Գերմանիոյ եւ Հայաստանի 26-ամեայ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններուն Մէջ Գերմանիոյ Վարչապետին Այցը Աննախադէպ է

24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Օգոստոս 24-25-ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992-ի Յունուարին: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր հայկական կողմը 26 պաշտօնական այց կատարած է Գերմանիա` նախագահի, վարչապետի եւ ԱԳ նախարարի մակարդակով: 1995-էն պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Գերմանիոյ պաշտօնեաներու մէջ վարչապետին այցը իր տեսակով աննախադէպ է: Մինչ այս, այցեր եղած են Պունտեսթակի նախագահի, փոխվարչապետի եւ ԱԳ դաշնային նախարարի մակարդակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան միջեւ, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր, կնքուած է տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ առեւտրային ոլորտի 45 համաձայնագիր: Կազմուած է 4 արձանագրութիւն, կնքուած` տարբեր ոլորտներու մէջհամագործակցութեան 5 յուշագիր:

Երկու երկիրները երկու անգամ հանդէս եկած են համատեղ յայտարարութիւններով: Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան կառավարութիւններու միջեւ 26 տարիներու ընթացքին ստորագրուած է 4 յայտագիր:

Հայաստանէն Գերմանիա արտահանուած ապրանքաշրջանառութեան ծաւալը 2017-ին կազած է 132 483.5 հազար տոլար, իսկ ներմուծումը` (ըստ ապրանքի ծագման երկրի) 206 523.3 հազար տոլար:

2005-ի Յունիս 15-ին Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշում ընդունած է: 2015-ի Ապրիլ 23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուք, իսկ 2016-ի Յունիս 2-ին Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը:

Մերքելի պաշտօնական այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ: Հայաստանի եւ Գերմանիոյի վարչապետները բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամուլի ասուլիսով:

Այցելութեան ծիրէն ներս Մերքել հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ:

Գերմանիոյ վարչապետը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

yerakouyn.com/2018/08/24/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail