Դաստիարակենք մեր զաւակները Հայկական բարքերով եւ այդ ժամանակ կարիք չենք ունենար մեղադրելու Եւրոպայի
Եւրոպան եւ Միասեռականները;
Մենք չենք հանդուրժէր եւրոպական Բարքերը;
Մենք դէմ ենք Եւրոպական մշակոյթին;
Եւրոպան Պոռնիկ է;
Եւրոպան ազգութիւն չի ճանչնար;
Եւրոպան Քրիստոնէութեան հակառակ է;
Թուհհհ՜ Եւրոպային․․․
Յարգելի Եղբայր, Քոյր, Հոգեղբայր եւ այլք միթէ՞ Եւրոպան պիտի դատել միայն իր միասեռականներով․
Միթէ այն բոլորը որոնք կը գործակցին Եւրոպայի հետ եւ կուզէն որ Հայաստանը որոշ օրինակներ վերցնէ մանաւանդ մշակութային եւ քաղաքակրթական իմաստով, միթէ՞ այդ բոլորը կը քաջալերէն միասեռականութիւնը․․․
Միթէ՞ ամբողջ Եւրոպայի մէջ բացի միասեռականութենէ ուրիշ բան չկայ ընդօրինակելու․․․
Ամէն տուն կը բաղկանայ զանազան սենեակներէ, ննջասենեակ, առօրեայ սենեակ, խոհանոց, հիւրանոց եւ արտաքնոց, եթէ երթանք տուն մը միթէ՞ միայն պիտի տեսնենք արտաքնոցը եւ ըսենք այդ ինչ աղտոտ տուն է, մէջը կեղտոտելու տեղ կայ․․․
Միթէ՞ Ֆինլանտական կրթական ծրագիրը այդքան վատ է ընդօրինակման․
Միթէ՞ փողոցային մաքրութիւնը Եւրոպայի նման է Հայկականին․
Միթէ՞ ժամադրութիւն յարգելը վատ սովորոյթ է․
Միթէ՞ թեթեւ եւ հարմար հագուելը այդքան տգեղ է․
Միթէ՞ այցելութենէ առաջ զանգահարելը լաւ չէ․
Միթէ՞ Հաշմանդամներու եւ Ի ծնէ արատով երեխաներու միջավայրի մէջ գոյութիւնը ամօթ է․
Միթէ՞ Դպրոցական ծրագրի մէջ սեռական դաստիարակութիւնը յոռի երեւոյթ է․
եւ այսպէս շատ եւ շատ օրինակներ սակայն մենք բռնած ենք պոչը միասեռականութեան եւ կըսենք Մահ Եւրոպային, մենք մեր զաւակները չենք ուզեր այսպէս ըլլան, այնպէս ըլլան․․․
Դաստիարակենք մեր զաւակները Հայկական բարքերով եւ այդ ժամանակ կարիք չենք ունենար մեղադրելու Եւրոպայի կամ այլ երկիրներու մշակոյթները․
Վերցնենք քաղաքակիրթ աշխարհէն ինչ որ մեզի պէտք է, ըլլայ այդ Եւրոպայէն կամ թէկուզ յետամնաց տասներեքերորդական երկրէ մը․․․
Բարեւս տուի անցայ գնացի
Զարեհ Եահնիեան