«Մոսկուա Սուրիայէն Իրանի Հեռացումը Կը Նկատէ Անիրագործելի» Կ՛ըսէ Պոլթըն

25 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ Հելսինքիի վեհաժողովի ընթացքին գոյացած փոխըմբռնումներու քննարկման համար Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հիւլէական զէնքի տարածման արգիլման, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերուն մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, սակայն ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեան հարցով համաձայնութիւն չէ գոյացած:

«Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն հարցին չանդրադարձանք, սակայն երկարատեւ քննարկում կատարեցինք Սուրիայէն իրանեան ուժերու հեռացման հարցին ու վերահաստատեցինք անոնց հեռացման մեր պահանջը, բան մը, որ Մոսկուան կը նկատէ անիրագործելի», ըսաւ Պոլթըն:

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատուն նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կը մերժէ «2018-ի (ամերիկեան) ընտրութիւններուն ռուսական որեւէ միջամտութիւն»:

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Փաթրուշեւ իր կարգին յայտնեց. «Քննարկուեցան հիւլէական զէնք եւ հրթիռային ճարտարագիտութիւն չտարածելու, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Քորէային եւ Իրանին վերաբերող հարցերը, ռազմավարական կայունութեան ապահովումը, սպառազինութիււններու վերահսկման խնդիրները»:

Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերէն բացի Պոլթընի հետ քննարկած է Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրավիճակը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ եւ անոր հետ քննարկած Սուրիոյ կացութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է սկսին իրենց ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու, նախքան Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը իրանեան ուժերու հեռացման կապելը:

Զախարովա հարց տուաւ, թէ ամերիկեան ուժերը ի՞նչ նպատակով, ի՞նչ հիմամբ եւ որո՞ւն հետ համաձայնաբար կը գտնուին Սուրիա` ընդգծելով, որ այդ ներկայութիւնը «օրէնքի ծիրէն դուրս է»:

Նշենք, որ ըստ տեղեկութեանց, Փոմփէօ Լաւրովի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ որեւէ ռուսական զինուորական գործողութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւնը յայտնած է:

aztagdaily.com/archives/406105

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail