Տեսակէտ. Մենք, Աշխարհաքաղաքականութիւնը Եւ Քաղաքական-Գաղափարական Սնանկութիւնը

18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ::

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս Դիմատետրի վրայ կատարուած գրառումները կարդալով, բարեկամներու հետ արծարծելով ներհայկական եւ Հայաստանի քաղաքական խնդիրները` հետեւեալ որոշակի եզրակացութեան յանգեցայ: Մենք` հայերս, այսօր կ՛ապրինք քաղաքական-գաղափարական անորոշութեան մէջ, չենք կրնար տարբերութիւն դնել ճիշդին եւ սխալին միջեւ, յստակ ծրագիր մը չկայ, այլ կայ սնանկութիւն մը, որ մեզ պարապութեան առջեւ կը դնէ: Այս պարապութիւնը կը լեցուի, սակայն, այնպիսի կարգախօսներով, տափակ մտածելակերպով եւ դաւադրական տեսութիւններով, որոնց պատճառով մարդ արարածը իր ամբողջ ուժը կը սպառէ, բայց չի գիտեր` ո՞ւր, ինչո՞ւ եւ վասն ինչի՞:

Օրինակ` ի՞նչ է ազգայնականութիւնը, եւ ո՞ւր են կարմիր գիծերը ազգայնականութեան եւ ազգայնամոլութեան միջեւ: Նժդեհեան գաղափարախօսութիւնը ի՞նչ է: Հայրենասիրութի՞ւն, լա՛ւ, ինչո՞ւ ոչ` ազգայնականութիւն… Այս բոլորը մտածելը արդիւնաւէտ է, սակայն պատասխան չկայ: Փիլիսոփայութեան մէջ գրեթէ պատասխաններ չկան, մարդ արարածը ինք կը պատասխանէ այս բոլոր հարցումներուն: Մարդն է, որ կը ձեւաւորէ քաղաքականութիւնը, կը հիմնէ կազմակերպութիւն, կը գրէ գաղափարախօսութիւնը կամ կը հիմնէ զայն: Սակայն մարդը կրնայ ըլլալ գաղափարապաշտ կամ իրապաշտ:

Այս բոլորը կ՛ըսեմ, որովհետեւ կը խոստովանիմ, թէ ինչպէ՛ս բազմաթիւ երիտասարդներ եւ ուսանողներ սկսած ենք հարցադրումներ կատարել մեր անցեալին, ներկային, ապագային եւ մենք մեր մասին: Գաղափարապա՞շտ, թէ՞ իրապաշտ: Մեր պատմութեան գիրքերուն մէջ միշտ ալ հանդիպած ենք իտէալներու եւ գաղափարապաշտ անձերու, հերոսներու, որոնք իրենց կեանքը եւ ընտանիքը անտեսած` կատարեցին այն, ինչ որ այսօր շատերուն կարգախօսը դարձաւ: ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ. բառ մը, որուն մասին դիւրին է գրել, կարդալ կամ ժամերով ճառեր խօսիլ, սակայն երբ հարցը գործնականի գայ, պահ մը երեւակայէ` ընտանիքդ, մօրդ արցունքը, հօրդ վիշտը եւ բարեկամուհիիդ կամ կնոջդ տանջանքը: Սակայն հայրենիքի սէրը այս հերոսներուն համար գերազանցեց այս բոլոր վիշտերը: Պատմութեան դասերէն քաղելով` կրնանք հաստատել, որ գաղափարապաշտութիւնը չէ, որ յաղթանակներ պահպանած է: Ռազմական գործողութիւններէ ետք կարգը կու գայ դիւանագիտութեան, եւ հոս է խելացութիւնը: Հոս բազուկներու պէտք չունիս, այլ` խորամանկ, հանդարտ եւ հեռատես քաղաքականութեան: Ինչպէս տեսանք, զինեալ պայքարին յաջորդեց դիւանագիտական պայքարը: Պարզ օրինակ. 1921-ին Հայաստանի խորհրդայնացումը Դաշնակցութեան համար իրապա՞շտ, թէ՞ գաղափարապաշտ քայլ մըն էր: Ծանր որոշում մըն էր. այն ժամանակ Դիմատետր չկար, որ կարդայինք, թէ ժողովուրդը կամ ուրիշներ ի՛նչ պիտի գրէին, սակայն կրնանք որոշ եզրակացութիւններու յանգիլ: Դժուար որոշումները կը պահանջեն ծանր զոհողութիւններ, որոնք կը շեղեն մեզ գաղափարապաշտութենէն կամ իտէալականութենէն, եւ ահա հոս է իրապաշտութիւնը: Ուր ազգային շահը կը գերադասէ գաղափարաբանութիւնը:

Վերջին քանի մը տարիներուն նկատեցի, որ լիբանանահայ գաղութիւն մէջ ունինք որոշ խաւ մը ուսանողներ, որոնք մասնագիտացած են քաղաքագիտութեան կամ միջազգային յարաբերութիւններու ասպարէզին մէջ, սակայն այս նոյն խաւը ինքզինք կը զգայ մեկուսացած եւ կը հաւատայ, որ իր կարծիքը եւ ձայնը հասանելի պիտի չդառնան, պարզապէս որովհետեւ «ղեկավարները թոյլ չեն տար»: Եւ ահա հոս է, որ պարապութեան մէջ կ՛ապրինք. չեմ ուզեր ոեւէ մէկը յանցաւոր նկատել, սակայն ես ինծի հարց կու տամ, թէ այսօր քանի՞ երիտասարդ ուսանող ունինք, որոնք անձնական ներդրում կը կատարեն Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ, ո՞ւր են մեր ուսանողները, մեր` «Դիմատետրի մտաւորականները»: Հաւանաբար օրը պիտի գայ, որ այդ պարապութիւնը պիտի զգանք եւ զղջանք, սակայն ուշ պիտի ըլլայ: Բայց ինչո՞ւ կը շեշտեմ այս կէտին վրայ:

Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները հսկայ ճեղք մը ստեղծեցին հայ երիտասարդութեան մէջ, այդ երիտասարդներէն շատեր մինչեւ օրս անորոշութեան մէջ են, եւ բնական է, որ յեղափոխութենէ մը ետք այս բոլորը ըլլան: Ա՛լ աւելի մտահոգիչը այն է, որ երկխօսութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի, եւ վտանգաւոր է որակել որեւէ քայլ` իբրեւ «հակայեղափոխական կամ յեղափոխականամէտ»: Այսօրուան միջազգային յարաբերութիւնները չեն հիմնուած կարգախօսներու, ո՛չ ալ գաղափարաբանութիւններու վրայ, այլ` աշխարհաքաղաքական հաշիւներու վրայ: Ճիշդ հոս է մտահոգիչը, որ շատ քիչեր Հայաստանի կամ որեւէ քաղաքական դէպք կը դիտարկեն աշխարհաքաղաքական դիտանկիւնէ: Անշուշտ հոս ըսել չեմ ուզեր, որ աշխարհաքաղաքական հաշիւները պէտք է գերադասուին մարդկային իրաւունքներէն եւ ընկերային ու տնտեսական հարցերէն: Վերջին տասնամեակին Հայաստանի մէջ անվտանգութեան եւ ազգային շահերու կարգախօսի ետին պահուըտած «քաղաքական ահաբեկչութիւն» պատահեցաւ: Եւ այդ «ահաբեկչութեան» հունձքերը այսօր մենք կը քաղենք ապազգային երեւոյթներուն ընդմէջէն: Վրդոված երիտասարդը, փոխանակ քննադատելու այս կամ այն կուսակցութիւնը կամ ղեկավարը, սկսած է հարցականի տակ առնել եւ անտեսել հսկայ պատմութիւն մը, ազգի մը պայքարը: Հոս է մեր դերը, փոխանակ ընդվզելու եւ հոս ու հոն «դաւաճանութեան» պիտակներ փակցնելու` մեր աշխատանքը պէտք է ըլլայ սեղանի մը շուրջ նստիլ ու մտածել ապագայ ծրագիրներու մասին եւ տարածել հանդուրժողականութեան ոգին:

Վերջապէս, Դիմատետրի աշխարհէն դուրս ելլենք, գաղափարական սնանկութեան վերջ տանք եւ մտածենք հեռուն: Ա՛յս պէտք է ըլլայ այսօր մեր պարտականութիւնը` իբրեւ երիտասարդ ուսանողներ. ո՛չ կոյր ազգայնամոլներ կամ դաւադրապաշտներ, ո՛չ ալ անհանդուրժող ազատականներ ըլլանք: Այս երկու դիրքերը մեզ պիտի տանին անձնասպանութեան, եւ խօսքը այստեղ քաղաքական անձնասպանութեան մասին է:

Yeghia.tash@gmail.com

aztagdaily.com/archives/405641

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail