16 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵԼ – ՀՆԱՐԵԼ:
Սուրիական պատերազին ընթացքին Գանատա տեղափոխուած 21-ամեայ Շուշի Պեքիարեան օդանաւներու համար ստեղծած է սարք մը, որ կ՝աշխատի վերականգնուող ուժի միջոցով:
Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին փոխանցած տեղեկութիւններով՝ սարքը, որ կը կրէ «Ventus» անունը, նախատեսուած է փոքրիկ օդանաւներու համար, եւ որ քամիի ուժի միջոցով հնարաւորութիւն կու տայ օդանաւին մէջ լիցքաւորել բջիջային հեռախօսներ, պլանշէթներ, GPS-ներ եւ այլ միջոցներ, ինչպէս նաեւ 3-5 աստիճանով սառեցնել օդը։
Շուշին ծնած եւ մեծցած է Հալէպի մէջ, ուրկէ 2016-ին հեռացած է ու հաստատուած Գանատա: Այստեղ ան ընդունուած է Քոնքորտիայի համալսարանի տիեզերական ճարտարագիտութեան բաժին, ուր սկսած է ուսումնասիրել թռիչքային, վերականգնուող ուժի եւ ուժի շարժիչային համակարգերը:
Շուշին այս տարեսկիզբէն կ՝աշխատի «Stratos Aviation» կոչուող ընկերութեան մէջ, իբրեւ վարիչ: Այս տարի ան հիմնադրած է «Stratos Aerospace Lab»-ը, որուն նպատակն է խթանել թռիչքային համակարգերու եւ ճարտարագիտութիւններու զարգացումը ուսանողներու, ճարտարագէտներու, ձեռնարկատէրերու համար:
yerakouyn.com/2018/08/1