Համառոտ տեղականք Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ձեւավորման իրաւական-քաղաքական հիմքերու մասին
Արեւմտեան Հայաստանի վերածնունդի իրականացման գաղափարը, որպէս պետութիւն, յառաջացաւ 1990-թուականներու սկզբնաւորութեան, արցախի պաշտպաններուն մէջ:
Վերածնունդի եւ վերականգման գաղափարի գլխաւոր ոգեշնչողներէն էր ազատագրական բանակի հիմնադիր Լեոնիդ Ազգալդեանը,(23-11-1942 Թիֆլիս 21- 06-1992 մարտակերտ):
Գաղափարը արձագանգ գտաւ մարտիկներէն ու մտաւորականներէն շատերու մօտ, որոնք պատերազմէն առաջ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր հայրենակցական եւ հայրենասիրական միութիւններու անդամներ էին:
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան՝ որպէս պետութեան վերականգնումի հիմք հանդիսացաւ այն փաստը, որ ան անխզելի շարունակուող պետութիւնն է Հայաստան պետութեան՝ 1920-ական թուկաններուն ճանցուած մի շարք միջազգային փաստաթուղթերու հիման վրայ:
Ռուսաստանի Կարավարութեան Դեկրետ-ի (Ժողովուրդական Կոմիսարներու Խորհուրդ) «Թուրքահայաստանի մասին» («Արեւմտեան Հայաստանի մասին»), 11 յունուար 1918 թուականին,
դաշնակից տերութիւններու գերագոյն խորհուրդի կողմէ տը ֆակտո (de facto) Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչման, փարիզ, 11 մայիս 1920 թ,
դաշնակից տերութիւններու գերագոյն խորհուրդի կողմէ տը իւրէ (de jure) Հայաստան պետութեան անկախութեան ճանաչման, փարիզ, 11 մայիս 1920 թ,
Կիլիկիայի հայերու ընդունած «Կիլիկիայի անկախութեան մասին» Հռչակագիրի, 4 օգոստոս 1920 թ,
Սեւրի խաղաղութեան պայմանագիրի, 10 օգոստոս 1920 թ,
ԱՄՆ 28-րդ Նախագահ Վուտրո Վիլսոնի կայացուցած Իրաւարաւ վճիռը, որու ամբողջական անուանումն է՝ «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի որոշումը Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի դեպի ծով ելքի եւ հայկական սահմանին հարակից թուրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ», 22 նոյեմբեր 1920 թ,:
Արցախեան պատերազմի աւարտէն հետոյ հայրենասերներն աշխատանքներ տարին ստեղծելու հիմքեր, համախմբելու ու կազմակերպելու համար Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն, աշխարհի տարբեր մասերի մէջ ապրող բռնագաղթուած ու ցեղասպանութէնէ վերապրած հայերու ժառանգներուն: Այսպէս ստեղծուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ազգային խորհուրդը, որը 2004 թուականի դեկտեմբեր 17-ին Շուշիի մէջ ընդունեց « Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնորոշման իրաւունքի մասին» հռչակագիրը եւ փետրուար 4-ին Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան ձեւավորումի մասին հռչակագիրը:
Հետագային, ՄԱԿ-ի 13-09-2007 թուականի «Բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին» հռչակագիրի հիման վրայ, ստեղծուած է Արեւմտեան Հայաստանի հայերու ինքնութեան եւ քաղաքացիութեան համակարգը, որու հիմքի վրայ ձեւավորուած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան (Հայաստան Պետութեան) իրաւական- քաղաքական եւ պետական կարոյցները: Համաձայն Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 21-րդ յօդուածի, սկսած 2013 թուականէն, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը (Հայաստան Պետութիւն) կը ձեւավորէ իշխանութեան օղակները՝ Ազգային Ժողովը (Խորհրդարան), Կառավարութիւնը եւ Նախագահի համակարգը: 2013 թուականի նոյեմբերին- առաջին անգամ, համացանցի մէջ, ելեկտրոնային ուղղակի քուէարկութեան միջոցով, տեղի կունենան Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի պատգամաւորներու ընտրութիւններ: Ընտրութիւններուն կը մասնակցին 41 երկիրներէ, կ՝ընտրուին 64 պատգամաւորներ:
Ներկայիս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը Ռատիկ Խամոյեանն է, վարչապետը՝ Տիգրան Փաշաբեզեանը, Ազգային Ժողովի (Խորհրդարան) նախագահը՝ Արմէն Տէր-Սարգիսեան:
Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Ժողովի (Խորհրդարան) Մամլոյ ծառայութիւն
11.08.2018