25 ՕԳՈՍՏՈՍ 2018 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, թէ թրքական լիրայի փոխարժէքը պիտի վերականգնի միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ազատ արձակէ կալանքի տակ գտնուող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը:
«Եթէ Պրանսըն ազատ արձակուի առանց նախապայմանի` ճգնաժամը անմիջապէս կը կարգաւորուի», ըսած է Պոլթըն:
Յիշեցնենք, որ Անգարա Պրանսընը կը մեղադրէ իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի հետ կապ ունենալու յանցանքով, սակայն պատուելին այդ մեղադրանքը կը հերքէ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք թուրք-ամերիկեան լարուածութեան լոյսին տակ կարելի՞ է Թուրքիան ժամանակաւորապէս հեռացնել ՕԹԱՆ-ի շարքերէն` Պոլթըն ըսած է, թէ ներկայ պահուն այդպիսի բանի մասին խօսք իսկ չի կրնար ըլլալ:
aztagdaily.com/archives/406104