18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Վարչապետը Կը Շեշտէ Սահմանադրական Փոփոխութեան Միջոցով Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարելու Եւ Անցումային Արդարադատութիւնը Կիրարկելու Անհրաժեշտութեան Վրայ
Երէկ` ուրբաթ, 17 օգոստոսին, Երեւանի Արցախի եւ Էրեբունի փողոցներու քառուղիէն սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած քայլերթը դէպի Հանրապետութեան հրապարակ:
Հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ վարչապետի պաշտօնավարման 100 օրուան ամփոփման նուիրուած հանրահաւաքը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը իր քայլերթին սկսաւ այն վայրէն, ուր «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ժամանակ` 21 ապրիլին ուժային կառոյցները բերման ենթարկած էին զինք ու իր կողմնակիցները:
Հայաստանի վարչապետի կազմակերպած երթին ու հանրահաւաքին մասնակցելու համար Երեւան հասած էին հանրապետութեան տարբեր մարզերէն ու Արցախէն բազմահազար քաղաքացիներ:
Նախքան Հանրապետութեան հրապարակ մտնելը, Նիկոլ Փաշինեան մտաւ կառավարութեան շէնք, ապա կէս ժամ անց դուրս եկաւ ու հասաւ Հանրապետութեան հրապարակ:
Նշենք, որ Փաշինեանի երթին միացած էին կառավարութեան անդամներէն քանի մը անդամներ` բացառապէս «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութենէն: Նախարարներէն ներկայ չէին պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ` արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը, «Լուսաւոր Հայաստան»-ի անդամ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Մանէ Թանդիլեանը, ինչպէս նաեւ «Ծառուկեան» դաշինքի եւ ՀՅԴ-ի նախարարները:
Փաշինեան. «Նոր Հայաստանի Մէջ Քաղաքական Բանտարկեալներ Պիտի Չըլլան»
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ նոր Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պիտի չըլլան: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին Երեւանի Արցախի եւ Էրեբունի փողոցներու քառուղիէն սկսած քայլերթի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Լրագրողի այն դիտարկումին, թէ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը յայտարարած է, որ հաւանական է` դառնայ նոր Հայաստանի առաջին քաղաքական բանտարկեալը, Փաշինեան նշեց, որ նոր Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պիտի չըլլան:
«Նոր Հայաստանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պիտի չըլլան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ բանտերուն մէջ մարդիկ պիտի չըլլան, որոնց կարգին` փտածները», նշեց վարչապետը:
Վարչապետը նաեւ նշեց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին պիտի բացառուի նաեւ բռնութիւնը:
«Ներհայաստանեան հարցերու մէջ բռնութիւն պիտի չըլլայ, ես ատիկա կ՛երաշխաւորեմ, ով որ փորձէ այս կանոնը խախտել, Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պիտի պատժուի», շեշտեց Փաշինեան:
«Ոեւէ Մէկը Չմտածէ, Թէ Ես Ձեզմէ Թաքուն
Որեւէ Թուղթ Պիտի Ստորագրեմ»
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատրաստ է Հայաստանի անունով բանակցելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն, սակայն կը կարծէ, որ Արցախի Հանրապետութեան անունով պէտք է բանակցի Արցախի իշխանութիւնը: Այս մասին հանրահաւաքին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
Վարչապետը նշեց, որ Հայաստանը պատրաստ է հակահարուած տալու Ազրպէյճանին, բայց նաեւ համաձայն է տագնապի խաղաղ լուծման:
«Մենք պատերազմ չենք ուզեր: Պատրաստ ենք հասնելու խաղաղ լուծման, բայց անոնք, որոնք կը փորձեն կասկածներ յառաջացնել, թէ ես հող յանձնելու պատրաստ եմ, չեն հասկնար, որ Ղարաբաղի հարցը լուծող-չլուծողը ժողովուրդն է, ոչ թէ կառավարութիւնը», նշեց վարչապետը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին համաձայն, ինքը բանակցային հոլովոյթին հետ կապուած որեւէ թուղթ պիտի չստորագրէ` առանց ժողովուրդին հետ խորհրդակցելու:
«Եթէ բանակցային հոլովոյթին բերումով պիտի ըլլայ որեւէ տարբերակ, որուն ես կը հաւատամ ու ատիկա լաւ տարբերակ կը նկատեմ, ոեւէ մէկը չմտածէ, թէ ես ձեզմէ թաքուն որեւէ թուղթ պիտի ստորագրեմ: Ես մանրամասն պիտի ներկայացնեմ ձեզի, եւ դուք պիտի որոշէք` ընթանա՞նք խաղաղ լուծման այդ տարբերակով, թէ՞ ոչ», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան:
«Հայաստանի Մէջ Չկայ Քոալիսիոն Կառավարում»
Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ամփոփեց կառավարութեան գործունէութեան 100 օրը: Իր ելոյթին ընթացքին ան շեշտեց, որ միջազգային հանրութիւնը չի հասկնար, թէ ի՞նչ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ: Վարչապետը ընդգծեց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ չկայ քոալիսիոն կառավարում: Վարչապետ Փաշինեանը չի կարծեր, որ Հայաստանի մէջ տնտեսական անկում կայ, հակառակը, ըստ անոր, կ՛արձանագրուին տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշներ, որոնք պիտի շարունակեն բարձրանալ:
Ապա վարչապետը թուային ցուցանիշներ մէջբերելով նշեց, որ վերջին երեք ամիսներուն աւելի շատ մարդ եկած է Հայաստան, քան մեկնած, եկամուտներու հաւաքագրումը աւելցած է, արտահանման ծաւալները` նոյնպէս:
Վարչապետ Փաշինեանի համաձայն, վերացած են պանանի, շաքարի եւ պենզինի մենաշնորհները:
Վարչապետը առաջարկեց ստեղծել անցումային արդարադատութեան մարմիններ, որպէսզի փտած դատաւորները չկարենան կանխակալ որոշումներ կայացնել:
Վարչապետ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մասին: Ան հեգնեց այն անձերը, որոնք արցունք կը թափեն, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները շատ վատ են: Ինք երկու անգամ Փութինին հետ հանդիպած է, երեք անգամ ալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է անոր հետ:
«Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները ո՛չ միայն վատ չեն, այլ լաւ են ու աւելի պիտի լաւանան», ըսաւ վարչապետ Փաշինեան: Ան տեղեկացուց, որ շուտով պիտի իրադործուի հայ-ռուսական մարդասիրական աննախադէպ ծրագիր մը, ատիկա պիտի ըլլայ համագործակցութիւն մը, որ յստակօրէն պիտի ապացուցէ, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նոր մակարդակի բարձրացնելու ուղղութեամբ կ՛ընթանան:
«Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Կրնան
Տեղի Ունենալ Սահմանադրական Փոփոխութեամբ»
Խօսելով 1 մարտի դէպքերուն մասին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, թէ գործը ամբողջ ծաւալով բացայայտուած է արդէն:
Անդրադառնալով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հաւանականութեան` ան նշեց, որ այս պահուն առկայ լուծումները հետեւեալն են, որ վարչապետը պէտք է հրաժարական տայ, որմէ ետք խորհրդարանը պէտք է երկու անգամ անընդմէջ չընտրէ վարչապետ, եւ միայն անկէ ետք կրնան տեղի ունենալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Ապա ան նշեց, որ կայ լուծում մը եւս, այն է` իրականացնել սահմանադրական փոփոխութիւններ, այսինքն` արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կրնան տեղի ունենալ ո՛չ միայն վարչապետի հրաժարականի պայմանով, այլեւ խորհրդարանը կրնայ որոշում կայացնել ինքնալուծարման մասին:
«Այդ փոփոխութիւնները պէտք է ընդունի այդ Ազգային ժողովը, եւ երբ ժողովուրդը ձեւակերպէ ատիկա իբրեւ յստակ պահանջ, մենք ալ կ՛ապահովենք անոր իրականացումը խորհրդարանին մէջ», ըսաւ վարչապետը:
Այսինքն, ըստ էութեան, սահմանադրական փոփոխութեան միջոցով կարելի է հասնիլ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, առանց վարչապետի հրաժարականի:
aztagdaily.com/archives/405700