25 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքել ժամանեց Երեւան: Մերքելին օդակայանին մէջ դիմաւորեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Այցի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ: Հայաստանի եւ Գերմանիոյ վարչապետները բանակցութիւններու արդիւնքները պիտի ամփոփեն համատեղ մամուլի ասուլիսով:
Այցելութեան ծիրէն ներս Մերքել հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ, պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն:
yerakouyn.com/2018/08/24/