22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՔԱԼԱՇՆԻՔՈՎ ԳՆԴԱՑԻՐՆԵՐ:
«Ռոյըլսիս Ինճինիրինկ) (Royalsys Engineering ltd.) ընկերութեան նախագահ Դաւիթ Գալստեան եւ «Քալաշնիքով» ընկերութեան փոխտնօրէն Անտրէյ Պարիշնիքով 21 Օգոստոսին ստորագրեցին պայմանագիր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Քալաշնիքովի նոր «AK-12» եւ «AK-15» գնդացիրներու արտադրութիւն հիմնելու նպատակով:
Այս մասին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
asbarez.com/arm/323195/