւ։ «Արմէն» ճամբարը մեր վտանգուած արժանապատուութիւնն է։ Բաւ է»։

Թեքիր բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս գաղթակայանի կամ հայկական նոյնպիսի որեւէ կալուածի գրաւումը պարզապէս հողի կամ կալուածի իրաւունքի հարց չէ, այլ ժողովուրդի մը ինքնութեան դէմ ոտնձգութիւն մը, որովհետեւ այդպիսի կալուածներու վարձքէն կամ օգտագործումէն գոյացած եկամուտը պիտի նպաստէր համայնքի կրթական եւ առողջապահական մարզի աջակցութեան։ «Առանց այդ կալուածներուն համայնքի մը թէ՛ ինքնութիւնը, թէ՛ ալ գոյութիւնը վնաս կը կրեն»։

Այս հարցազրոյցէն շաբաթներ ետք, 13 Օգոստոսին, «Արմէն» գաղթակայանը փրկելու նստացոյցի 100-րդ օրը խումբ մը անծանօթներ կէս գիշերուան մօտ յարձակեցան եւ գաւազաններով ծեծեցին երկու գործիչներ։ Մնացեալ գործիչները շարունակեցին իրենց նստացոյցը, սպասելով որ ներկայ սեփականատէրը՝ Ֆաթիհ Ուլուսոյը, գործադրէ Կետիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնարկին վերադարձնելու իր խոստումը։

Նանոր Պարսումեան- Ներկայացուցէք Նոր Զարթօնքը։ Ի՞նչպիսի նախաձեռնութիւններ կը կատարէք։ Ի՞նչ է ձեր նպատակը։

Սայաթ Թեքիր- 2004-ին, Նոր Զարթօնքը հիմնուեցաւ իբրեւ ե-նամակի հասցէատէրերու ցանկ, որ ի մի խմբեց հայ երիտասարդութիւնը, գլխաւորաբար իբրեւ քննարկումի բեմահարթակ մը։ Սակայն 2005-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 90-ամեակին, Հրանդ Տինքի հետ կազմակերպեցինք կլոր սեղան մը։ Նոյնպիսի բան մը ըրինք 2006-ին։ 2005-էն ետք ուզեցինք Նոր Զարթօնքը կեանքի կոչել։ Դժբախտաբար օրին, մեզ յառաջ մղելու ուժը չունէինք։ Դժբախտաբար այդ մղիչ ուժը եղաւ Հրանդ Տինքի ահաբեկումը (19 Յունուար 2007)։ Ուստի մեր նպատակը դարձուցինք զօրացնել Նոր Զարթօնքը եւ խօսիլ Թուրքիոյ մէջ հայերու իրաւունքներուն մասին։

Հրանդ Տինքի հետ խօսած էինք այսպիսի նախաձեռնութեան մը ձեռնարկելու մասին։ Օրին թիւով քիչ էինք եւ չէինք կրնար Հրանդ Տինքի հետ հանդիպիլ, իսկ անոր ահաբեկումէն ետք, այդ մէկը վերածուեցաւ մեր պատգամներէն մէկուն՝ ժողովրդավարութեան հարցը, եւ անհատական ու համայնքային իրաւունքները պահանջելու։ Ահա թէ ինչու մեր կեանքերը ասոր կը նուիրենք։

Թուրքիոյ հայութեան համար 100 տարի առաջ Լոզանի դաշնագիրին համաձայն գծուած է սահման մը, որ փոքրամասնութեանց իրաւունքները կը սահմանափակէ։ Մեր ժողովուրդը ստիպուած եղած է այդ սահմաններուն մէջ մնալու։ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած էր, սակայն նաեւ հանրապետութեան ստեղծումէն ի վեր գործուած են այլ անարդարութիւններ՝ անարդար տուրքեր, անարդար օրէնքեր, ջարդեր եւ փոկրոմներ, եւ ասոնք պարզապէս աւելցուած են ցեղասպանութեան յիշողութեան վրայ։ Մեզի համար Հրանդ Տինքի ահաբեկումը վերահաստատեց այն իրողութիւնը, թէ նշեալ անարդարութիւնները կը շարունակուին։ Ցեղասպանութեան մասին մեր հաւաքական յիշողութիւնը վերակենդանացաւ Տինքի սպանութեամբ եւ յետագային Սեւակ Պալըքճըի եւ Մարիցա Քիւչիւքի սպանութիւններով։

Գոյութիւն ունի վախի մթնոլորտ մը։ Բացատրեմ. այս վախը կը հասկնամ, նաեւ կը վախնամ։ Վախնալը բան մըն է, վախին գերին ըլլալը՝ այլ բան։ Կը հասկնամ, սակայն այլեւս չենք կրնար այս վախով ապրիլ, եւ իբրեւ Նոր Զարթօնք, կ’ուզենք այդ սահմանները շրջանցել։ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, աշխարհի տարածքին փոքրամասնութեանց հետ վարուելակերպի եւ ժողովրդավար իշխանութեան վերաբերեալ բազմաթիւ փոփոխութիւններ արձանագրուած են։ Այս շապիկը , զոր մեզի ստիպած են հագնիլ, այլեւս դադրած է մեր չափին ըլլալէ… Տինքի սպանութենէն ի վեր։ Անցեալին հայ մայրեր իրենց զաւակներուն կը թելադրէին հրապարակաւ զիրենք «մայրիկ» չկոչել։

Սփիւռքի մէջ մարդիկ կը մտածէին, թէ Թուրքիոյ հայերը կը թրքացուին, թէ մեր արժէքները փոխուած են, թէ մեր ինքնութիւնը չենք պահած։ Բայցեւայնպէս, պէտք է գիտակցիլ, որ ատիկա (թրքահայերուն) համար գոյատեւելու միջոց էր։ Եթէ դուն Ամերիկայի մէջ կամ այլուր ամէն օր ձեր ամենէն մեծ շրջանառութիւն ունեցող թերթերուն իբրեւ խորագիր տեսնէիք «հայ շուներ»-ը կամ «հայ դաւաճաններ»-ը, այդ վախը կը զգայիք։

Ձեզի պատմեմ այս անձնական դրուագը։ (Թուրքիոյ նախագահ) Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը վիրաւորուեցաւ հայ կոչուելուն համար, եւ նոյնիսկ ներումի հայցում պահանջեց։ Մենք հակազդեցինք «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ կազմակերպելով ցոյց մը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ հայեր։ Անշուշտ մեր ցոյցերուն մասնակցեցան այլ մարդիկ. ցոյցը կարելի չէր յաջողցնել միայն հայերով, որովհետեւ մեր թիւը շատ քիչ է։ Կարդացի մամլոյ հաղորդագրութիւնը։ Երբ տուն վերադարձայ եւ օրուան ձեռնարկին մասին մօրս պատմեցի (զանց առնելով այն բաժինը, որ մեր հաղորդագրութիւնը ես կարդացի), ան ինծի ըսաւ. «Յուսամ ցոյցին ետեւի շարքը մնացիր»։ Պատասխանեցի. «Ի՞նչ ըսել կ’ուզես ցոյցին ետեւի շարքը, կազմակերպիչներէն մէկն էի»։ Այնպէս որ մեզի համար միշտ վախը գոյութիւն ունի…։

Ն.Պ.- 100 տարիէ ի վեր այդ վախով կ’ապրիք։ Դանակը ձեռ ոսկորին զգացած էք։
Ս.Թ.- Այդպէս էր։ Նոյնիսկ անունս այդ վախին արդիւնքն է։ Զիս կոչեցին Սայաթ, երբ զիս կ’ուզէին Արարատ անուանել։ Մտածեցին, որ երբ զիս զօրակոչի ենթարկեն Արարատ անունը շատ արագ պիտի մատնէր հայ ըլլալս, ուստի ընտրեցին Սայաթը, որ թրքական անուններու կը նմանի։ Ո՛չ հայրս, ո՛չ ալ մեծ հայրս վախկոտ էր, սակայն անոնք այդ բաները ապրած էին, բանակին մէջ խտրական վերաբերմունքի փորձառութիւնը ունէին։ Զօրակոչի ենթարկուեցայ։ Նոյն շրջանին զօրակոչի ենթարկուեցաւ նաեւ Սեւակ Պալըքճըն, որ թրքական անուն մըն ալ ունէր՝ Սեւակ Շահին Պալըքճը, զինք Շահին կը կոչէին, սակայն հակառակ ասոր սպաննուեցաւ (24 Ապրիլ 2011)։

Անշուշտ, կառավարութիւնը կը փորձէ համայնքին հետ լուրջ հարց չունենալ, սակայն չենք ապրիր երկրի մը մէջ, ուր ամէն ինչ վարդագոյն է. գոյութիւն ունին աջակողմեան եւ ֆաշիստական թեքում ունեցող խմբաւորումներ, որոնք կրնան բռնարարքի դիմել։ Եւ անշուշտ երկրին մէջ արդարութեան մեծ հարց մը կայ, անոնք, որոնք հայեր կը սպաննեն, պատիժի չեն ենթարկուիր։ Սեւակ Պալըքճըն սպաննած անձը եւս ազատ է։ Մեզի հետ նոյն փողոցներուն վրայ կը քալէ։ Այդ մէկը մեր համայնքի անդամներուն մօտ որոշ զգացական մթնոլորտ մը կը ստեղծէ. կրնաս փողոցը այդ մարդասպաններէն մէկուն հանդիպիլ։ Մարիցա Քիւչիւքի սպանութեան պարագային դատավարութիւնը կը շարունակուի, եւ մենք անոր կը հետեւինք։ Անիկա մաս կը կազմէ Նոր Զարթօնքի աշխատանքին։ Կը հետեւինք այդ դատերուն, լրատուամիջոցներուն անդրադարձին եւ հասարակական կարծիքին։

Ն.Պ.- Կ’ուզէ՞ք այս հարցերը արծարծել լրատուամիջոցներուն…
Ս.Թ.- Այո՛, եւ այդ է պատճառը, որ նաեւ անդամ ենք Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան։ Կը փորձենք կապ հաստատել կուսակցութենէն քաղաքագէտներու հետ եւ զանոնք հրաւիրել մեր ձեռնարկներուն, որովհետեւ անոնք լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն, ուստի աւելի լայն հասարակութիւն մը կը հետաքրքրուի այս հարցերով եւ դատարաններուն վրայ որոշ ճնշում կը բանեցուի։
Այն ինչ որ Մարիցա Քիւչիւքի պարագային պատահեցաւ այն է, որ անոնք երկու ամիս հետաքննութիւն կատարեցին եւ հայու մը անունը մէջտեղ նետեցին։ Անոնք ըսին, որ ոճիրը ան գործած է եւ թմրամոլ մըն է։ Կը պնդեն, որ ան այդտեղ էր։ Թերեւս ան ոճրագործներէն մէկն է, սակայն այդտեղ «Տի.Էն.Էյ.»-ի երկու այլ օրինակներ յայտնաբերուեցան։ Զանոնք մենք գտանք եւ ոչ թէ ոստիկանութիւնը։
Nor-Zar-2 (1)

Ն.Պ.- Նոր Զարթօնքը հետաքննիչնե՞ր վարձեց։

Ս.Թ.- Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց ընկերակցութեան հետ միասնաբար հետաքննութիւն կատարեցինք եւ այսպիսի փաստ գտանք։ Անոնց փաստաբանները, ինչպէս Էրեն Քեսքինը մեծ դեր ունեցան։ Հակառակ այս փաստերուն, երբ հարցնես՝ ինչ պատահեցաւ, պատասխանն է. «Հայ մը սպանեց մէկ այլ հայ մը» եւ ոչ աւելին։ Սակայն նոյն ատեն այլ դատեր ալ կային։ Օրինակ՝ երեք անհատներ փորձեցին առեւանգել տարեց հայ կին մը. ոչ թէ մէկ, այլ երեք անհատներ։ Եկեղեցին քարկոծուեցաւ։ Տարեց կին մը խոշտանգուեցաւ եւ իր աչքը կորսնցուց։ Քիւչիւքի սպանութեան հարցով ձերբակալուած անձը ըսաւ, որ անոր կրծքին խաչ գծած է։ Ոստիկանութիւնը ըսաւ, որ ան ցնցուած էր եւ անհաւասարակշիռ վիճակի մէջ։ Մինչեւ օրս, զոհին դիակի ոչ իսկ մէկ լուսանկար հրապարակուած է։ Նոյնիսկ ընտանիքին լուսանկար մը չտրամարդեցին։ Ուստի մարդուն դատապարտումէն ետք, լրատուամիջոցները դադրեցան հարցին հետեւելէ։
Բարի՛ եկած էք Թուրքիա։

Ուստի ի՞նչ կ’ընենք։ Թուրքիոյ հայ համայնքին մէկ պատգամ ունինք. «Առանձին չէք»։ Որովհետեւ համայնքը մասնատուած է, անոնք բոլորն ալ անկիւնը ծուարած են, առանձին։ Ուստի անոնց կ’ըսենք, որ մինակ չեն։
Ահաւասիկ մէկ այլ պատմութիւն մը։ Էւա Աքսոյ դատ բացաւ, որովհետեւ դրացուհին իրեն պատգամ մը յղած է ըսելով. «Մեր երկիրը ձեզի պզտիկ կը թուի, ինչո՞ւ Երեւան չէք փոխադրուիր»։ Դէպքը սկիզբ առաւ, երբ Խոջալուի հարցով կազմակերպուեցաւ հակահայ հանդիպում մը, մասնակիցներ պատրաստեցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր «Հայկական սուտերուն մի հաւատաք»։ Ատկէ ետք դրացին պատգամը նետեց Էւա Աքսոյի պարտէզին մէջ։ Ձեզի կը վստահեցնեմ, որ մեր համայնքի անդամներուն 99 առ հարիւրը պիտի չհակազդէր՝ ինչպէս որ ան հակազդեց. ան իր դրացիին դէմ դատ բացաւ ատելութեան խօսքի ամբաստանութեամբ։ Դատը տեւեց երկու տարի եւ իբրեւ արդիւնք դատարանը յանցագործին թելադրեց անգամ մըն ալ արարքը չկրկնել։ Կը յիշեմ դատական նիստը։ Մեզմէ 50 հոգի ներկայ էր, Էւա Աքսոյը նստաւ կեդրոնը, ամբաստանեալը աւելի տարեց մարդ մըն էր։ Ան զգաց, որ արեան ճնշումը կը բարձրանայ, ուստի ոտքի ելաւ ու դատավճիռէն առաջ հեռացաւ։ Ուստի դատավարութիւնը աւարտեցաւ առանց պատիժ սահմանելու։ Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ անկէ ետք. Ըսինք, որ այս կինը առանձին չէ։ Այժմ, երբ մարդը ճամբան դիմացէն Էւային գալը տեսնէ, իր ճամբան կը փոխէ։

Ն.Պ.- Ըսել կ’ուզէք, որ անոր դէմ հաստատուած արգե՞լք մը կայ։

Ս.Թ.- Ո՛չ, օրէնքի հետ կապ չունի։ Պարզապէս իր ճամբան կը փոխէ, երբ մեզ կը տեսնէ։ Մեզմէ 50 հոգիի աչքերը անոր վրայ են… Բոլորը ինծի պէս կարճահասակ չեն (Կը խնդայ): Ուստի այդպիսի բաներ կ’ընենք։
Նաեւ ունինք ձայնասփիւռի կայան մը, որ կը կոչուի «Նոր Ռատիո»։ Զայն հիմնեցինք 17 Յունուար 2009-ին, այսինքն 6,5 տարիէ ի վեր կը գործէ։ Համացանցի վրայ անոր հասցեն է norradyo.com։ Սփռումներ կատարած ենք 15 լեզուներով՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութեանց լեզուներով։ Արեւմտահայերէնով, արեւելահայերէնով եւ համշէնահայերէնով յայտագիրներ ունինք։ Միայն փոքրամասնութեան հարցերը չենք քննարկեր, կը խօսինք նաեւ կիներու իրաւունքներու, կենսոլորտային հարցերու, աշխատաւորներ իրաւունքներու, ընկերային իրաւունքներու, մինչեւ իսկ կենդանիներու իրաւունքներու մասին։ Կը գործակցինք ասորիներուն ու չերքեզներուն հետ։ Անոնք մեր ցոյցերուն ներկայ կ’ըլլան, մենք ալ՝ անոնց ցոյցերուն։ Անշուշտ, մենք հայ ենք, հայերու շառաւիղ ենք, սակայն պէտք է զօրակցինք ժողովուրդներու, որոնք մեզի նման ցաւեր ունին եւ մեզի նման ճնշուած են։ Եթէ համակարգը պիտի փոխենք՝ այսպէս պիտի փոխենք։

«Նոր Ռատիո»-ն նաեւ այս ձեւով հիմնուեցաւ։ Այո, անունը հայկական է, առաջին սփռումները հայերէն էին, աշխատակիցները հայեր էին, սակայն ե՞տքը։ Մտածեցինք, որ ատիկա մեր տեսակէտները լաւ ձեւով պիտի չարտայայտէ, որովհետեւ մեզի պէս բազմաթիւ ուրիշներ կան, որոնք ատելութեան խօսքի, ատելութեան ոճիրի եւ խտրականութեան զոհեր են։ Միայն մեր պայքարին մասին չխօսինք, խօսինք նաեւ այդ ժողովուրդներու պայքարին մասին։

Հայկական մշակութային եւ միասնականութեան միութիւն մը ունինք, որ կը կեդրոնանայ մշակութային հարցերու վրայ, մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի։ Օրինակի համար, լեզուի դասընթացքներ կը տրամադրենք։ Այդ մէկը հիմնեցինք 2010-ին։ Դասընթացքը աւարտածներուն թիւը աւելի քան 50 է, անոնց մեծամասնութիւնը ոչ հայեր են եւ կրնան հայերէն խօսիլ։ Ոմանք ակադեմականներ են, անոնցմէ մէկը հրեայ մըն է, որ թրքերէնով Հայոց պատմութեան մասին երկու գիրք գրած է։ Ուրիշներ կան, որոնց կողակիցները հայ են։ Նաեւ իսլամացուած հայեր կան, որոնք կ’ուզեն իրենց մշակոյթին մասին տեղեկանալ։ Երբեմն հայկական շարժանկարներ կը ցուցադրենք։ Այդ մէկը ձեզի համար կրնայ մեծ բան չըլլալ, սակայն Պոլսոյ մէջ մեզի համար ատիկա նկատառելի է (կը խնդայ)։ Կը հրատարակենք գիրքեր թրքական դասագիրքերուն մէջ փոքրամասնութիւններուն դէմ խտրականութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթերով։ Մինչեւ հիմա երեք գիրք հրատարակած ենք։ Այժմ հայկական երգարան կը պատրաստենք։ Ունինք գրադարան մը, ուր ցեղասպանութեան, պատմութեան, մշակոյթի մասին գիրքեր կան, ուստի եթէ մէկը հայկական նիւթի մը շուրջ հետազօտութիւն պիտի կատարէ, կրնայ գալ եւ մեր գրասենեակին մէջ կատարել իր հետազօտութիւնը։ Յաճախ մեր (համայնքի) կազմակերպութիւններուն դուռը ընդհանուր հասարակութեան առջեւ փակ է, սակայն մենք մեր դռները միշտ բաց կը պահենք։ Այստեղ նախապաշարումներ կան, եւ հակադարձելու համար պէտք է գործակցինք։ Եկէք եւ մեզ տեսէք, ունինք մեր գիրքերը, որոնք տեսակէտներու լայն դաշտ մը կը ներկայացնեն։ Եկէք խօսինք։ Մեր դռները բաց են։ Խօսինք, եթէ կը կարծէք հարց մը կայ։ Այդպիսի փոքր առաքելութիւն մըն ալ ունինք։

Մեր ծախսերը կը հոգանք մեր անդամներու նուիրատուութիւններով։ Պոլոսյ մէջ այնպէս է, որ անձ մը 1000 ամերիկեան տոլար կը նուիրէ, սակայն մենք կը նախընտրենք, որ 1000 անձ 1 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն կատարէ։ Այդ մէկը մեզի պիտի զգացնէ, որ ժողովուրդը մեզի թիկունք է։ Անցնող 10 տարիներուն որոշ յաջողութեան հասած ենք։ Կարգ մը ոլորտներու մէջ յաջողած ենք, ուրիշներու մէջ՝ ոչ։
Այժմ «Արմէն» գաղթակայանի մէջ որոշ յաջողութիւն կ’ունենանք։ Հարցը այլեւս «Արմէն»ին վերատիրանալու կամ զայն կորսնցնելու մասին չէ, այլ Թուրքիոյ ժողովուրդին հասկցնելն է, որ մեզմէ՝ փոքրամասնութիւններէն կալուածներ գրաւուած են։

Կը խօսինք «Արմէն» գաղթակայանին մասին, այդտեղ աշխուժութիւն կայ, սակայն «Արմէն»-ը 30 տարիէ ի վեր փակ է։ Այսօր Պոմոնթի Մխիթարեան դպրոցը, որ ներկայիս 40 ուսանողներ ունի կրնայ մեզմէ խլուիլ։ Անոր դէմ ալ կը պայքարինք։ Կ’ուզենք, որ այդ հարցը լուծուի իրաւաբանական միջոցներով, որպէսզի օրինակ ըլլայ եւ նախադէպ մը դառնայ։ Այդպիսի կալուածներու հարիւրաւոր պարագաներ կան։ Այդ կալուածները ինչո՞ւ մեզի համար կարեւոր են։ Անոնցմէ շահ պիտի չապահովենք։ Սակայն այդ կալուածները 70-ական թուականներուն մեզմէ խլուեցան, որովհետեւ Կիպրոսի հարցը, որ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ էր, պատճառ դարձաւ, որ այս կալուածները Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններէն գրաւուին։ Այդ կալուածներու վարձքերէն գոյացած գումարները կ’երթային հայկական դպրոցներու, եկեղեցիներու եւ հիւանդանոցներու։ Այս բոլորը ի՞նչ կը նշանակէ. եթէ ինքնութիւնս պիտի պահեմ՝ պէտք է դպրոց երթամ, եւ եթէ դպրոցները չֆինանսաւորուին եւ փակուին, ապա չեմ կրնար ինքնութեանս կառչած մնալ։

Այսինքն այս մէկը պզտիկ հարց մը չէ, միայն կալուածի հարց չէ, այլ նաեւ ինքնութեան։

http://www.horizonweekly.ca/news/details/73450

շարունակութիւնը տեսնել յաջորդին—–

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail