21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՀԱՏՈՒԿ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:
Սփիւռքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի առաջարկներ ներկայացնելու Արտաքին գործոց նախարարին եւ վարչապետին` մեծ համայնքներ ունեցող դիւանագիտական հաստատութիւններու մէջ ապահովել Սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչներ, որոնք համայնքի հետ ամենժամեայ կապի մէջ ըլլան:
Այս մասին՝ ըստ «Թերթ»-ի՝ Օգոստոս 21-ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
Ամփոփելով Կիպրոս եւ Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցերը` նախարարը յայտնեց, որ բոլոր քաղաքական ուժերու, կազմակերպութիւններու, եկեղեցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ կար դրական մօտեցում` կապուած հայաստանեան վերջին իրադարձութիւններուն ՝ կաշառակերութեան դէմ պայքար, օրինականութեան հաստատում եւ այլն:
«Շատ մեծ հեռանկար կայ մեծ թափով հայրենադարձութիւն ապահովելու, բայց Հայաստանը պատրաստ չէ մեծ ներգաղթի: Հիմնական երկու խնդիր կը հետաքրքրէ անոնց, որոնք կ՛ուզեն հայրենադարձուիլ` օրինականութեան ապահովումը երկիր մէջ եւ աշխատատեղերու հարցը: Ներդրումներու հետ կապուած հարցերը բազմաթիւ են ` արտօնեալներու հետ կապուած, իսկ հայրենադարձութեան մասով խնդիրներ կան, օրինակ` ֆիզիկական անձերու գոյքի մաքսազերծման, տեղափոխման վերաբերեալ»,- նշեց ան:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 17-ին կայացած հանրահաւաքի ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ այս տարուան Մայիս 10-էն Օգոստոս 14 ժամանակահատուածին Հայաստան ժամանած 29986 մարդով աւելի շատ է, քան մեկնածները:
Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին մեկնածներուն թիւը 6000-ով աւելի էր եկածներէն: Փորձագէտներու կարծիքով` եթէ այս երեւոյթը շարունակական ըլլայ, ապա տարին հնարաւոր է ամփոփել ներգաղթով:
«Ի հարկէ, չենք կրնար պնդել, որ բոլոր 29 հազարը հայրենադարձներ են, բայց կրնամ ըսել, որ ԱՄՆ-ի մէջ աւելի քան 100 ընտանիք ինծի ըսին, որ տուները վաճառքի դրած են: Մարդիկ մօտեցան եւ ըսին, որ պիտի գան Հայաստան: Այժմ տուեալներ չկան, բայց վերադառնալ ցանկացողները շատ են»,- ըսաւ նախարարը:
Անոր խօսքով` հայրենադարձութիւնը պետութեան քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն է, բայց կարեւոր է նաեւ հայապահպանութեան հարցը:
«Միայն հայաստանակեդրոն մօտեցումը ընդունելի չէ մեզի համար: Հայաստանը պէտք է սկսի լուծել Սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրները․ հայերու շահերը դուրսը ներկայացնելու գործին մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը եւս պէտք է ունենայ իր ներգրաւուածութիւնը: Ի վերջոյ, ուժեղ Սփիւռքը պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ տնտեսութեան զարգացման, անվտանգութեան բարձրացման եւ այլն»,- ըսաւ ան:
yerakouyn.com/2018/08/21/