17 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԿ:
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 16 Օգոստոսի կէս գիշերին, ատրպեճանական 15 հոգիէ բաղկացած զինեալ խումբ մը յարձակման փորձ կատարեց Արցախի հիւսիսային սահմանի մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) դիրքապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները եւ ետ շպրտած են զանոնք:
Տեղի ունեցած փոխհրաձգութեան ընթացքին ՊԲը որեւէ կորուստ չէ ունեցած: Հակառակորդի ունեցած կորուստներուն մասին տուեալները կը ճշդուին:
Անդրադառնալով հակառակորդի այս ձախողած յարձակման փորձին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան ըսաւ, «Արտառոց ոչ մէկ բան տեղի ունեցաւ: Այս անգամ եւս փորձ կատարեցին եւ բոլորովին ձախողեցան: Ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը կը շարունակէ մնալ վերահսկելի, եւ մեր կողմէ թուլութեան որեւէ դրսեւորում եւ, մանաւանդ, խուճապ չկայ եւ չի կրնար ըլլալ»:
Խօսելով վերջին շրջանին Արցախա-ատրպէյճանական սահմանագիծի իրավիճակին մասին, Բալայեան նշեց, որ իրավիճակը կայուն է, սակայն այդ կայունութեան հիմնական գրաւականը այն է, որ հայկական կողմը միշտ պատրաստ է եւ զգօն:
«Մենք գիտենք հակառակորդի նենգութեան եւ ատելութեան աստիճանը: Այդպիսի ահաբեկչական փորձերուն ձախողումը ցոյց կու տայ, որ ռազմավարական նախաձեռնողականութիւնը կը շարունակէ մնալ Պաշտպանութեան բանակի ձեռքին մէջ», ըսաւ Բաբայեան:
asbarez.com/arm/322971/