Հանրահաւաքի Վաղորդայնի Մտորումներ.- Հայաստանի Ինքնամաքրման Յեղափոխութիւնը, Ժողովրդավարութիւն եւ Օրէնքի Պետութիւն*

21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

Յ. Պալեան

ՔԱՂՈՒԱԾՔՆԵՐ ՕՐԷՆՔԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քաղուածներ, խօսքեր, միտքեր եւ հաստատումներ, զորս ես չեմ հնարած:

Օրէնքի Պետութեան մասին կը խօսին, պետական մարդիկ, լրագրողներ, հրապարակախօսներ, ըստ հայեցողութեան եւ շահերու կը մեկնաբանեն Օրէնքի պետութիւնը, անգլերէն Rule of Law, որուն սահմանումը փնտռեցի, հասկնալու համար Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած եւ ունեցող խարխափումները, խախտումները, որոնց մասին կը խօսուի վերանկախացումէն ի վեր, բայց կարծէք տեղքայլ կ’ընենք:

Օրէնքի պետութեան ըմբռնումն է, որ կառավարող իշխանութիւնները ենթակայ են օրէնքի, իրաւականութեան: Այսինքն պէտք է յարգուին իրաւական չափանիշները, օրէնքի գերակայութիւնը՝ իշխանաւորին եւ իշխանութեան դիմաց: Նոյն օրէնքին ենթակայ են անհատները եւ պետութիւնը, իշխանութիւնները, կառավարողները, անհատ մը իրաւունք ունի բողոքարկելու իշխանաւորին եւ իշխանութիւններուն դէմ, օրէնքի սահմանած կարգով: Պարզ. անհատ մը, կարեւոր անձնաւորութիւն թէ շարքային, իրաւունք ունի բողոքարկելու Պետութեան կամ քաղաքական ղեկավարի մը դէմ, ինչ ալ ըլլայ անոր դիրքը, երբ կը խորհի որ օրէնքի խախտում կայ:

Աւստրիացի օրէնսգէտ Հանս Քելսէն, (1881-1973), սահմանած է Օրէնքի պետութիւնը, Rule of law-ն, «Պետութիւն մը, ուր օրինականութեան չափանիշները դասակարգուած են այնպէս, որ անոր ուժը սահմանափակուած կ’ըլլայ», չափանիշներու դասակարգում, ուր կանոնները իրենց օրինաւորութիւնը կը գտնեն վերին կանոններու իրենց պատշաճեցումով:

Ծանօթ է Օրէնքի Պետութեան հիմնական սկզբունքը. իշխանութիւններու բաժանումը, ճշդուած Սահմանադրութեամբ: Պէտք է նշել Դատական Իշխանութեան անկախութիւնը Գործադիրէն եւ Օրէնսդիրէն, բոլորի հաւասարութիւնը օրէնքի կանոններուն առջեւ, անոնք ըլլան ֆիզիքական թէ բարոյական անձեր: Պետութիւնը նաեւ կը նկատուի բարոյական անձ, հետեւաբար ենթակայ օրէնքի կանոններուն: Իշխանաւորները պատասխանատու են իրենց արարքներուն եւ որոշումներուն համար:

Օրէնքի Պետութիւնը տեսական բնորդ մըն է քաղաքական դրոյթներու կազմակերպման, որ կը նկատուի գլխաւոր յատկանիշը ժողովրդավարական վարչակարգի, կը հակադրուի բռնակալական կամ ոստիկանական վարչաձեւերուն, ուր կը տիրապետէ կամայականութիւնը, առանց բողոքարկելու կարելիութեան: Պէտք է գիտնալ, որ Օրէնքի Պետութիւնը անպայման ժողովրդավարական վարչաձեւ մը չէ եւ զայն պէտքէ չէ շփոթել Պետական Տրամաբանութեան (Raison d’Etat) հետ:

ՎԵՐԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐ՝ ՕՐԷՆՔԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հայաստան, 17 օգոստոսին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ տպաւորիչ հանրահաւաք մը, լսելու համար վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքը, իր 100 օրերու իշխանութեան գնահատման մասին: Կը յուսամ, որ Հայաստանի դրական առաջադրանքներով յեղափոխութիւնը, հարիւր օրերու խանդավառութենէն եւ յոյսերէն ետք, կը դրուի Օրէնքի Պետութեան (Rule of Law) ուղիղ երկաթ գիծերուն վրայ, առանց խրելու ամբոխային խանդավառութիւններու ծայրայեղութիւններուն եւ օր մըն ալ թեւաթափ ըլլալու կոչուած յոյսերուն մէջ:

Արդարեւ, Նիկոլ Փաշինեան իշխանութեան կոչուեցաւ համաժողովրդական ինքնամաքրման ալիքի վրայ, որուն պէտք ունէր Հայաստանը: Քիչ մը ողջախոհութեամբ եւ իմաստութեամբ, կրնանք ըսել պէտք ունի մոլորակի երկիրներու կէսէն աւելին: Կրնանք հիանալի գտնել, եւ ուրիշներ ալ գնահատեցին, ոչ միայն յեղափոխական ալիքին կեցուածքը, այլ նաեւ կեցուածքը անոնցվ որոնց դէմ ուղղուած էր ան: Ոչ մէկ ապակի ջարդուեցաւ, ոչ ոքի քիթը արիւնեցաւ:

Բայց լսելէ ետք Նիկոլ Փաշինեանի հարիւրհազարաւորներ խանադավառած շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած ճառը, ինքզինքս գտայ կարգ մը հարցականներու առջեւ:

Ինչ որ ալ ըլլայ կացութիւնը, երբեք մտահան պէտք չէ ընել Պետական Ըմբռնումը: Պետութեան մը առաջին դէմքը երկրին նախագահն է, ինչ ալ երկրի արտաքին եւ ներքին կացութիւնը: Հայաստանի նախագահը եւ իր անունը բացակայեցան, նոյնիսկ ձեւական յիշեցում մը չեղաւ, ինչ որ ըստ ինծի, գէթ արարողական կարգի կոպիտ թերացում էր: Յեղափոխութիւնը եւ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական բարենիշ կ’ապահովէին, եթէ երկրի նախագահի բարձր հեղինակութեան մասին ակնարկէին: Այդ կ’ըլլար նաեւ զանգուածներուն համար քաղաքական դաստիարակութիւն, յարգելու համար Պետական Կարգը եւ Պետականութեան ըմբռնումը:

Մեր ժողովուրդը տարիներէ ի վեր հոլովուող բացասականութիւններէ դուրս գալու, յաճախ կրկնուած եւ սովորութիւն դարձած փտախտէն, կոռուպցիայէն մաքրուելու կարիք ունէր: Բայց այդ ընելու համար, ղեկավարութիւնը պիտի գիտնայ դրական յեղափոխութեան ուղիղ գիծին վրայ մնալ, եւ ծնունդ չտալ ամբոխային վրէժխնդրութեան, խօսքով եւ բանիւ: Այսինքն մաքրման, catharsisի ընթացքը Օրէնքի Պետութեան սահմանած անշեղ կարգով, որ առաջին հերթին ամբաստանեալին իրաւունքն է, անմեղութեան կանխավարկածը: Միլիոնաւոր քաղաքացիներ կրնան համոզուած ըլլալ որ անհատ մը յանցաւոր է, այդ երբեք չի կրնան դառնալ դատապարտութեան որոշում, զոր կրնայ կայացնել միայն օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութենէն իրապէս անկախ արդարադատութիւնը: Այս վերաբերումով կ’ամրանայ պետութիւնը եւ քաղաքական հասունութիւն ձեռք կը բերեն քաղաքացիները:

Զիս այլապէս մտահոգեց Նիկոլ Փաշինեանի հանրահաւաքային ժողովրդավարական ըմբռնումը: Լաւ բան է ժողովուրդին հաշիւ տալ, բայց այդ հաշուետուութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ-յուզական մթնոլորտի մէջ, (եթէ հայերէնը ուզէի աղարտել՝ պիտի ըսէի ոչ-էմոցիոնալ: Հանրապետութեան հրապարակը բաղդատել, եւ հոն հաւաքուած ժողովուրդը՝ հին Աթէնքի Ակորային եւ Ակորայի ժողովրդավարական վէճերուն, քիչ մը շատ թափանցիկ ամբոխավարութիւն էր: Պէտք է գիտնալ, որ Ակորա կը հաւաքուէին, կը վիճէին եւ որոշումներ կը կայացնէին միայն Ընտանիքներու պետերը, ինչ որ ոչ մէկ ձեւով կը բաղդատուի ժամանակակից հաւասարներու ժողովրդավարութեան: Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, Ակորա հաւաքուածները կը խօսէին, կը վիճէին, թեր եւ դէմ կարծիքներ կը յայտնէին, իսկ Հանարահաւաքի մը ընթացքին տեղի կ’ունենայ մենախօսութիւն, առանց ոեւէ այլակարծութեան կարելիութեան, ինչ որ քաղաքացիական կրթութիւնը եւ հասունացումը կը խոչընդոտէ:

Այսօր Ակորան պատմական գեղեցիկ եւ գեղեցկացուած յիշատակ մըն է, անակրելի՝ մեծ ոստաններու եւ միլիոնաւոր բնակիչներով քաղաքներու եւ երկիրներու համար: Ճիշդ է, ականջներու համար հաճելի է լսել Ակորայի երազ դարձած օրերու մասին:
Այս երեւոյթը պէտք է մտահոգէ իշխանաւորը, եւ մանաւանդ՝ քաղաքացին՝ որուն անունով կը կայացուին որոշումները:

ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ, ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՆԱՐԱՔՈՒԷ

Ժողովուրդին ներկայանալու եւ տեւաբար ժողովուրդին հաշիւ տալու միտումը ինքնին դրական է, քանի որ կը հաստատուի թափանցիկութիւն: Բայց երկրի մը ժողովուրդը չի բաղկանար միայն հանրահաւաքի մասնակիցներէն, կան բացակաները, կայ, ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ, լուռ մեծամասնութիւնը: Այս պատճառով ալ, հանրահաւաքի մը առջեւ հաշուետուութիւն կատարելէ աւելի կարեւոր է ժողովուրդը լուսաբանել եւ հրաւիրել հանրաքուէի:

Իսկ եթէ իշխանութիւնը տեւաբար հաշուետուութիւն պիտի կատարէ հանրահաւաքներ առջեւ, ամրացնելու համար իր օրինականութիւնը (légitmité), ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ Ազգային Ժողովը, երբ անոր անդամները ընտրուած կ’ըլլան ժողովրդավարական ընդունուած կարգով: Ի՞նչ պիտի ըլլան եթէ ոչ այսօրուան, բայց յաջորդ Ազգային ժողովի դերը, իրաւունքը, իրաւասութիւնները, եթէ հանրահաւաքի առջեւ հաշուետուութիւն պիտի ըլլայ, ինչպէս կարգն է, առանց քննարկումներու: Հանրահաւաքները կրնա՞ն փոխարինել Օրէնսդիր Իշխանութիւնը: Այդ պայմաններուն մէջ կարելի՞ է խօսիլ Օրէնքի Պետութեան եւ ժողովրդավարութեան մասին: Քիչ մը իրատեսութեամբ եւ քիչ մը քաջութեամբ կրնանք երեւակայել հտեւանքները:

(Թէեւ օրերը նոյնը չեն, բայց միշտ տպաւորուած եմ Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերուն Կոմունիստ թերթին մէջ լոյս տեսած գրութեամբ մը, ուր ըսուած էր, որ յեղափոխութիւնը կարելի չէր յաջողած եւ ամբողջական համարել, մինչեւ այն ատեն որ չէր հոսած հայ բուրժուայի արիւնը:)

Ինչ կը վերաբերի կողոպուտին եւ կողոպտողներուն, կարելի է նուազ ամբոխավար ըլլալ եւ չգործածել թալանչի բառը, մանաւանդ որ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը առաջադրած է առաջքը առնել մայրենի հայերէնի աղարտման, եւ օրինակը տալ սկսելով իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակէն: Իսկ այդ կողոպուտին համար յաճախ գրած եւ խօսած եմ, աւելի քան քսան տարիէ ի վեր, պէտք է կատարել իսկական հաշուեքննութիւն, ինչպէս սովորաբար կ’ըսուի աուտիթ, հայկական ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, նոյնիսկ դուրս գալով Հայաստանի սահմաններէն, մեկնելով այն պարզ ողջախոհութենէն, թէ ինչպէ՞ս, խորհրդային հաւասարութեան պայմաններէն ետք, ծնունդ առին պարզ աչքով տեսանելի մեծ եւ նուազ հարուստներ, որոնք թաքնուած չէին երէկ, այսօր ալ թաքնուած չեն: Բայց արդարութիւնը պարտաւոր է ցորենը զատել որոմէն:

ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ի հարկէ քիչէն շատէն նուազ յուզական մտաւորականներ եւ քաղաքական վերլուծողներ պիտի անդրադառնան Նիկոլ Փաշինեան հաշուետուական ճառին: Լաւ պիտի ըլլայ, որ երեւոյթը եւ անոր բովանդակութիւնը քննուին, վաղուան լաւ օրերը պատրաստելու եւ մեծ կամ մանր սխալներէ խուսափելու համար: Այդ քննարկումները, ինչպէս այս էջերը պէտք է դիտել դրականութեան ձգտումով:

Նիկոլ Փաշինեան ժողովուրդին առջեւ հաշուետուութիւն ընելու թափանցիկութեան միտումին կարելի օգտակար բովանդակութիւն տալ եւ լրացնել մասնակցութեան վիճարկումի ժողովրդավարական մասնակցութեամբ, լսելու եւ լսուելու մշակոյթ ստեղծելով: Լսել՝ անմիջական համախոհներու եւ ծափահարողներու շրջանակէն դուրս գալով: Նման ընթացք վաղուան արդար եւ համագործակցութեամբ կազմակերպութիւն եւ իշխանութիւն կը յառաջացնէ: Միշտ պէտք է մտածել, որ իշխանութիւնները եւ զանոնք կրող թիմեր, ինչպէս նորոյթ է ըսել, կը փոխուին, կարեւորը օգտակար եւ ապագայակերտ գործն է:

Իսկ թող ներուի ինծի անդրադառնալ սիրտ ճմլող պատկերներու: Ինչպէ՞ս Հայաստանէն արտագաղթածներ, չես գիտեր մղուած ո՞ր հայրենասիրական գիտակցութենէ, ինչպէս երէկ, նաեւ այսօր, զօրավիգ կը կանգնին իշխանութեան իշխանաւորներու: Եթէ ունէին այնքա՜ն քաղաքական-ազգային գիտակցութիւն Լոսի եւ այլ երկինքներու տակ ապաստան գտած պիտի չըլլային վասն լաւ ապրելու իրաւունքի: Այսքանը ըսել հերետիկոսութիւն պէտք չէ համարել: Դիւրին է ուրիշներու յաղթանակը ծափահարել եւ հպարտանալ, առանց զոհոշութեան եւ մասնակցութեան: Հայաստանի յեղափոխութիւնը ծափահարելէ առաջ, պէտք է ըսեն, թէ իրենք դասալիք եղած են, ձգելով որ ուրիշներ զոհողութիւն ընեն, երկիր պահեն եւ յեղափոխութիւն ընեն:

Եւ տիրացուական մտահոգութիւն մըն ալ: Կրնա՞նք ընել այնպէս, որ մանկան լոգանքի օճառոտ հետ ջուրին չթափենք մանուկն ալ: Կրկնե՞նք բուրժուայի արիւնը թափելու չարացման իմաստութիւնը… Այսինքն, պետական վարչամեքենային մէջ ամէնքն ալ փտած, կոռումպացուած չեն:

Իսկ քաղաքական կեանքի մէջ, երբ ղեկավարութիւնը կը վերածուի մենա-թատրոնի, one man show-ի, կը դառնայ անհակակշռելի, որ ժխտումն իսկ է ժողո-վրդավարութեան եւ Օրինական Պետութեան:

Երբեմն պէտք է մտածել ԺԸ դարու ֆրանսացի իմաստասէր Վոլթէրին պէս: Ան կ’ըսէ. «Կը սիրեմ ճշմարտութիւնը: Կը խորհիմ որ մարդկութիւնը անոր պէտք ունի: Բայց ան աւելի մեծ կարիք ունի սուտին, որ զինք կը շոյէ, կը մխիթարէ, իրեն կու տայ անհուն յոյսեր: Առանց սուտի ան պիտի փճանար յուսահատութենէ եւ ձանձրոյթէ»:

* Օրէնքի պետութիւն, Etat de droit, Rule of law.

yerakouyn.com/2018/08/21/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail