18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ –:
Չինաստանի մէջ լոյս տեսնող Psearcher (Փիսրչըր) պարբերականի յատուկ թիւը այս անգամ Հայաստանի մասին է: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հրատարակչութեան հանրային կապերու ղեկավար Վանգ Մինգմէին նշած, որ «Հայաստան` դարպաս դէպի խոշոր շուկաներ» խորագիրով թիւը ստեղծուած է յատուկ պատճառով:
«Ընտրութիւնը այս անգամ կանգ առաւ Հայաստանի վրայ, քանի որ Հայաստանը հինաւուրց երկիր է Եւրոպայի եւ Ասիոյ խաչմերուկին `որպէս երկու մայրցամաքները կապող կամուրջ: Դարեր շարունակ Հայաստանով կ՛անցնէր հնագոյն մետաքսի ճանապարհը, իսկ հայկական ապրանքները բաւական տարածուած էին Չինաստանի շուկաներուն մէջ, հայկական առեւտրային նաւերը կը հասնէին Ասիոյ արեւելեան նաւահանգիստները: Մեր հրատարակչական աշխատանքը հասած է Չինաստանի «Մէկ գօտի մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան մասնակցող երկիրներու մեծ մասին, Հայաստանն ալ կարեւոր մէկ կայարան է»,- նշած է Մինգմէին:
Հանրային կապերու ղեկավարին խօսքով` իրենց յատկապէս հետաքրքրած է Հայաստանի կառավարութեան վարած բաց քաղաքականութիւնն ու ենթակառուցուածքներու զարգացման ներուժը, որոնք կրնան գրաւիչ ըլլալ չինացի ներդրողներու համար:
«Հայաստանի կառավարութիւնը բաց դռներու քաղաքականութիւն կը վարէ` ներդրումներու համար գրեթէ չկիրառելով սահմանափակումներ: Գործարար միջավայրի բարելաւմանն ուղղուած քայլերը բարձր կը գնահատեն նաեւ հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնները: Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքը գրաւիչ նախագիծ է, որ կրնայ հետաքրքրել չինական ընկերութիւնները եւ ներդրողները` շաղկապուելով նաեւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան: Այժմ Հայաստանի կառավարութեան բաց քաղաքականութիւնը կրնայ ներգրաւել որոշ չինական ընկերութիւններ յատկապէս շինարարական նախագիծերու մէջ, ինչ որ աւելի մեծ օգուտ պիտի բերէ երկու կողմերուն»,- ըսած է ան:
Թողարկման ստեղծման համար Հայաստանի մասին անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն գտնելու համար «Փիսրչըր»-ին օգնած է դիւանագէտ, Չինաստանի մէջ Հայաստանի առեւտրային կցորդ Հրանդ Ապաճեանը:
«Մենք համագործակցեցանք խմբագրման աշխատանքներուն` նոյնիսկ յարմար լուսանկարներ ընտրելուն, բովանդակութիւնը փոխելուն, քերականական սխալները ուղղելուն եւ այլն: Բաւական ծաւալուն աշխատանք կատարուած է: Հաւատացած ենք, որ մեր բոլոր ընթերցողները, մասնաւորապէս, ձեռնարկութիւններու ղեկավարներն ու աշխատակիցները, պիտի բացայայտեն Հայաստանը որպէս դարպաս դէպի խոշոր շուկաներ»,- աւելցուցած է ան:
Psearcher հրատարակչութեան ամսագրի բաժանորդներու շարքին են Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, առեւտուի նախարարութիւնը, պետական շարք մը խոշոր ձեռնարկութիւններ, արտասահմանեան խոշոր արտահանող ընկերութիւններ, Չինաստանի դեսպանատուներ, համալսարաններ եւայլն:
«Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» յատուկ հրատարակչութիւնը, որ ստեղծուած է PSearcher- ի կողմէ, կը ներկայացնէ եւ կը բարձրացնէ ներդրումային միջավայրի իրազեկուածութիւնը զբօսաշրջային միջոցներու մասին, կ՛առաջարկէ աւելի մասնագիտական ուղեցոյց` գործարար գործունէութիւն իրականցնելու համար: Անիկա նպատակ ունի Չինաստանի եւ Չինաստանէն դուրս գտնուող ձեռնարկատէրերն ու ծրագիրներու ղեկավարները ապահովելու օտարերկրեայ ներդրումներ ներգրաւող համապատասխան երկրի մասին առաւել մանրամասն եւ ճշգրիտ տնտեսական տեղեկատւութեամբ ` մէկ կողմէ դիւրացնելով չինական ձեռնարկութիւններուն «ելքը» դէպի այդ երկիրներ, միւս կողմէ աջակցելով վերջիններուս ներգրաւել ներդրումներ եւառեւտուր Չինաստանէն:
Յատուկ թողարկումները լի են օգտակար եւ մասնագիտական տեղեկատւութեամբ, որոնք անհրաժեշտ են համապատասխան ծրագիրներու ղեկավարներուն:
yerakouyn.com/2018/08/17/