“ԵՈՒՆԵՍՔՕ”-ն Հայոց Լեզուի` Համշէնի Բարբառն Ընդգրկած Է «Անհետացման Վտանգի Տակ Գտնուող Լեզուներուն Մէջ. Համշէնահայ Ճեմիլ Աքսուի Մեկնաբանութիւնը «Ակօս»-ին

22 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԷՐԿԻՐ – ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ :

“ԵՈՒՆԵՍՔՕ”-ն վերջերս հայոց լեզուի` Համշէնի բարբառը վերստին ներառեց «Անհետացման վտանգի տակ գտնուող» լեզուներու շարքին: Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հրապարակած ցանկին` Թուրքիոյ մէջ նման վտանգի տակ կը գտնուին 18 լեզուներ:

Այդ առնչութեամբ այժմեան Թուրքիոյ Արթուին նահանգի Խոփա գաւառին մէջ բնակող համշէնահայ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուն մեկնաբանութիւն տուած է պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին:

Ըստ “Ակունք”-ի` Աքսուն մասնաւորապէս ըսած է. «Ներկայիս իրենց համշէնցի համարողներու բնակավայրեր կան Թուրքիոյ Արեւելասեւծովեան շրջանի Արթուին, Ռիզէ, Տրապիզոն նահանգներու բազմաթիւ գաւառներու մէջ, ինչպէս նաեւ` Էրզրում, Տիւզճէ եւ Սաքարիա նահանգներուն մէջ: Ընդհանրապէս, կը համարուի, որ Թուրքիոյ մէջ բնակող համշէնցիները աշխարհագրօրէն կը բաժնուին երկու հիմնական խումբի` արեւելեան եւ արեւմտեան: Արեւելեան Համշէնը կազմուած է Արթուինի Խոփա եւ Պորչկա գաւառներուն մէջ բնակողներէ, ինչպէս նաեւ` յիշեալ գաւառներէն Սաքարիայի Քոջաալի, Քարասու եւ Տիւզճէի Աքչաքոջա բնակավայրեր գաղթած համշէնցիներէ: Արեւմտեան Համշէնը կ՛ընդգրկէ Ռիզէ նահանգի Չամլըհեմշին, Հէմշին, Փազար, Իքիզտերէ, Չայելի, Արտեշէն եւ Ֆընտըքլը գաւառները եւ Տրապիզոնի Արաքլը գաւառը, Էրզրումի Սպերը, Ուզունդերէն, Թորթումը եւ Նարման: Կ՛ենթադրուի, որ այդ աշխարհագրական բաժանումը միեւնոյն ժամանակ ունի լեզուական առումով մշակութային տարբերութիւն: Այն պարագային, երբ Արեւմտեան Համշէնի մէջ կը խօսին թրքերէն, արեւելեան խումբի համշէնցիները երկու լեզուով կը խօսին` թրքերէն եւ հոմշէցնակ-համշէնահայերէն կոչուող արեւմտահայերէն»:

yerakouyn.com/2018/08/22/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail