17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Վարոս Բաբայեան
Քաղաքական-պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Երիտասարդ համալսարանական ուսանող` 1915-ին Թիֆլիսէն կը մեկնի ազատագրուած Վան:
1919-ին Երեւանի մէջ կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Նոյն թուականին կ՛ընտրուի նորանկախ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ: Ալեքսանդր Խատիսեանի դահլիճին մէջ կը գործէ իբրեւ աշխատանքի նախարարի օգնական:
2 դեկտեմբեր 1920-ին մինչեւ 17 փետրուար 1921 Հայաստանի Յեղկոմն ու Չեկան, ձեռք ձեռքի տուած, արիւն ու աւեր սփռեցին հայրենիքի մէջ` անխնայ հալածելով, բանտարկելով, աքսորելով, գնդակահար կամ կացինահար խողխողելով, քանդելով եւ կեղեքելով, լրբանալով ու բռնանալով քաղաքային թէ զինուորական բնակչութեան վրայ: Բանտերը լեցուեցան պետական թէ զինուորական ղեկավար դէմքեր: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Վարոս Բաբայեան Վրաստան անցնելու ճամբուն կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի Երեւան, ազատ կ՛արձակուի շնորհիւ Փետրուարեան ապստամբութեան:
Վարոս Բաբայեան 1941-ին Թեհրանի մէջ կ՛առեւանգուի Չեկայի գործակալներու կողմէ:
Զօր. Յակոբ Բագրատունի
Յակոբ Բագրատունի. ռուսական եւ հայկական բանակի ռազմական եւ պետական գործիչ, ռուսական բանակի զօրավար-հազարապետ, ինչպէս նաեւ հայկական բանակի զօրավար:
Ծնած է 25 օգոստոս 1879-ին, Ախալցխա, հայկական ազնուական ընտանիքի մէջ, սերած է Բագրատունիներու հայ իշխանական տոհմէն: 1898-ին աւարտած է Թիֆլիսի արական ուսումնարանը ոսկիէ մետալով, ապա` 1900-ին Քիեւի առաջին ռազմական ուսումնարանը, առաջիններէն եղած է շրջանաւարտներուն մէջ:
Բագրատունի յաջողութեամբ աւարտած է հետախուզական կարեւոր առաջադրանքը Պարսկաստանի մէջ: 1904-ին եղած է պորուչիկ (ցարական բանակի զինուոր): Նոյն տարին մտած է Գլխաւոր սպայակոյտի ակադեմիա, բայց 1905-ին ընդհատած է ուսումը եւ մեկնած է ռուս-ճափոնական ռազմաճակատ: Ղեկավարած է Արեւելասիպերիական գունդի 19-րդ վաշտը: 25 փետրուար 1905-ին Պուխէ գիւղի մարտերուն վիրաւորուած է եւ` ջարդուածք ստացած, բայց շարունակած է ղեկավարել վաշտը: Ռազմական արժանիքներու համար պարգեւատրուած է Ս. Աննայի 4-րդ աստիճանի շքանշանով` մակագրութեամբ «Արիութեան համար» եւ Ս. Ստանիսլաւի 3-րդ աստիճանի սուրերով եւ ժապաւէնով շքանշանով:
1907-ին աւարտած է Կայսերական գլխաւոր սպայակոյտի Նիկոլայեւեան ակադեմիան, եղած է սպայ-զօրագլուխ, ղեկավարած է վաշտ` Քեքսհոլմի բանակի գունդին մէջ: 26 նոյեմբեր 1908-ին եղած է զօրագլուխ, թուրքիստանեան ռազմական շրջանի սպայի օգնական: Անկէ ետք ղեկավարած է շրջանի սպայակոյտի 4-րդ (հետախուզական) բաժանմունքը:
Յակոբ Բագրատունի կատարած է ռազմաքաղաքական եւ հետախուզական կարեւոր յանձնարարութիւններ` Իրանի, Մոնկոլիոյ, Թիպեթի, Քորէայի եւ Աֆղանիստանի մէջ, միջինասիական Պուխարա, Քաշկար, Քերմիշ, Քուշքա, Մերվ, Թաշքենդ քաղաքներուն մէջ: Բացայայտած է համաթրքական պատուիրակներու դաւադրութիւնը:
Յակոբ Բագրատունի աշխուժօրէն մասնակցած է Ա. Համաշխարհային պատերազմին, եղած է սպայ` թուրքիստանեան առաջին բանակային զօրաբանակի սպայակոյտին մէջ: 1914 սեպտեմբերին աչքի կ՛իյնայ Հիւսիսարեւմտեան ճակատի ընթացքին, Լիկայի շրջանի մարտերուն մէջ գերազանցութեան համար պարգեւատրուած է Ս. Ստանիսլաւի 2-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով եւ Ս. Վլադիմիրի 4-րդ աստիճանի սուրերով եւ ժապաւէնով շքանշանով: 1914 հոկտեմբերէն մինչեւ 1915 յունուար ժամանակաւոր կատարած է թուրքիստանեան առաջին բանակային զօրաբանակի սպայակոյտի պետի պարտականութիւնները: 1915 յունուարէն մինչեւ 1916 նոյեմբեր եղած է սպայակոյտի պետ` 76-րդ հետեւակային բաժինի մէջ, թուրքիստանեան երկրորդ հրաձգային զօրագունդի մէջ, թուրքիստանեան հրաձգա-հրետանային զօրագունդի մէջ: 6 դեկտեմբեր 1915-ին` գնդապետ: Մարտերը գերազանց կատարելուն համար պարգեւատրուած է Ս. Գէորգի 4-րդ աստիճանի շքանշանով, Ս. Վլատիմիրի 3-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով եւ Ս. Աննայի 2-րդ աստիճանի սուրերով շքանշանով: 22 նոյեմբեր 1916-ին` 8-րդ թուրքիստանեան հետեւակային գունդի հրամանատար:
Եղած է ընտրուած պատուիրակ Համառուսական համագումարի սպաներու մէջ, որ տեղի ունեցած է 1917 մայիսին, Փեթերսպուրկի մէջ: 1917 յունիսէն ծառայած է ռազմական եւ ծովային նախարար Ալեքսանտր Քերենսքիի կառավարութեան մէջ: 12 յուլիս 1917-ին եղած է Փեթերսպուրկի ռազմական շրջանի սպայակոյտի պետ: 30 օգոստոս 1917-ին զօրավար-հազարապետ:
Եղած է հայկական զօրամասերու ստեղծման առաջին կազմակերպիչներէն մէկը ռուսական բանակին մէջ: 1917 օգոստոսին, միաժամանակ շարունակելով ռազմական շրջանի սպայակոյտի պետի պաշտօնը, ընտրուած է հայկական զինուորական կոմիսար եւ հայկական ռազմական խորհուրդի նախագահ: Աշխուժօրէն զբաղած է հայկական զօրաբանակի կազմաւորումով:
Մինչեւ պոլշեւիկներու իշխանութեան գալը` զօրքերու համակեդրոնացման քայլեր ձեռնարկած է, հաւատարիմ Ռուսիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան` հրամայած է հիւսիսային ճակատի սպայակոյտէն Փեթերսպուրկ ուղարկել յատուկ զինուորական զօրամաս (այդ հրամանը չէ իրականացուած): Արդիւնք` Բագրատունի յաջողած է հաւաքել միայն քիչ քանակութեամբ ռազմական ուժ: 7 նոյեմբեր 1917-ին Ժամանակաւոր կառավարութեան նախարար Նիքոլայ Քիշքինը ստանալով իրաւասութիւն` վերականգնած է կարգը քաղաքին մէջ, անյստակութեան համար ազատած է պաշտօնէն Փեթերսպուրկի ռազմական շրջանի հրամանատարը եւ անոր տեղը նշանակած է զօրավար Յակոբ Բագրատունին: Բայց ան նոյնպէս չկարողացաւ հակադարձել իրավիճակի բացասական զարգացումին: Սպայակոյտը պոլշեւիկներուն յանձնուելէ ետք ան ձգեց պաշտօնը եւ ձերբակալուեցաւ Ձմեռնային պալատին մօտ: Ան բանտարկուած էր եւ կը գտնուէր Փեթրոփաւլովեան ամրոցին մէջ, ազատ արձակուած է 15 դեկտեմբեր 1917-ին եւ յաջորդ օրը կրկին ստանձնած է հայկական զինուորական կոմիսարի պաշտօնը:
1917-ին վերջը եւ 1918 -ին սկիզբը շարունակած է հայկական զօրաբանակի ստեղծման աշխատանքները եւ զինծառայող հայերուն ուղարկած` Կովկաս: 1918 մարտին ժամանած է Պաքու, բայց արդէն 15 մարտին սպանութեան փորձ կատարուած է իր դէմ, որ ալ յանգած է անոր ոտքերու անդամահատման: Ուշադրութիւն չդարձնելով ծանր վէրքերուն` մասնակցած է մարտի իրադարձութիւններուն եւ Պաքուի պաշտպանութեան` թրքական եւ թաթարական միացեալ ուժերուն դէմ: 1918-ի ամառը, մինչեւ աշնան սկիզբ, Յակոբ Բագրատունին Կեդրոնական կասպիական բռնապետութեան կառավարութեան կողմէ նշանակուած է ռազմական նախարար: Կովկասեան Իսլամական բանակի Պաքուի ճակատամարտին մղուած յաղթանակէն ետք, 15 սեպտեմբեր 1918-ին հայկական զինուած խումբերու եւ փախստականներու հետ միասին ստիպուած եղած է լքել Պաքուն եւ տեղափոխուիլ Էնզելի (հիւսիսային Պարսկաստան): Թուրքերու Պաքուէն հեռանալէն ետք եւ անգլիական բանակի մուտք գործելէ ետք 1918 նոյեմբերին ետ եկած եւ կրկին վերընտրուած է Հայոց ազգային խորհուրդին մէջ:
1919-ին մտած է Փարիզի` Խաղաղութեան վեհաժողովին մասնակցող Հայաստանի պատուիրակութեան կազմի մէջ` որպէս խորհրդատու: 1919 օգոստոսէն եղած է Հայաստանի ռազմական պատուիրակութեան նախագահ, ուղարկուած է Միացեալ Նահանգներ` բանակցելու պաշտպանական բնագաւառին մէջ համագործակցելու համար: 1919 նոյեմբերին պատուիրակութիւնը ժամանած է Նիւ Եորք: Հանդիպած է ամերիկեան քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ գործիչներու հետ, մասնակցած է ցոյցերուն, պնդած է Հայաստանին ցուցաբերել աջակցութիւն եւ պաշտօնապէս ճանչնալ հայկական պետութիւնը: Հակառակ անոր որ 1919 դեկտեմբերէն մինչեւ 1920 յունուարը Բագրատունին ընդունուած էր Միացեալ Նահանգներու ռազմական նախարարին եւ Արտաքին գործոց նախարարին կողմէ, այնուամենայնիւ ամերիկեան իշխանութիւնները հրաժարեցան տրամադրել ռազմական օգնութիւն երկրին, որ պաշտօնական ճանաչում չունի:
Պատուիրակութեան առաքելութեան աւարտէն ետք վերադարձած է Ֆրանսա, 1920-ին նշանակուած է Մեծն Բրիտանիոյ Հայաստանի դեսպան, այնտեղ ալ շարունակած է ապրիլ օտարութեան մէջ:
Զօրավար Յակոբ Բագրատունի մահացած է 23 դեկտեմբեր 1943-ին, Լոնտոնի մէջ:
Յովհաննէս Բաղրամեան
Յովհաննէս Բաղրամեան. Խորհրդային Միութեան նշանաւոր զօրահրամանատար, Խորհրդային Միութեան մարաջախտ, ԽՍՀՄ պաշտպանութեան փոխնախարար:
Ծնած է Արցախի Չարդախլու գիւղը (ներկայիս Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Ելիզաւետպոլի` Գանձակի նահանգի տարածք): Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն երկաթուղային երկդասեան դպրոցին, ապա Թիֆլիսի երկաթուղային ուսումնարանին մէջ:
Յովհաննէս Բաղրամեանը զինուորական ծառայութեան սկսած է 1915-ին, ռուսական բանակին մէջ, իբրեւ կամաւոր-շարքային զինուոր կովկասեան 2-րդ սահմանապահ գունդին մէջ, կռուելով կովկասեան ռազմաճակատին վրայ` Օսմանեան կայսրութեան դէմ:
1917 յունիսին, աւարտելով Թիֆլիսի փրոպորշչիկներու դպրոցը, դարձեալ մեկնած է ռազմաճակատ`, ծառայելու համար հայկական 3-րդ հրաձգային գունդին մէջ:
1918 փետրուար-ապրիլին հայկական առաջին հեծեալ գունդի շարքերուն մէջ կռուած է թրքական բանակին դէմ` Քարաուրկանի, Սարիղամիշի եւ Կարսի ճակատներուն վրայ: Նոյն գունդի կազմին մէջ 1918-ին մասնակցած է Սարդարապատի ճակատամարտին:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Կարմիր բանակի մէջ ծառայած է իբրեւ հայկական գունդի բաժնի հրամանատար: 1923-ին նշանակուած է հայկական հրաձիգային բաժանմունքի Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) հեծեալ գունդի հրամանատար (մինչեւ 1931):
1925-ին աւարտած է հեծելազօրային հրամանատարական կազմի կատարելագործման, 1931-ին բարձրագոյն հրամանատարական կազմի դասընթացքները, 1934-ին` Մ. Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիան, 1938-ին` գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիան:
1940-ին եղած է Քիեւի ռազմական շրջանի յատուկ գործողութիւններու բաժնի պետ եւ սպայակոյտի պետի տեղակալ:
Նացիական Գերմանիոյ ԽՍՀՄ ներխուժելէն ետք 1941 յունիսին կը նշանակուի սպայակոյտի պետի տեղակալ` հարաւարեւմտեան ռազմաճակատին վրայ: Մասնակցած է Քիեւի պաշտպանութեան, Տոնի Ռոստովի ազատագրման, Մոսկուայի մօտ խորհրդային զօրքերու հակայարձակումին:
1943 նոյեմբերին զօրավար-գնդապետի կոչումով կը նշանակուի 1-ին Մերձպալթեան ռազմաճակատի հրամանատար եւ 1944-ին կը մասնակցի խորհրդային մեծ յարձակումին Պիլոռուսական եւ Լիթվայի գործողութեան: Անոր բանակները ճեղքեցին-հասան Պալթիկ ծով: Այս ռազմական սխրագործութեան համար Բաղրամեանը կ՛արժանանայ Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման:
1945-ին սկիզբը անոր բանակը կը մասնակցի արեւելեան Պրուսիոյ գրաւումին: Բաղրամեանը կը ղեկավարէր Քէօնիկսպերկի (այժմ` Քալինինկրատ) գրաւումին. 1945 ապրիլին եւ 1945-ի վերջը ստիպեց Մերձպալթիկայի մէջ շրջափակուած գերմանական հզօր զօրախմբաւորումին յանձնուիլ:
Բ. Աշխարհամարտէն ետք, մինչեւ 1954, Բաղրամեան եղած է Մերձպալթեան ռազմական զօրաբանակի հրամանատար: 1954-ին նշանակուած է պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ: 1955-ին նշանակուած է ԽՍՀՄ պաշտպանութեան փոխնախարար եւ ստացաւ Խորհրդային Միութեան մարաջախտի կոչում: Ան նաեւ ԽՍՀՄ Զինուած ուժերու Գլխաւոր սպայակոյտի ռազմական ակադեմիայի պետն էր եւ ԽՍՀՄ պահեստային ուժերու հրամանատարը: 1968 ապրիլին նշանակուած է խորհրդային պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր տեսուչ եւ տեսուչներու խումբին ղեկավարը: Պարգեւատրուած է ԽՍՀՄ բարձրագոյն շքանշաններով:
Հեղինակ է շատ մը ռազմավարական մտածողութեան նուիրուած երկերու:
Մարաջախտ Յովհաննէս Բաղրամեանը կը մահանայ 1982-ին, Մոսկուա:
(Շար. 6)
aztagdaily.com/archives/405439