17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` «չփորձելու Թրամփի համբերութիւնը» եւ ազատ արձակելու ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը:
«Պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը անմեղ մարդ է, որ բանտարկուած է Թուրքիոյ մէջ: Նախագահն ու ես պիտի շարունակենք անյողդողդ մնալ, մինչեւ որ պատուելի Պրանսընը ազատուի եւ վերադառնայ իր ընտանիքին, ընկերներուն եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր եկեղեցւոյ մօտ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Փենս:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը նաեւ յայտարարած է, որ «Թուրքիան աւելի լաւ է չփորձէ նախագահ Թրամփի համբերութիւնը», որովհետեւ վերջինս մտադիր է հասնիլ այն բանին, որ այլ երկիրներու մէջ անարդարօրէն բանտարկուած ամերիկացիները վերադառնան տուն` Միացեալ Նահանգներ:
Յիշեցնենք, որ Պրանսընն ու անոր կինը, որոնք Իզմիրի մէջ կը ղեկավարէին եկեղեցի մը, կալանաւորուած են 2016-ին` գաղթի օրէնքը խախտելու մեղադրանքով:
Աւելի ուշ, հոգեւորականին մեղադրանք առաջադրուած էր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին հետ կապեր ունենալու յանցանքով:
Ան կրնայ մինչեւ 35 տարի բանտարկուիլ:
aztagdaily.com/archives/405496