ԱՆԶՈՒՍՊ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԹԷ ՄՏՔԻ ԹԵՐՈՐ

ԱՆԶՈՒՍՊ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ԹԷ ՄՏՔԻ ԹԵՐՈՐ:

Քաւ լիցի , չեմ ուզէր որեւէ բաղդատական ընել Լեւոնի թէ Նիկոլի գծով, չեմ ուզէր որեւէ ձեւի ներկայ հայաստանեան իրադարձութեանց նկատմամբ բացասական մօտեցում կատարել, այնուհետեւ չեմ կարող ձերբազատուիլ ու չարտայայտուիլ այն մտքի թերորի մասին որին զոհն եմ ես՛ ու իմ նման դաշնակցութիւն մը ամբողջ:

Հաւանաբար կը յիշէք օրերն 1990 ականների սկիզբին երբ ողջ հայութիւնն ու անպայման դաշնակցութիւնն կապրէին օրերն խանդավառութեան Հայաստանի վերանկախացման , Արցախի ազատագրման:

Հաւանաբար կը յիշէք Հայաստանի անկախութեամբ մոլեգնած սփիւռքն ու աւելին մոլեգնած դաշնակցութեան շարքերն :

Ու հաւանաբար կը յիշէք շատ իմաստով Լեւոն թագաւորն յիշեցնող Լեւոնն՛՛ որի նկատմամբ շատերի վերաբերումն պարզապէս պաշտամունք էր:

Այնուհետեւ պէտք է յիշէք նաեւ դաշնակցութեան ղեկավարութեան աւելին ղեկավարի կոչն , որն մի կողմէ Արցախեան ճակատին իր վերջին կաթիլ արեան թէ վերջին լումայի ներդրումին միատեղ, կը պաղատէր ողջ հայութեան տէր կանգնիլ հայոց հողին, տէր կանգնիլ մանուկ հանրապետութեան տնտեսութեան ,տէր կանգնիլ անոր վտիտ հաստութեան ու տէր կանգնիլ անոնց ինքնին Հայաստանի նորակոչիկ իշխանիկներէն , Լեւոն ըսուածէն ու միւսներէն եւ միւսներէն :

Այն իշխանիկներէն որոնց իշխանութեան հովանու ներքեւ շատ իմաստով անոնց իսկ օրհնութեամբ Հայաստան աշխարհում իշխանութեան զուգահեռ սերտ աճեցաւ Մաֆիան ու կորափցեան: Ներկայ օրի պատուհասներն :

Պէտք է յիշէք նոյն Մարուխեանի կոչերն որոնց շատն խորդ հնչեցին ինքնին դաշնակցութեան շարքերուն ու այդ շարքերն իրենց անզուսպ հայրենասիրութիւնից մղուած ըմբոստացան ինքնին իրենց շարքերի դէմ ու յանձինս նոր Լեւոնի՛ նոր Հայաստանի, նոր տէրեր փնտռեցին:

Ու կորան անոնք ու կորաւ Լեւոնն ,այնուհետեւ կորաւ ցաւ ի սիրտ շատն հայ հողին , շատ հայ վաստակին ու շատացաւ շատն հայրենահալած թափառական հային:

Այս օրերի իրադարձութիւններն շատ բանով կը յիշեցնեն այն կէսդարեայ փորձութիւնն որու բովից անցաւ ազգ մը ամբողջ: Այսօր դարձեալ դաշնակցութեան խօսքն մերժուած է ,աւելին թէրօրի ենթարկուած է ու ան մերժուած է շատ առթիւ ինքնին իր շարքերի կողմէ որոնց շատն դաշնակցութեան ահազանգի մէջ կը տեսնեն շատ իմաստով ներկայ իշխանութեանց, նոր Հայաստանի հակակրութիւն:

Հետաքրքիրն է որ նման անցեալի երբ դաշնակցութեան տղերքն հայրենիքի սահմաններին օրհասական կռիւ կը մղէին, երբ նոյն տղաքն Փարիզ Լոնտոն նոյն հայոց նախագահին «ԼԵՒՈՆԻ» կը խոնարհէին, սփիւռքից Երեւան դաշնակցութեան անուամբ հայոց իշխանիկներին շատ հարցերի գծով կանխազգուշացման խօսքն շատեր դաւաճանութիւն կորակէին:

Այսօր նոյն դաշնակցութեան տղերքն որպէս մարզպէտ նախարար թէ պետական պաշտօնեայ թէ սահմանին զինուոր ՛հանդէպ իրենց պատասխանատուութեանց իրենց գերագոյնն կը բերեն, այնուհետեւ մերժուած է դաշնակցութեան խօսքն ինչ վերաբերի արդար դատավարութեան, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի սահմանադրութեան պահպանման՛ ինչ կը վերաբերի հայոց հողին պահպանման, ինչ կը վերաբերի ազգի հոգեւոր թէ բարոյական արժէքների թէ ըմբռնումների գուրգուրանքին:

Այսօր երբեւէ կարեւոր չէ թէ ներկայ օրերի Մարուխեանն ինչ կը բարբառէ, ան ի սկզբանէ մերժուած է քանզի իրապէս թէ մտքի թերորն ըստ նոր իշխանիկներին որպէս հայրենասիրութեան մերժում ինքնին օրինականացուած է :: Երեւոյթ Է ու ահաւոր որն կը հողմնացրէ ազգն ամբողջ որոնց կարգին հաւատաւոր կուսակցականներ:

Վերջապէս ՍԻՐԵԼԻՔ ԵՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ ՛՛՛ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆ Սակարկելին չէ մինչեւ քննարկելին չէ , մինչ մտքի թերորն թէ աւելին՛՛ ազգն տեսած է,կը տեսնէ ու տեսնելու է: Կը մնայ ձեզ պարզապէս չանտեսել:

Սերոբ Սահակեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail