22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 –
ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 21ին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի ցուցադրեց երկրին արտադրած առաջին «100 տոկոս տեղական» ռազմական օդանաւը՝ «Քովսար»ը, նոյն ժամանակ շեշտելով, որ երկրին ռազմական արտադրութեանց գլխաւոր նպատակն է դէմ դնել թշնամիներուն սպառնալիքներուն։
Ռոհանի նաեւ յայտարարեց, որ կը քննուի Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի հետ ռազմական օդանաւ մը արտադրելու հաւանականութիւնը:
Ռոհանի շեշտեց, թէ երկիրը նուազ ծախսերով առաւել արդիւնաւէտ զէնքեր կրնայ արտադրել՝ վստահեցնելով, որ Իրան այդ ուղղութեամբ արդէն իսկ զգալի յառաջդիմութիւն ապահոված է:
Այս առիթով, ան դարձեալ քննադատեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ դէմ կիրառուած պատժամիջոցները՝ աւելցնելով, որ Իրան կողմ է դրացի երկիրներու միջեւ աւելի սերտ համագործակցութեան:
asbarez.com/arm/323330/