24 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութիւնը կը շիկանայ, Թուրքիոյ անխելք նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չիհասկնար, որ շարունակելով կեղծ մեղադրանքներով պահել ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը, մեծ հարուած կը հասցնէ Թուրքիոյտնտեսութեան եւ անոր՝ ՆԱԹՕի անդամակցութեան հարցին:
Խելամիտ այլ թուրք ղեկավար մը շատոնց ազատ արձակած կ՛ըլլար պատուելիՊրանսընը եւ կը պահպանէր ռազմական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու հետ։
Թէեւ թրքական կառավարութիւնը տարիներ շարունակ միլիոնաւոր տոլարներ կը վճարէ ամերիկեան լոպիիստական եւ հանրային յարաբերութիւններու (PR) ընկերութիւններուն, այսուհանդերձ անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ պաշտպանել Թուրքիոյ հեղինակութիւնը Էրտողանի անխոհեմ վարքագիծին դէմ:
Ամէն անգամ, երբ Էրտողան կը բանայ իր բերանը կամ անմիտ քայլ մը կ՛առնէ, ան աւելիով կը վնասէ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն այլ երկիրներու հետ, յիշեցնելով աշխարհին եւ ամրապնդելով՝ վաղուց հաստատուած «բարբարոս թուրքի» կերպարը։
Ահա բացասական հանրային յարաբերութեան օրինակ մը, զոր Էրտողան յառաջացուցած է ամերիկեան լրատուական միջոցներու ծիրին մէջ, իր սեփական երկրին դէմ: Լիզա «Քենետի» Մոնթկոմըրի՝ «Ֆաքս» ընկերութեան առեւտրական պատկերասփիւռի կայանին մէջ, որ նախագահ Թրամփի սիրած ալիքն է, 18 Օգոստոսին կործանիչ յարձակում գործեց նախագահ Էրտողանի վրայ: Անոր մեկնաբանութիւնները դիտող միլիոնաւոր ամերիկացիներէն բացի, 662 հազար այլ մարդիկ եւս դիտեցին զայն «Ֆէյսպուք»ի վրայ եւ շատ ուրիշներ՝ «Թուիթըր»ի: Քենետի նոյնիսկ յիշատակեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ Թուրքիայէն վրէժ լուծելու միջոց։
«Ինչպէ՞ս կ՛անարգեմ քեզ, Էրտողա՛ն: Հաշուեմ միջոցները: Թուրքիոյ նախագահը իր երկիրը կը դնէ դիւանագիտական ողբալի վիճակի մէջ, մերժելով ազատ արձակել ամերիկացի պատուելին՝ մեղադրելով զայն «ահաբեկչութեամբ»: Կեղծ յանցանքը անհիմն բան է հոտած թրքական լոխումին նման. թէեւ Էրտողան իր իշխանութիւնը կեդրոնացուցած է կեղծ ընտրութիւններու, լրագրողներու բանտարկութեան եւ մտաւորականներու մաքրագործման վրայ, սակայն ան չէր սպասեր, որ կրնայ ուժեղ այլ մարդ մը զինք տապալել:
Մեր նախագահը զզուած է Թուրքիոյ վիրաւորական յայտարարութիւններէն, եւ դատարկ խօսքերու փոխարէն՝ նախագահ Թրամփ ելեկտրոնային հուժկու ապտակ մը հասցուց Էրտողանին՝ գրառում կատարելով «Թուիթեր»ի վրայ. «Ես տակաւին նոր դասաւորում մը կատարեցի՝ կրկնապատկելու պողպատի եւ ալիւմինիումի հարկերը Թուրքիոյ նկատմամբ, որովհետեւ անոր դրամը՝ թրքական լիրան, սրընթաց անկում կ՛ապրի մեր ուժեղ տոլարին դիմաց..: Ալիւմինիումի հարկը այժմ կը դառնայ 20 տոկոս, իսկ պողպատինը՝ 50 տոկոս: Մեր յարաբերութիւնները ներկայիս լաւ չեն Թուրքիոյ հետ…»։
Քենետի շարունակեց իր քննադատութիւնը՝ ըսելով. «Անոնք (Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները) ե՞րբ լաւ եղած են: Թրքական կառավարութիւնը խայտառակութիւն է, եւ նախորդ վարչակազմերը կա՛մ գրկած են զանոնք, կա՛մ ձեռքերը ծալած՝ նստած, երբ հիւրընկալ գորգ փռած են եւ դռները բացած «Այսիսի»ի (ՏԱԷՇի) առջեւ, անընդհատ մտերմանալով Ռուսիոյ հետ: Ասիկա մեր ռազմավարական գործընկերը չէ: Ասիկա կաշառակեր, մարդասպան վարչակարգ է, զոր պէտք է դուրս շպրտել ՆԱԹՕէն՝ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման համար, դեռ չխօսինք ռուսերուն յետոյքը համբուրելուն մասին. անոնք իբր թէ տարածաշրջանի ամէնէն մեծ սպառնալիքն են: Այժմ, անշուշտ, եղած են փոխադարձ սպառնալիքներ: Հիմա Էրտողան կ՛ըսէ, որ «ԱյՖոն»ը դուրս կը նետէ շուկայէն, կարծես թէ մարդիկ հոն կրնան այդ բջիջայինը օգտագործել ուժերը համախմբելու, իրենք զիրենք հարստացնելու եւ ազատութիւն փնտռելու համար մարդասպան ռեժիմէն, որ կը փափաքի համընդհանուր վերահսկողութիւն, եւ կ՛ուզէ տապալել համաշխարհային տնտեսութիւնը՝ ապացուցելու համար մանկական դիրքորոշում մը…:
Եւ մինչ մենք ասոր մէջ ենք, եւ մինչ նախագահը (Թրամփ) զայրացած է, եթէ ան իրապէս կը փափաքի իր նոր գործընկերը՝ Քիմ Քարտաշեանը երջանկացնել, ան պէտք է պաշտօնապէս, կրկին եւ վերջնականապէս ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ ոչ թէ «հարց» է կամ «ցաւալի իրադարձութիւններու շարք», այլ սառնասիրտ սպանդ 1.5 միլիոն մարդոց, որոնց յիշողութիւնը չի ջնջուիր նափոլէոնեան ոեւէ տխմարի մը կողմէ: Ազատ արձակէ պատուելի Էնտրու Պրանսընը, նախագա՛հ Էրտողան, եւ վախցիր (նախագահ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Ռ. Պոլթընի) պեխերէն, որովհետեւ Պոլթըն ռազմատենչ է: Ուրեմն, յանուն աշխարհի խաղաղութեան, համակերպէ եւ ձայնդ կտրէ, որպէսզի չկործանիս…»։
Իրավիճակը աւելի բարդացնելով՝ 17 Օգոստոսին, Էրտողանի մասին Թրամփ յայտարարեց ամերիկացի լրագրողներուն. «Թուրքիա խնդիր եղած է երկար ատեն: Անոնք բարեկամի պէս չեն վարուած: Մենք կը տեսնենք, թէ ինչ կ՛ըլլայ: Անոնք հիանալի քրիստոնեայ հովիւ ունին: Պատուելի Պրանսըն հրաշալի մարդ է: Անոնք յառաջ մղեցին այդ կեղծ մեղադրանքը, իբր թէ ան լրտես է, իսկ ան լրտես չէ: Հիմա ան կը դատուի, եթէ այդ մէկը կ՛անուանէք «դատավարութիւն»: Անոնք պէտք է շատոնց վերադարձուցած ըլլային զայն: Եւ, իմ կարծիքով, Թուրքիա շատ, շատ վատ վարուած է: Այնպէս որ, այս հարցը դեռ չէ աւարտած: Մենք չենք պատրաստուիր ձեռքերնիս ծալած նստելու: Անոնք չեն կրնար բռնել մեր մարդիկը: Ուրեմն, կը տեսնէք, թէ ինչ կ՛ըլլայ…»։
Մինչ հայերը չափազանց տպաւորուած են Թրամփի սպառնական խօսքերէն, անոնք պէտք է յիշեն, որ հակառակ Թուրքիոյ հակաամերիկեան եւ հականաթոյական տասնեակ տարիներու քաղաքականութեան, Արեւմուտքը կը շարունակէր գովաբանել Թուրքիոյ ղեկավարները:
Արեւմուտքի մէջ ոչ ոք կրցաւ Թուրքիան իր տեղը դնել: Եթէ վաղը, անկանխատեսելի Էրտողան ազատ արձակէ պատուելի Պրանսընը, ես կը վախնամ, որ Թրամփ կը սկսի գովաբանելու Էրտողանը այնպէս, ինչպէս՝ Հիւսիսային Քորէայի Քիմ Ճան Եունի եւ Ռուսիոյ Վլատիմիր Փութինի պարագային…
Նախագահ Թրամփ պէտք չէ մոռնայ, որ պատուելի Պրանսընը պահելէն բացի, Թուրքիա 1974ին ներխուժած եւ գրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը, իրաքեան պատերազմին ընթացքին արգիլած է ամերիկեան զօրքերու անցքը Թուրքիայէն Հիւսիսային Իրաք, Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յարձակած է Միացեալ Նահանգներու դաշնակից քիւրտերու վրայ, կը պատրաստուի գնել ռուսական S-400 հրթիռներու համակարգը՝ հակառակ ՆԱԹՕի դիտողութեան, օգնած է շրջանցել Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցները եւ աջակցած է ՏԱԷՇի ահաբեկիչներուն՝ Թուրքիայէն Սուրիա մուտք գործելու պահուն։
Նոյնիսկ եթէ պատուելի Պրանսընը ազատ արձակուի, պէտք չէ ներել Թուրքիան՝ իր բազմաթիւ սխալներուն համար: Այնպէս, ինչպէս վերջերս առաջարկած էին շարք մը վերլուծաբաններ՝ պէտք է Թուրքիան անմիջապէս դուրս շպրտել ՆԱԹՕէն։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Asbarez.com
akunq.net/am/?p=61703