Թրքական Պահանջները Առաւել Բարդացուցած Են Կացութիւնը

24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Ա.Ա.

Տնտեսաքաղաքական շահերու բախման բաւական ցայտուն սենարիօ մըն է Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա տագնապը, որ բնականաբար ունի մէկէ աւելի ծալքեր, մանաւանդ եթէ մեր ընթերցողները ի մտի ունենան Սուրիոյ մէջ Տաhէշի եւ իսլամական ծայրայեղական տարբեր հատուածներու դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մէջ, Թուրքիոյ վստահուած դերակատարութիւնը։

Մինչ թուրքեւամերիկեան տարակարծութիւնները կը յամենան, իսկ թրքական լիրան՝ թէեւ ոչ անցեալ շաբաթներու կշռոյթով, կը շարունակէ արժեզրկուիլ, նոր տուեալներու բացայայտումը առաւել լոյս սփռեց տագնապին տուն տուող պատճառներուն վրայ։ Նախ յստակացաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Էրտողանի հետ պայմանաւորուած է՝ կրօնական Էնտրիւ Պրանսընի ազատ արձակման դիմաց միջնորդել Իսրայէլի իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի ազատ արձակեն Թուրքիոյ քաղաքացի դերասանուհի Էպրու Օզքանը։ Ան Իսրայէլէն Թուրքիա վերադարձին ձերբակալուած էր՝ Համասի հետ գործակցելու յանցանքով։

Հարցը այն է, թէ Թրամփ չափազանց զայրացած է, որովհետեւ իսկապէս միջնորդած է իսրայէլացիներուն մօտ, որոնք ազատ արձակած են դերասանուհին։Լաչակաւոր Օզքան ապա Թուրքիա վերադարձած է՝ ողջ եւ առողջ։Եւ ահա թուրքերը՝ փոխանակ այս միջնորդութեան դիմաց՝ Պրանսընը ազատ արձակելու, նոր պայմաններ դրած են՝ պահանջելով, որ ամերիկեան արդարադատութիւնը փակէ Թուրքիոյ պետական մեծագոյն դրամատան՝ Հալքպանքի դատական թղթածրարը, ուր միլիառաւոր տոլարի տուգանք նախատեսուած է, որովհետեւ դրամատունը՝ անսալով թուրք պաշտօնատարներու հրահանգներուն, Իրանի օժանդակած է, որպէսզի կարենայ ամերիկեան տոլար ձեռք ձգել եւ ոսկիի վաճառք կատարել։ Այս խնդրին դերակատարները այդ օրերու վարչապետ Էրտողանի կառավարութեան նախարարներ են։

Թրամփի համբերութիւնը հատած է, երբ իմացած է, որ էրտողան այս անգամ նոր պահանջ ունի։ Եւ ահա առանց երկմտանքի՝ ստորագրած է Թուրքիոյ դէմ տնտեսական որոշ պատժամիջոցներու հրամանագիրը, Միացեալ Նահանգներ- Թուրքիա տագնապը պայթեցնելով։

Այս զարգացումներուն զուգահեռ՝ բաւական ուշագրաւ եղաւ նաեւ եւրոպացիներուն հակազդեցութիւնը։ Մինչ առաջին օրերուն ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ յատկապէս Ֆրանսա եւ Գերմանիա օժանդակութեան ձեռք պիտի երկարեն Թուրքիոյ նախագահին՝ զայն մետասաներորդ պահուն տագնապէն դուրս բերելով, գերմանացիները պաղ ջուր լեցուցին Էրտողանի գլխուն, երբ Եւրոպական Միութեան պիւտճէական հարցերով յանձնակատար գերմանացի Կունթըր Օթինկըր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ դրամական օժանդակութիւնը ոչ թէ Գերմանիայէն կամ Եւրոպական Միութենէն, այլ Դրամական Միջազգային Ֆոնտէն պէտք է հասնի։ «Թուրքիոյ օժանդակելը Գերմանիոյ պարտականութիւնը չէ», շեշտեց ան։

Գերմանիոյ Քրիստոնեայ Դեմոկրատ Միութեան ընդհանուր քարտուղար Աննէկրէթ Քրամփ Քարընպէօր աւելի առաջ գնաց։ Ան հաստատեց, որ կուսակցութեան ղեկավար մարմինին ժողովին ընթացքին Անժելա Մերքէլ համոզում յայտնած է, որ Թուրքիոյ դրամական օժանդակութիւն կատարելը ներկայ հանգրուանին նպատակայարմար չէ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի այս տագնապին ամէնէն մտահոգիչ երեսին՝ Սուրիոյ մէջ Տահէշի դէմ յայտարարուած պատերազմին ընթացքին թուրքեւամերիկեան զինուորական գործակցութեան, ապա Փենթակոն աճապարեց իր զօրավարներէն մէկուն՝ Ռոպ Մաննինկի բերնով հաստատելու, թէ Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը ընդհատելու ոչ մէկ միտում կայ։Ասիկա կը նշանակէ, որ քաղաքական տագնապը կրնայ յամենալ, սակայն Տաէշի դէմ մղուած պայքարին մէջ թուրքեւամերիկեան գործակցութիւնը պիտի շարունակուի, որովհետեւ երկու պետութիւններուն շահերը ատիկա կը պահանջեն։

Կը մնայ սպասել, թէ ինչ աւարտ պիտի ունենայ այս տագնապը, որուն լուծման պատկերացումը շատ յստակ է ամերիկացիներուն համար, ինչպէս յայտարարեց ազգային ապահովութեան հարցերով Թրամփի խորհրդական Ճոն Պոլթըն։ «Թուրքերը շատ արագ կրնան տագնապին վերջ տալ, եթէ Պրանսընը ազատ արձակեն առանց նախապայմաններու», յայտարարեց ան Իսրայէլ կատարած իր այցելութեան ընթացքին։

yerakouyn.com/2018/08/24/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail