Դաշնակցութիւնը Քննադատողները Անպայման Հակադաշնակցականներ Չեն

Արեւմտահայերէն-Լրատուական-Կայք

21 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ:

ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ

Հակադաշնակցական պայքարի հիսթէրիա ստեղծելու ճիգ մը կայ կարծէք: Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքներուն, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու տեսակէտներուն դէմ արտայայտուողներուն, զանոնք չբաժնողներուն կամ, այսպէս ըսած, հակա-տեսակէտ ունեցողներուն հասցէին հակադաշնակցականի պիտակաւորումով յօդուածներու գրոհ մը կայ մեր հասարակական ցանցերու եւ մամուլին մէջ գրեթէ ամէն օր:

Հաւանաբար հասկնալի է այս «հակադաշնակցական աքթիւիզմը» հայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւններու ֆոնէն նայած: Ասոր հետեւութեամբ ալ կարելի է ըսել, որ Դաշնակցութեան քաղաքականօրէն դէմ արտայայտուողներու թիւը թերեւս աւելցած է եւ աւելի բարձր ու համարձակ կը հնչէ այս օրերուն: Սակայն, դեռեւս այն համոզումին չեմ, որ հակադաշնակցական պայքարի բնոյթով պէտք է ներակայացնել այս աքթիւիզմը: Անշուշտ, միամիտ ալ չեմ. հակադաշնակցականներ ամէնուրեք կան, անոնց դասականներէն մինչեւ նորելուկները: Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողներ միշտ կան: Ասոնցմէ ոմանց համար, կարծէք մազոշիստական հաճոյք էր իմ նախկին յօդուածը «ի բերանոյ քումէ» վերտառութեամբ իրենց թերթերուն մէջ արտատպելը: Թող անոնք ալ այդպէս ուրախանան, իրենց խելքին հասածին չափով: Բայց այս օրերու «հակադաշնակցական աքթիւիզմը» անպայմանօրէն այս վերջիններուն հետ միախառնելու եւ նոյն նժարին վրայ դնելու գիտակից կամ անգիտակից մօտեցումը ոչ միայն համոզիչ չէ, այլեւ բազմաթիւ մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ:

Տասնամեակներ շարունակ հակադաշնակցական պայքար համարած ենք Դաշնակցութեան ազգային-կուսակցական գաղափարօսութեան դէմ պայքարողներու դիրքը: Հակադաշնակցական համարած ենք այս կուսակցութեան պատմական արժէքը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ի սպաս անոր աւելի քան հարիւրամեայ պանծալի ծառայութիւնը հետեւողական քինախնդրութեամբ մերժողներու եւ ուրացողներու վարքագիծը: Այսպէս էր մեր ըմբռնումը հակադաշնակցական պայքարին դեռ սովետի ժամանակներէն, երբ սուր պայքար կար մեր կուսակցութեան հաւատամքին, գաղափարախօսութեան եւ անոր պատմական արժէքային համակարգին դէմ, մեր ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառաներուն մէջ: Այլ խօսքով Հակադաշնակցական պայքարը Դաշնակցութեան ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ պայքար էր եւ տակաւին է եւ այս ըմբռնումի սահմաններուն մէջ պահած էինք զայն ամբողջ տասնամեակներ:

Չեմ գիտեր ինչէ թելադրուած, այս ըմբռնումի սահմաններէն դուրս գալու երեւոյթ մը կայ Դաշնակցական մամուլին մէջ: Եթէ մէկ կողմ դնենք ցանցերու վրայ մերթ ընդ մերթ երեւցող ձաբռտուքները, Դաշնակցութեան վարած հայաստանեան քաղաքականութեան, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու կեցուածքներուն կամ տեսակէտներուն նկատմամբ որեւէ քննադատական խօսք կամ անհամաձայնութիւն յայտնողները անմիջապէս հակադաշնակցական համարելու եւ հակադաշնակցական պայքարի շրջանակին մէջ տեղադրելու մարմաջ մը կայ շարք մը յօդուածագիրներու մօտ: Ոմանք մինչեւ իսկ հակադաշնակցական գրոհ կը տեսնեն նման առիթներու մէջ, առանց վայրկեան մը մտածելու, որ Հայաստանի մէջ իբրեւ հասարակական քաղաքական կուսակցութիւն գործող Դաշնակցութիւնը եւ անոր մարմիններն ու ղեկավարները ինչ որ տեղ եւ ինչ որ չափով հաշուետու են նաեւ երկրի ժողովուրդին եւ այս դրուածքին մէջ պարզ է որ ըլլան միտքերու եւ տեսակէտներու բախումներ հասարակութեան եւ կուսակցութեան միջեւ: Քաղաքական կուսակցութեան մը եւ հասարակութեան միջեւ նման բախումներ առողջ են ու շահեկան, երբ, վերջիվերջոյ, փոխըմբռնումի եւ իրար հասկացողութեան կ՛առաջնորդեն: Իսկ քանդիչ կ՛ըլլան երբ «հակա»ներու աջ ու ձախ տեղատարափով սկսին ու աւարտին:

Պէտք է հասկնալ, որ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը Հանրապետական կուսակցութեան հետ քննադատող Հայաստանի քաղաքացին չի նշանակեր որ Հակադաշնակցական է, չի նշանակեր որ Դաշնակցութեան ծրագիրին ու գաղափարախօսութեան դէմ է, ոչ ալ կը նշանակէ որ ընդհանրապէս անոր ներկայի գործն ու պատմական հարուստ անցեալը արժեզրկողն է:

Թող ներողամիտ ըլլան իմ ընկերները, եթէ հարց տամ, թէ Դաշնակցութիւնը արդեօք քաղաքական ընդդիմախօսներ ունի, թէ բոլոր քննադատողներն ու տարբեր գնահատումներ ունեցողները էութեամբ հակադաշնակցականներ են առանց բացառութեան: Կ՛ըսեմ առանց բացառութեան, որովհետեւ «քաղաքական ընդդիմախօս» բառերը կարծէք դուրս հանուած ըլլան այս օրերուն դաշնակցական քաղաքական մտածողութեան բառապաշարէն:

Դաշնակցական քաղաքական միտքն ու անոր գրիչը պէտք է գիտնայ զանազանել հակադաշնակցականը քաղաքական ընդդիմախօսէն: Նոյնը չեն այս եզրերն ու հասկացողութիւնները, որոնք կարծէք հոմանիշ դարձած ըլլան ոմանց մօտ:

Ամէն քայլափոխի Դաշնակցութեան հանդէպ ժխտական արտայայտուողին Հակադաշնակցական պիտակին արժանացնել թերեւս հաճելի թուի կուսակցական որոշ շրջանակներու համար, մենք մեր հակառակորդին արժանի տեղը նստեցուցած ըլլալու գոհունակութիւնը տալով: Այդքան միայն: Այս ռազմաշունչ «հակա»ներով սակայն կարելի չէ դրական բան կառուցել: Կարելի չէ կառուցողական դաշտ ստեղծել կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուր խորհրդարանական ընտրութիւնները մօտալուտ են եւ ուր ժողովուրդը իր վերջին խօսքը անպայման պիտի ունենայ:

asbarez.com/arm/323203/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail