18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է գործարար, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Կարօ Արմէնը եւ մշակութային գործիչ Թօնի Շաֆրազին, որ իր գործունէութեան ընթացքին համագործակցած է աշխարհահռչակ շարք մը արուեստագէտներու, որոնց շարքին` Էնտի Ուորհոլի, Ժան Միշել Պասքիայի հետ:
Կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ` հանդիպման ընթացքին վարչապետին ներկայացուած են «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս` կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու մէջ: Կարօ Արմէն նշած է, որ կը նախատեսեն Լոռիի մարզի Դեբեդ համայնքին մէջ գործող SMART նորարարական կրթական կեդրոնի ձեւաչափով կեդրոններ ստեղծել նաեւ հանրապետութեան այլ համայնքներու մէջ, անոնց մէջ ներգրաւել դպրոցականներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ բարձրակարգ մասնագէտներ: Կեդրոնին մէջ պիտի ուսուցանուին նորագոյն արհեստագիտութիւններ, օտար լեզուներ, արհեստներ, արուեստի տարբեր ճիւղեր եւ այլն: Կարօ Արմէն անդրադարձած է նաեւ առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ նախատեսուող գործարար ծրագիրներու եւ նշած, որ սփիւռքի տարբեր գործարար շրջանակներ եւս կը դիտարկեն հայրենիքի մէջ ներդրումային նախագիծերու իրականացման հնարաւորութիւնները:
Կառավարութեան ղեկավարը ողջունած է «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի գործունէութիւնը եւ կարեւոր նկատած սփիւռքի ներկայացուցիչներու կողմէ տարբեր ուղղութիւններով գործարար ծրագիրներ կեանքի կոչելու նախաձեռնութիւնները եւ ընդգծել, որ կառավարութիւնը իր քայլերով կը ստեղծէ անհրաժեշտ պայմաններ` գործ բանալու եւ շահոյթ ստանալու համար: Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան Կարօ Արմէնին առաջարկած է ներդրումային ծրագիրները իրականացնելու ուղղութեամբ աշխոյժօրէն աշխատել ՀՀ կառավարութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ` ատոնք արդիւնաւէտ կերպով առաջ մղելու նպատակով:
yerakouyn.com/2018/08/17/