Թրամփ. «Թուրքիան Բազմաթիւ Տարիներ Շահագործեց Ուաշինկթընը Եւ Չփաստեց, Թէ Լաւ Բարեկամ Է»

18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, անդրադառնալով ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի ձերբակալման շարունակութեան, յայտնեց, որ Թուրքիան «չփաստեց, թէ լաւ բարեկամ է»:

Թրամփ ամերիկեան կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտնեց, որ Ուաշինկթըն առնչակից հարցով մը օգնեց Թուրքիային, սակայն ՕԹԱՆ-ի անոր դաշնակիցը նոյնպիսի փոխադարձ քայլ մը չկատարեց:

Աւելի ուշ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Թուրքիան բազմաթիւ տարիներ շահագործած է Միացեալ Նահանգները: Անոնք ներկայիս կալանաւորած են մեր հոյակապ քրիստոնեայ պատուելին, որմէ այժմ պիտի խնդրեմ մեր երկիրը ներկայացնել` իբրեւ մեծ հայրենասէր պատանդ մը: Անմեղ մարդու մը ազատ արձակման համար ոչինչ պիտի վճարենք, սակայն Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները պիտի սահմանափակենք»:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սթիվըն Մնուչին Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ պիտի ըլլան յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու Թուրքիոյ դէմ, եթէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մերժէ Պրանսընը ազատ արձակել: «Կը ծրագրենք յաւելեալ քայլեր առնել, եթէ անոնք զինք շուտով ազատ չարձակեն», ըսաւ ան:

Նշենք, որ չորեքշաբթի օր թրքական դատարանը դարձեալ մերժած էր Էնտրիւ Պրանսընի` իբրեւ նախնական խափանման միջոց տնային կալանքն ու երկրէն դուրս գալու արգելքը ջնջելու անոր փաստաբաններուն միջնորդութիւնը:

Միացեալ Նահանգներ Պրանսընի հարցով պատժամիջոցներ հաստատած են Թուրքիոյ արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն դէմ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ մաքսատուրքեր հաստատած թրքական պողպատի եւ ալիւմինիոմի ներածման վրայ, ինչ որ պատճառ դարձաւ թրքական դրամանիշի անկումին: Անգարա հետագային հակադարձեց Ուաշինկթընին ամերիկեան ինքնաշարժներու, ոգելից ըմպելիներու եւ ծխախոտի ներածման վրայ բարձր մաքսատուրքեր հաստատելով:

Սպիտակ տան բանբեր Սարա Հաքըպի Սանտըրզ չորեքշաբթի օր դատապարտեց Թուրքիոյ որոշումը` զայն կոչելով «սխալ ուղղութեամբ քայլ» մը:

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Ռոհսար Պեքճան երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիան պիտի հակադարձէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ հաստատեն:

aztagdaily.com/archives/405664

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail