Հայաստան. «Թաւշեայ Յեղափոխութենէն» Ետք Դէպի Ո՞ւր – Գ.

18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շրջանային Եւ Միջազգային
Բեմահարթակին Դիմաց

Հայաստանի իշխանութեան, ու անոր հետ` ժողովուրդին դիմագրաւած ճատրակի խաղերուն մէկ տարածքն ալ շրջանային ու միջազգային բեմահարթակն է, շատ տարածուն բեմ մը, որ ունի միակեդրոն ու բազմակեդրոն օղակներու խառն ու բարդ պատկեր մը: Անոր մէջ, ու` ազդեցութեան տակ, գործած են նախորդ իշխանութիւնները, այդ ոլորտներէն չեն կրնար ձերբազատիլ նորերը, մինչեւ իսկ եթէ այդպէս ուզեն միայն ու միայն բարի դիտաւորութիւններով: Եւ այս վիճակը կը բերէ բազմապիսի մտահոգութիւններ, որոնք չեն համակեր միայն իշխանաւորը, այլ անոր մէջ են երկրի բոլոր ուժերն ու սփիւռքեան տարածքները:

Աստղաբաշխ կամ գիտնական ըլլալու պէտք չկայ տեսնելու համար, թէ Հայաստան, հակառակ իր կամքին ու բարի տրամադրութիւններուն (այլ երկիրներու եւ աշխարհագրական գօտիներու նման), կը գտնուի ուղղակի եւ անուղղակի մրցակցութեանց այնպիսի օղակներու մէջ, որոնք երբեմն կը դառնան նոյն առանցքին շուրջ կամ կը խաչաձեւեն զիրար: Անմիջական օղակը կազմուած է դրացիներով` Վրաստան, Թուրքիա, Իրան եւ Ազրպէյճան: Անոնց շուրջ կը տարածուին շրջանային համաձայնութիւններու եւ դաշնակցութիւններու ընդհանրապէս զիրար խաչաձեւող օղակները` հասնելու համար մինչեւ այս բոլորը գերտնօրինող` Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութեանց, որոնք աւանդական թշնամութեան-մրցակցութիւններու կամ նոր տարազներով ի յայտ եկող բարեկամութիւններու եւ հակադրութիւններու իրերայաջորդ ալիքներ կը տարածեն ամէն օր, ամէն տեղ, ներառեալ` Կովկասի մէջ: Ծայրագոյն արեւելքէն մինչեւ Մերձաւոր ու Միջին Արեւելք, Եւրոպա ու Ամերիկաները պարփակող իրադարձութիւնները, հեռուէն կամ մօտէն, ուղղակի կամ անուղղակի կերպով իրենց ազդեցութիւնները կ՛ունենան նա՛եւ մեր հայրենիքին վրայ` գլխապտոյտ պատճառելով բոլորիս: Իշխանութիւնը, սակայն, գլխաւոր կողմն է, որ պէտք է նուազագոյնը ազդուի նման գլխապտոյտներէ եւ փոթորկող ալիքներէ, որպէսզի մեր նաւը յառաջ ընթանայ նուազագոյն ցնցումներով: Նոյնքան կարեւոր է, որ իշխանութիւնը չիյնայ արտաքին այս կամ այն ուժին միայնակ ազդեցութեան տակ` ճամբայ հանելու համար «նոր Հայաստանի նոր յարաբերութիւնները»: Անցեալէն եկող շատ բան անհաճոյ է, անհանդուրժելի, սակայն ռազմաքաղաքական իրապաշտութիւնը լուսանցքայնացուելիք ապրանք չէ…

Իբրեւ բացայայտ օրինակներ, ու` թուումի կարգով, արձանագրենք Թուրքիոյ մէջ վերաձեւաւորուող (չըսելու համար` հինը կրկնող) իշխանութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, որոնցմէ որեւէ ատեն բարիք չէ բխած մեզի համար: Ազրպէյճանի սպառազինութիւնը մօտալուտ կամ հեռաւոր վտանգներուն ամէնէն բացայայտ երեսն է, ծփացող սառցալերան երեւցող բաժինը: Ազրպէյճանը սպառազինողները բնականաբար կը մեկնին իրենց նիւթական շահերէն, որոնց վրայ ազդելու միջոցները սակաւաթիւ են, երբեմն կը թուին… անկարելի առաքելութիւն: Զուգահեռ գիծի վրայ` Թուրքիա-Ռուսիա վերազարթնող բարեկամութեան երեւոյթն է, որուն զուգահեռ` Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ սառցահալ իրագործելու նախանշանները: Եթէ այս բոլորը դրական անդրադարձ պիտի ունենան Հայաստանի վրայ, որ աւանդական մէկ դաշնակիցն է Ռուսիոյ, սա մտածելու տեղ կը ձգէ, սակայն չ՛արտօներ մոռնալ նման մերձեցումներու պատմական փորձառութեանց դառն յիշատակները…

Այլ գիծերու վրայ, Թուրքիոյ ու Իրանի հանդէպ Միացեալ Նահանգներու ճնշումի քայլերը, տարբեր նկատառումներով, անպայման որ կրնան անդրադարձ ունենալ Հայաստանի վրայ, բացասական` Իրանի գիծին վրայ, անյոյս վիճակ` Թուրքիոյ ուղղութեամբ, թէեւ հոս մեզի համար կայ դիւանագիտական շահարկումի լայն հնարաւորութիւն: Օղակները աւելի ընդարձակելով` նկատի ունենանք նաեւ Միջին Արեւելքը` Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Պաղեստին եւ մինչեւ Ծոցի շրջան,  եւ Ծայրագոյն արեւելքը` Չինաստան-Արեւմուտք, Ուաշինկթըն-Փիոնկեանկ եւ այլ գիծերու վրայ զարգացումները: Գաղտնիք չէ, որ բացասական ընթացք մը մէկ օրէն միւսը կը վերածուի դրականի եւ յոյսի ներշնչարանի, իսկ յաջորդ օրը յոյսերը կացինի նոր հարուածներ կը ստանան այս կամ գերհզօրի երեւութապէս կամայական քայլերուն պատճառով…

Նման կացութեան մէջ երկիր կառավարելը, մանաւանդ յոյսեր բարձրացնող նոր իշխանութիւն ձեւաւորելը դիւրին բան չէ, չի կրնար գնահատականներ կամ դատումներ ստանալ… սալոնային քննարկումներով ու մեկնաբանութիւններով: Մեր ակնարկութիւնը չի վերաբերիր միայն ոչ պաշտօնական մամուլին` դիմատետրեան ու նման ոլորտներու մէջ երեւցող կարծիքներու եւ մեկնաբանութիւններու, այլ նաեւ` այն «հեղեղ»-ին, որ վերջին ամիսներուն ողողած է Հայաստանի լսատեսողական մամուլը` ասուլիսներով, տեղին ու անտեղի, հիմնաւորեալ, բայց յաճախ` անհիմն, մեկուսի հաշիւներէ մեկնող մեկնաբանութիւններով, այս կամ այն կուսակցութեան ուղղուած խրատներով, քողարկուած ոտնձգութիւններով, որոնց դիմաց իշխանութիւնը որդեգրած է կրաւորական եւ «կարծիքի ազատութիւն յարգելու» ընթացք: Տակաւին, խօսքի ազատութիւն, կարծիքի իրաւունք եւ նման արդար ու ազնիւ սկզբունքներու վրայ հիմնուելով, ծանօթ, նուազ ծանօթ եւ «յայտնագործուած» դէմքեր հրապարակ կու գան Հայաստանի քաղաքական մեծ գիծերը վերատեսութեան ենթարկելու, հիմնական փոփոխութիւններու ենթարկելու եւ մեծ ուժերու դէմ ելլելու բացայայտ կամ քողարկուած կոչերով (կարգ մը կարծիքներ` իսկապէս յարգելի), բնականաբար ազդեցութիւն ունենալով հանրային կարծիքին վրայ, որ արդէն իսկ ունի իր կանխորոշ կազմաւորումներն ու նախապաշարումները: Իշխանութիւնը, իր կարգին, հրապարակ կու գայ, օրինակի համար, Միացեալ Նահանգներու հետ նոր էջ բանալու, Ռուսիոյ հետ բարեկամական կապերն ու գործակցութիւնը նոր մակարդակի հասցնելու, տակաւին` Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմանի բանակցելու, Ազրպէյճանի հետ թշնամական վիճակը բարեշրջող նոր տրամադրութիւններու արտայայտութիւններով, որոնց դիմաց Անգարայէն ու Պաքուէն կը հնչեն չհինցող կեցուածքներն ու անհիմն պահանջները:

Իրական պատկերը երբեմն կ՛աղօտի. կարծէք թէ կը մոռցուի, որ, օրինակի համար, Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի զինակցական-գործակցական այնպիսի կապեր, որոնց համաձայն, յաճախ տեղի կ՛ունենան միացեալ զինավարժութիւններ, Հայաստանի մէջ կան ռուսական զօրքեր, սահմանին անդին նստած են ՆԱԹՕ-ի զէնքերը (հոգ չէ թէ Թուրքիա «թշնամութիւն կը խաղայ» Միացեալ Նահանգներու հետ),  Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ մինչեւ Միջերկրականի ափերը տարածուող հակադրութիւնները տարբեր հրահրումներ կը գտնեն Արեւելքէն ու Արեւմուտքէն (Եմէնը բաւական հեռո՞ւ պէտք է նկատել…):

Այս ընդհանուր պատկերին մէջ է, որ Հայաստան պիտի շարունակէ իր նաւարկումներն ու մանաւանդ… խուսանաւումները: Արտաքին յարաբերութեանց ու դիւանագիտական գործի դաշտերուն մէջ անպայման որ Արցախի հարցը առաջին խորագիրը կը կազմէ, սակայն նուազ կարեւոր չեն Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հակահայ բազմապիսի ոտնձգութիւնները, հին պարտամուրհակներէն խուսափելու եւ զանոնք մոռացութեան մատնելու ճիգերը, ծուղակներ, որոնց մէջ իյնալէ խուսափումը աւելի քան հրամայական է: Կարելի չէ մտածել մեռած փրոթոգոլներուն տարբերակներուն մասին, լուսանցքի վրայ պահել Գետաշէն-Շահումեանի նման հողատարածքներու մեր արդար պահանջները, կամ` որդեգրել այն «մտայնութիւնը», որ Ցեղասպանութեան հետապնդումը այժմէական չէ, զայն պէտք է պահել մարդու իրաւունքներու կենսագործման միջազգային հասկացողութիւններու ծիրին մէջ եւ ուղղակի նախաձեռնութիւններու չդիմել` Թուրքիան կամ անոր երէկի ու այսօրուան բարեկամները չվրդովելու նպատակով: Նախորդ իշխանութիւնները յաճախ «ամչկոտ», երբեմն ալ բաւական յանդուգն քայլերու դիմեցին ընդդէմ Ազրպէյճանի. օրինակի համար, ապրիլեան պատերազմի օրերուն Եւրոպայի եւ այլ ազդու շրջանակներու մէջ որոշ քայլեր առնուեցան, եւրոպացի պաշտօնատարներու եւ Ազրպէյճանի միջեւ շահակցական կապերու բացայայտումը աշխատանքի ու յարաբերական քայլերու այլ ոլորտ մը ընծայեց: Այդ բոլորը, սակայն, մեզ պահեցին ՀԱԿԱԶԴՈՂի, ԱՐՁԱԳԱՆԳՈՂի դիրքի վրայ, հազուադէպ եղան, եւ ընդհանրապէս քիչ ազդու` ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՂի մեր դերակատարութիւնը (Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանի թիկնապահներուն հրապարակային ոճիրին դէմ բողոքի ալիքը հպանցիկ կերպով ներգրաւեց Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, իսկ ոճրագործներուն հանդէպ զիջողական որոշումը մնաց գրեթէ անարձագանգ):

Ահա թէ ո՛ւր թաղուած են Հայաստանի երէկի ու այսօրուան-վաղուան իշխանութիւններուն դիմաց տարածուող դաշտերուն ականները, որոնք իսկական մարտահրաւէրներ են ո՛չ միայն իշխանութեանց, այլ աշխարհատարած մեր ժողովուրդին համար: Հայաստանի իշխանութեան որդեգրելիք կեցուածքները անխուսափելիօրէն ուղեցոյց պիտի ծառայեն յառաջիկայ աշխատանքներուն: Դժուարին երկընտրանքներ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան, սակայն բոլոր պարագաներուն, մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գերագոյն շահերն են, որ իբրեւ ուղեցոյց փարոս` պիտի առաջնորդեն մեզ: Սա մեր իրաւունքն է, այդպէս կ՛ընեն պայքարող ժողովուրդները:

Կարելի է, տակաւին, արտաքին ազդեցութիւններու եւ գործակցութեան դաշտերու մէջ դիտել այն ներդրումներն ու գործառնութիւնները, որոնք ունին տասնամեակներու վաղեմութիւն. նկատի ունինք Հայաստանի բնական հարստութեանց շահարկումը` օտար ընկերութիւններու կողմէ, գործատուներու օտարներու «վաճառք»-ն ու «խառն սեփականատիրութիւն»-ը, որուն պատճառով, ապահովուած շահերուն մեծ մասը կը հոսի երկրէն դուրս. այս իրականութեան գիտակցումով է, որ նոր իշխանութենէն կը սպասուի ներդրողներուն հետ աւելի հաւասարակշռուած գործակցութեան տարազներ որդեգրել, ի հարկին վերատեսութեան ենթարկել նախկին պայմանագիրները` միշտ ի մտի ունենալով, որ դիւանագիտութիւնը կարելիին ուղին է եւ իր բաժինը ունի միջպետական գործակցութեանց եւ օտար ընկերութեանց-ներդրողներու հետ յարաբերութեանց ոլորտին մէջ (տնտեսութեան որոշ ոլորտներ պետական ազդու հակակշիռի տակ բերելը ընտրանք մըն է եւ պէտք չէ դիտուի բացասական մօտեցումով): Հետեւաբար պատասխանի սպասող հարցականներ են, թէ իշխանութիւնը մինչեւ ո՞ւր պիտի երկարէ իր ձեռքերը` մենաշնորհներուն վերջ տալու կամ զանոնք տրամաբանական հակակշիռի ենթարկելու դիտանկիւնէն, կամ` յետանկախութեան տասնամեակներուն գործուած անարդարութիւններուն, չարաշահումներուն եւ կամայականութեանց հեղինակներուն հետապնդումը, զանոնք արդարութեան սեղանին բերելը պիտի ըլլա՞յ լիակատար, թէ՞ որոշ հաշիւներով ու հին-նոր կապերու պատճառով` «ընտրովի»: Նոյն տրամաբանութեամբ ալ, նոր իշխանութիւնը իր ձեռքերը պիտի երկարէ՞ մինչեւ հոն, որ վար առնուին կամ իրենց իսկական չափին մէջ դրուին կարգ մը ուռճացուած-փքուած պատուանդաններ, մինչեւ իսկ քողարկեալ ոճրային արարքներ գործած հերոսներ…

Ճատրակի խաղին արտաքին հարթակին վրայ տեղի ունեցող ու նախատեսուած իրադարձութիւնները բնականաբար ամբողջական պատկերով չներկայացան այս սիւնակին մէջ, սակայն յիշատակուածները առիթ կու տան լայնածիր հետեւութիւններ հանելու` առանց մոռնալու, որ միջազգային քաղաքական դաշտը յարափոփոխ է էապէս, թէեւ հոն միշտ ալ կան անփոփոխ գիծեր, հոգ չէ թէ կը դրսեւորուին նոր տարազումներով… Դիմագրաւումը կը կարօտի ազգի բոլոր ուժերուն ու ձեռքերուն լիարժէք գործակցութեան:

Իսկ թէ բարեշրջական քայլերուն իսկական հիմերը ո՞ւր պէտք է փնտռենք, քննարկելի առանձին նիւթ է. անոնց կ՛անդրադառնանք առանձին:

1-12 Օգոստոս 2018

aztagdaily.com/archives/405624

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail