Ատրպէյճան Հաւանաբար Ստացած Է Յաւելեալ «Փոլոնեզ»ներ

21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռազմինֆօ».- Պելոռուսէն «Փոլոնեզ» հակահրթիռային համակարգերու Ատրպէյճանի նոր խմբաքանակի մը ստացման մասին կարելի է եզրակացնել Յուլիս 26ին լուսանկարուած արբանեակային նկարի մը ուսումնասիրութենէն:

Լուսանկարին մէջ, Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու «Նասոսնի» խարիսխին մէջ կ՛երեւին մէկական «Իլ.76» եւ «Իլ.62» տեսակի բեռնատար օդանաւներ:

Ինքնաթիռներու կողքին կ՛երեւին սորվորաբար «Իսքանտեր» կամ «Փոլոնեզ» հակահրթիռային համակարգեր տեղափոխելու համար օգտագործուող պելոռուսեան արտադրութեամբ մեքենայ մը եւ հաւանական է, որ անիկա կը տեղափոխէ «Փոլոնեզ»ի մէկ մասը։

Պելոռուսէն այս նոր մատակարարման վարկածը անուղղակիօրէն կը հաստատուի նաեւ հետեւեալ փաստով. Ատրպէյճան չունի «Իլ.62» օդանաւներ, նոյն ժամանակ Պելոռուսի մէջ նման օդանաւներով բեռնատար ծառայութիւններ կը մատուցէ «Ռատա» օդանաւային ընկերութիւնը:

Ինչպէս կը պարզուի՝ «Ռատա»ի «EW-450TR» թռիչքը Յուլիս 26ին իսկապէս ժամանած է Ատրպէյճանի օդուժի «Նասոսնի» խարիսխը եւ արբանեակային լուսանկարին մէջ երեւցողը, շատ մեծ հաւանականութեամբ, նոյն այդ թռչիքը իրականացուցած օդանաւն է։

Նշենք նաեւ, որ Յուլիս 26ի թռիչքը միակը չէ եղած, եւ ամրան ընթացքին նոյն օդանաւը քանի մը անգամ ժամանած է Ատրպէյճան:

Ցարդ կարելի չէ եղած «Իլ.76» օդանաւին «ինքնութիւնը» յստակացնել։

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի մէջ «Փոլոնեզ»ներու առկայութիւնը առաջին անգամ յայտնի դարձաւ այս տարուան Յունիս 11ին, երբ Ատրպէյճանի նախագահը այցելեց հրթիռային նոր զօրամաս մը: Այցելութեան նկարներուն մէջ երեւցած էին «Փոլոնեզ»ի հրթիռարձակման 3 մեքենաներ: Արբանեակային լուսանկարներու ուսումնասիրութիւններէն յստակացաւ, որ նշուած համակարգերը Ատրպէյճան հասած են Մայիս 30ի շուրջ:

asbarez.com/arm/323211/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail